Որոնել

Գերպ Մարիանօ Քրոչաթա Գերպ Մարիանօ Քրոչաթա 

Եւրոպայի եպիսկոպոսներու կոչը. «Վերականգնեցէ՛ք խաղաղութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ»

Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ռազմական գործողութիւններու սաստկացումը, յատկապէս Իրանի եւ Լիբանանի դէմ յարձակումները, լուրջ մտահոգութիւն յառաջացուցած են միջազգային ընտանիքին եւ եկեղեցական առաջնորդներուն մօտ՝ պատերազմական ոճիրներու եւ միջազգային օրէնքի փլուզման վտանգին պատճառով : Վատիկանը եւ եւրոպայի եպիսկոպոսները կոչ կ՚ուղղեն դադրեցնելու բռնութեան շղթան եւ վերադառնալու դիւանագիտական բանակցութիւններուն՝ կանխելու համար համաշխարհային աղէտալի բռնկումը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Եւրոպայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերու Միութեան (COMECE) նախագահ գերպ. Մարիանօ Քրոչիաթա, այսօր հրապարակած իր պաշտօնական յայտարարութեամբ, խոր մտահոգութիւն յայտնեց Իրանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ բռնութեան սաստկացման շուրջ:

Գերպ. Քրոչիաթա շեշտեց, որ ներկայ ճգնաժամը ցոյց կու տայ միջազգային օրէնքի նկատմամբ աճող անտեսումը եւ կանոններու վրայ հիմնուած համաշխարհային կարգի տկարացումը ։ Ըստ նախագահին, խորապէս մտահոգիչ է, որ դիւանագիտական ջանքերու փոխարէն կրկին առաջնահերթութիւնը կը տրուի բռնութեան։

Յայտարարութեան մէջ կը զգուշացուի, որ վրիժառութեան եւ հակադարձութեան տրամաբանութիւնը կրնայ հրդեհել ամբողջ տարածաշրջանը. Բռնութեան այս շղթան կը վտանգէ թէ՛ տարածաշրջանային եւ թէ՛ համաշխարհային կայունութիւնը ու առաջին հերթին կը տուժեն այն ժողովուրդները, որոնք արդէն իսկ երկարատեւ տագնապներու մէջ են եւ այժմ անորոշ ապագայի դիմաց կը գտնուին:

Յիշելով Լեւոն ԺԴ. Պապի խաղաղութեան կոչը, COMECE-ի նախագահը դիմեց Եւրոպական Միութեան հետեւեալ պահանջներով.

Եւրոպական Միութիւնը պէտք է հանդէս գայ միասնական դիրքորոշմամբ՝ որպէս խաղաղութեան նախագիծ: Վերսկսիլ դիւանագիտական ջանքերը եւ պաշտպանել միջազգային օրէնքը, յատկապէս միջուկային զէնքի չտարածման ոլորտին մէջ: Ապահովել ԵՄ քաղաքացիներուն պաշտպանութիւնը՝ թէ՛ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ եւ թէ՛ Եւրոպայի տարածքին, ներառեալ՝ դիմագրաւել ուժանիւթի (energy) մատակարարման հաւանական ընդհատումները:

Յայտարարութիւնը կը փակուի Իրանի եւ ամբողջ տարածաշրջանի ժողովուրդներուն համար խաղաղութեան աղօթքով, յոյս յայտնելով, որ նոր էջ մը պիտի բացուի՝ հիմնուած մարդկային արժանապատուութեան եւ հիմնարար իրաւունքներու յարգանքին վրայ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/03/2026, 13:51