Որոնել

Dall'alba in coda per pregare davanti alle spoglie di S. Francesco

Ասսիզիի մէջ գեղեցիկ մարդկայնութիւն կայ։ Ֆրանչիսկոսի մօտ կու գան ոչ թէ զբօսաշրջութեան համար, այլ՝ հաւատքի». Հայր Ճուլիօ Չեզարէօ

Ասսիզիի Սրբավայրի հաղորդակցութեան գրասենեակի տնօրէնը՝ Վատիկանի լրատուամիջոցներուն կը նկարագրէ ուխտաւորներու դէպի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի մասունքներ շաբաթներէ ի վեր հոսքը, որոնք ի ցոյց դրուած են հանրութեան՝ անոր վախճանի 800ամեակին առիթով. «Ոչ ոք կը խօսի եւ ոչ ոք կը շեղի, այլ բոլորը կ՚ուրախանան Սուրբին հետ հանդիպումով»
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Փետրուար եւ մարտ ամիսներուն Ասսիզին աշխարհի սրտին մէջ է եւ դարձած է համաշխարհային ուխտագնացութեան կեդրոն։ Հարիւր հազարաւոր ուխտաւորներ կ՚այցելեն Ումպրիա նահանգին քաղաքը՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Ասիզացի Սուրբ Ֆրանչիսկոսին եւ տեսնելու անոր մասունքները, որոնք ցուցադրուած են անոր Վախճանի 800ամեակին եւ Սուրբին նուիրուած Յոբելենական Տարուան առթիւ։

Մարդիկ, երբ կը մտնեն նաեւ վանքին բակը, կը զգան մեծ խաղաղութիւն

«Իսկապէս գեղեցիկ պահ մըն է․ կը զգացուի, թէ Ֆրանչիսկոս կենդանի է եւ մարդիկ իրենց կը կոչէ։ Ուրախութիւն մը կայ, որ երբեմն կը դրսեւորուի արցունքներով, երբեմն ժպիտով, երբեմն ալ պարզ ուրախութեամբ։ Երբ մարդիկ կը մտնեն նաեւ վանքին բակը, կը զգան մեծ խաղաղութիւն», կը նշէ Վատիկանի լրատուամիջոցներուն հիւր` Հայր Ճուլիօ Չեզարէոն՝ Ասսիզիի Սրբավայրի հաղորդակցութեան գրասենեակի տնօրէնը։

Ուխտաւորներու անդադար հոսք՝ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի մասունքներուն առջեւ

Անոր համաձայն, ուխտաւորներու ներկայութիւնը ունի խոր հոգեւոր բնոյթ, քանզի, կը շեշտէ ան, այցելուները չեն գար զբօսաշրջութեան համար, այլ կը պատասխանեն հաւատքի կոչին։ Ամէն կէս ժամ շուրջ 750-800 մարդ կը հատեն Պազիլիքան լուռ եւ խոր յարգանքով՝ պատրաստուելով հանդիպելու Սուրբին անոր մասունքներուն միջոցաւ։

Մարդկայնութեան տարբեր պատկեր՝ հակառակ բռնի աշխարհի պատկերին

Հայր Չեզարէոն կը նկատէ, որ Ասսիզիի մէջ կը դրսեւորուի մարդկայնութեան տարբեր պատկեր մը՝ զօրակից, համբերատար եւ յարգալից, հակառակ բռնի ու բաժանուած աշխարհի պատկերին, զոր յաճախ կը ներկայացուի լրատուամիջոցներու կողմէ։

Ան նաեւ կը նշէ, որ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի ներշնչումը այսօր ալ կենսունակ է, որովհետեւ ան մարմնաւորեց Աւետարանի պատգամը։

Անոր մէջ կը գտնենք ներշնչում այնպիսի մարտահրաւէրներուն համար, որոնք իր ժամանակին չկային։ Օրինակ՝ բնապահպանական հարցը այն ատեն այս ձեւով չէր դրուած, բայց Ֆրանչիսկոսի մօտ ան այնքան իսկական է, որ մեզ կը ներշնչէ ապրելու մեր ժամանակի մարտահրաւէրները։ Նոյնը կը վերաբերի խաղաղութեան, եղբայրութեան եւ երկխօսութեան, կը հաստատէ Հայր Ճուլիոն:

Քաղել հոգեւոր պտուղները՝ առանց կուռքի վերածելու մարմնական մասունքները

Ըստ Ֆրանչեսկեան Միաբանութեան Հօր՝ Սուրբին մասունքներու ցուցադրութիւնը բացառիկ դէպք է եւ պէտք չէ մշտական դարձնել կամ երկարաձգուած ցուցադրութեան վերածել՝ խուսափելու «զանոնք կուռքի վերածելու վտանգէն», որովհետեւ Ֆրանչիսկոսի իրական ժառանգութիւնը ոչ թէ անոր մարմնական մասունքներն են, այլ այն հոգեւոր պտուղները, որոնք ութ դարերէ ի վեր կը շարունակեն ծաղկիլ Եկեղեցւոյ եւ աշխարհի մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/03/2026, 11:34