2026.03.15 Santo Sepolcro, Gerusalemme

Կարդինալ Փիցցապլլային եւ Հայր Ելփոյին արգիլուեցաւ Սուրբ Յարութեան Տաճար մուտքը

Աննախադէպ դէպք մը Երուսաղէմի մէջ Ծաղկազարդի օրը դարձուց աւելի ցաւալի։ Իսրայէլեան ոստիկանութիւնը արգիլեց Լատինաց Պատրիարք Կարդինալ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլային եւ Սուրբ Երկրի Պահակ Հայր Ֆրանչեսքօ Ելփոյին մուտք գործել Երուսաղէմի Սուրբ Յարութիւն Տաճարը՝ այնտեղ Սուրբ Պատարագը մատուցելու համար։

Վատիկան Նիուզ – Հայկական բաժանմունքը

Լատին Պատրիարքարանը Երուսաղէմի եւ Սուրբ Երկրի Պահակութիւնը համատեղ յայտարարութեան մը մէջ կը հաղորդեն, թէ իսրայէլեան ոստիկանութիւնը արգիլած է պատրիարք Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլային եւ Պահակ Հայր Ֆրանչեսքօ Ելփոյին մուտք գործել Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան Տաճար՝ Ծաղկազարդի Սուրբ Պատարագը մատուցելու համար։

Անտրամաբանական եւ անհամաչափ միջոցառում

Լատինաց Պատրիարքարանն ու Սուրբ Երկրի Պահակութիւնը կը նշեն, թէ մուտքի արգիլումը այն անձերուն, որոնք «կը կրեն Ամենաբարձր եկեղեցական պատասխանատուութիւնները Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Սուրբ Վայրերուն համար», կը կազմէ «յայտնապէս անտրամաբանական եւ խիստ անհամաչափ միջոցառում»։

Որոշումը կը բնորոշուի որպէս «շտապողական եւ հիմնովին սխալ, անյարիր նկատառումներով պղտորած», որ «կը ներկայացնէ ծանր հեռացում մը հիմնական սկզբունքներէն՝ ինչպէս է բանականութիւնը, կրօնական ազատութիւնը եւ Status Quo-ի յարգանքը»։

Դարերէ ի վեր առաջին անգամ 

Երկու վերոնշեալ Կղերականները զինուորներու կողմէ կանգնեցուած են ճամբուն վրայ, «մինչ կը շարժէին անհատական կերպով եւ առանց որեւէ թափօրի կամ արարողակարգային բնոյթի»։ Անոնք ստիպուած եղած են վերադառնալ։ Ասիկա «դարերէ ի վեր առաջին անգամն է», որ Եկեղեցւոյ ղեկավարներուն «արգիլուած է Ծաղկազարդի Սուրբ Պատարագը մատուցել Սուրբ Յարութեան Տաճարին մէջ» կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ որ դէպքը կը բնորոշէ ո«ծանր նախադէպ», որով կ՛ արհամարհուի «աշխարհի միլիառաւոր մարդոց զգայունութիւնը, որոնք այս շաբաթ կը հետեւին Երուսաղէմին»։

Միաժամանակ կը նշուի, թէ այս ամբողջ ժամանակաշրջանին, Եկեղեցիներու ղեկավարները միշտ յարգած են իշխանութիւններու սահմանած կանոնները եւ հակամարտութեան պատճառով պարտադրուած սահմանափակումները՝ գործելով «ամբողջ պատասխանատուութեամբ»։

Արդարեւ «Հանրային հաւաքները չեղարկուած են, մասնակցութիւնը արգիլուած է, եւ միջոցներ ձեռնարկուած են՝ տօնակատարութիւնները հեռարձակելու աշխարհի հարիւրաւոր միլիոնաւոր հաւատացեալներուն, որոնք այս Զատկական օրերուն իրենց հայեացքը կը դարձնեն Երուսաղէմի եւ Սուրբ Յարութեան Տաճարին»։

Սահամանափումները

Յայտնենք որ Ծաղկազարդի առիթով, կարդինալ Փիերպաթթիսա Փիցցապալլան պիտի առաջնորդէ խաղաղութեան աղօթք մը Երուսաղէմի Տոմինուս Ֆլեւիթ սրբավայրին մէջ, որուն աւարտին իր օրհնութիւնը պիտի շնորհէ քաղաքին։

Միջին Արեւելքի պատերազմի պատճառով սահմանափակումներուն հետեւանքով մամուլին ներկայութիւնը պիտի չթոյլատրուի (լուսաբանումը պիտի ապահովէ Reuters գործակալութիւնը), եւ պիտի չկատարուի նաեւ Ծաղկազարդի աւանդական թափօրը Ձիթենեաց լեռնէն։

Կարդինալը ընդգծած է, թէ միասին Զատիկը պատշաճ կերպով տօնել չկարենալը ցաւալի վէրք մըն է, բայց վերահաստատած է, որ աղօթքը կը շարունակուի, եւ որ նոյնիսկ պատերազմը չի կրնար ունենալ վերջին խօսքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/03/2026, 12:44