2019.12.07 Sant' Ambrogio Vescovo e dottore della Chiesa

Ապաւինինք Աստուծոյ՝ միակ ճշմարիտ բարիքին

Սուրբ Ամբրոսիոս Եպիսկոպոսի «Աշխարհէն Փախուստի Մասին» գրութենէն

Ուր որ է մարդուն սիրտը, հոն է նաեւ անոր գանձը։ Արդարեւ, Տէրը սովորութիւն չունի մերժելու շնորհքը անոնց՝ որոնք իրեն աղօթքով կը դիմեն։

Ուստի, քանի որ Տէրը բարի է, եւ յատկապէս անոնց հանդէպ՝ որոնք համբերութեամբ կը սպասեն Իրեն, ապաւինինք Անոր, ըլլանք Իրեն հետ մեր ամբողջ հոգիով, ամբողջ սրտով եւ ամբողջ զօրութեամբ, որպէսզի մնանք իր լոյսին մէջ, տեսնենք իր փառքը եւ վայելենք գերագոյն երջանկութեան շնորհքը։ Բարձրացնենք ուրեմն մեր հոգին դէպի այն Բարիքը, մնանք անոր մէջ, ապաւինինք անոր. այն Բարիքին՝ որ վեր է մեր ամէն մտածումէ ու նկատումէ, եւ որ  անվերջ  խաղաղութիւն ու հանդարտութիւն կը պարգեւէ, խաղաղութիւն մը՝ որ կը գերազանցէ ամէն հասկացողութիւն ու զգացում։

Այս է այն Բարիքը, որ կը թափանցէ ամէն ինչի մէջ, եւ մենք բոլորս կ’ապրինք անոր մէջ ու կախեալ ենք անկէ, մինչ ինքը իրմէ վեր ոչինչ ունի, այլ աստուածային է։ Արդարեւ, ոչ ոք բարի է, բացի Աստուծմէ. հետեւաբար այն ամէն բան որ բարի է՝ աստուածային է, եւ այն ամէն բան որ աստուածային է՝ բարի է։ Այս պատճառով ըսուած է. «Դուն կը բանաս քու ձեռքդ եւ ամէնքը կը լիանան բարիքով» (Սաղմ. 103, 28)։ Իրաւամբ, Աստուծոյ բարութեամբ մեզի կը տրուին բոլոր բարիքները, որովհետեւ անոնք զերծ են ամէն չարիքէ։

Այս բարիքները Սուրբ Գիրքը կը խոստանայ հաւատացեալներուն՝ ըսելով. «Երկրի բարիքները պիտի ճաշակէք» (Ես. 1, 19)։

Մենք մեռանք Քրիստոսի հետ. կը կրենք միշտ եւ ամէնուրեք մեր մարմնին մէջ Քրիստոսի մահը, որպէսզի Քրիստոսի կեանքն ալ յայտնուի մեր մէջ։ Ուրեմն, այլեւս չենք ապրիր մեր կեանքը, այլ Քրիստոսի կեանքը՝ կեանք մը լի մաքրութեամբ, պարզութեամբ եւ բոլոր առաքինութիւններով։

Պատրաստեց Հայր համազասպ Քէշիշեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/03/2026, 09:07