Եկեղեցական Գիտելիքներ Դ. Շաբաթ Քառասնորդաց. Տնտեսի շաբաթ (8 _15 Մարտ 2026)
Ան կ՛ուզէ որ իրեն հետեւող անձերը նոյնքան ճարպիկ գտնուին հոգեւոր կեանքի եւ բարիքներու ստացման մէջ, որքան աշխարհականները հոգ կը տանին մարմնաւոր շահերու նկատմամբ։ Մենք Յիսուսի խօսքերը կը վերլուծենք այս ուղղութեամբ։
Իսկ միեւնոյն առակի վերջաւորութեան, Յիսուս աւելի յստակ կերպով կը խօսի, առաջքը առնելու համար ամէն տեսակի շփոթութեան. Կարելի չէ երկու տէրերու ծառայել, ամէն մարդ պարտի ընտրութիւն մը ընել. Կամ Աստուած, կամ Մամմոնան, այսինքն դրամը, նիւթը, այն ինչ որ մեզ կը կապէ մարմնաւոր աշխարհի։
Սկզբունքի հարցի կը վերածուի մեր ամէն մէկ որոշումը. Որովհետեւ կեանքի ամէն մէկ վայրկեանին, ենթակայ ենք այս երկընտրանքին. Չենք կրնար միեւնոյն ատեն հաճելի ըլլալ Աստուծոյ, անոր կամքը կատարել եւ մեր սեփական հաճոյքներուն ու ցանկութիւններուն ենթարկուիլ, մեր ուզածը ընել, առանց կարեւորութիւն տալու Տիրոջ պատգամներուն ու մեզի տուած պատուիրաններուն։
Չորեքշաբթի 11 Մարտ, հայ տօնացոյցի համաձայն Միջինք է, Մեծ Պահքի կէս ժամանակաշրջանը նուաճած ըլլալուն աւետումն է, եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ՝ունենայ առաւօտեան Արեւագալիի արարողութիւն. Միջինքը խնդութեան օր է, առաւելաբար ժողովրդական համախմբումի առիթ է, կորով ու բարոյական քաջալերանք ներշնչելու հաւատացեալներուն որպէսզի հաւատացեալները նոյն ոգիով շարունակեն պահեցողութիւնը երկրորդ կիսուն եւս, մինչև պահքի լրումը կամ Ս. Զատիկը:
Կրօնական տօն մը չէ (ինչպէս ըսինք) այլ պարզապէս ժողովրդական համախմբումի առիթ մը: Աւանդաբար այդ օրը կը պատրաստուի «Գաթան» միջինքի բաղարջ հացը. անոր մէջ կը դրուի նշան մը (դրամ կամ ուլունք, և կամ՝ փոքրիկ թղթիկներու վրայ գրուած սաղմոսներ). Ընտանեկան ճաշի ընթացքին հացը կտոր _ կտոր կը բաժնուի բոլորին, և բոլորին ուշադրութիւնը կը սեւեռի օրուան բախտաւորին վրայ:
Միջինքի օրը, պահքը չի լուծուիր, այլ՝ կը պահուի նոյն խստութեամբ:
Շաբաթ օր, 14 Մարտին` կը յիշատակենք Սեբաստիոյ Քառասուն Մանուկները։ Մանուկ ըսելով կը հասկնանաք երիտասարդներ. Անոնք մաս կը կազմէին Հռոմի կայսերական բանակի լէգէոններուն եւ ամէնքն ալ հայ էին։ Իրենց քրիստոնեայ հաւատքին համար, անոնք նետուեցան ձմեռ ատեն Սեբաստիոյ սառած լճին մէջ եւ նահատակութիւնը կրեցին։ Իրենց աճիւններու գիւտը եղաւ 316 թուականին։
Կիրակի 15 Մարտը` Ե. կիրակին քառասնորդաց, ՜՜Դատաւորի՝՝ կիրակի է։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ