Նահատակ Քահանայի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը Նահատակ Քահանայի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը  

Հ. Փիէր Վրդ. Ռաիի նահատակութեան ի լուր Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան սրտակցութիւնը

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռափայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը նաև հեռախօսազրոյց ունեցաւ Ն.Վ. Կարդինալ Մար Պշարա Պութրոս Ռաի Պատրիարքին և Սուրի մարոնիթ ​​թեմին Գերպծ. Շարպէլ Եպս. Ապտալլա Վիճակաւորին հետ՝ իր եղբայրական սրտակցութիւնը յայտնելով Հ. Փիէր Ռաի նահատակութեան կապակցութեամբ, ինչպէս նաև յայտնելով իր զօրակցութիւնն ու աղօթքները այս տագնապալի պայմաններուն մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Հռոմ, Երեքշաբթի, 10 Մարտ 2026-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին տնօրինումով՝ Լիբանանի Հ. Կ. Պատրիարքական Թեմին Հաղորդակցութեան եւ Լրատուութեան Գրասենեակը կը հրապարակէ այս պաշտօնական յայտարարութիւնը:

«Մենք խոր ցաւով ու կսկիծով ստացանք Սուրի մարոնիթ թեմին Քլայեա ծխատէր Գերպտ. Հ. Փիէր Վրդ. Ռաիի նահատակութեան լուրը: Ռմբակոծումէն վիրաւոր եղբօր մը օգնութեան հասած ժամանակ՝ ան զոհ դարձաւ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւններուն:

Աստուծոյ և անոր ժողովուրդին ծառայութեան նուիրուած, հաւատացեալներու կողքին իր հովուական առաքելութեան զոհուած վարդապետին կորուստը խոր վէրք մը կը ձգէ Ս. Եկեղեցիին սրտին մէջ և մեզի կրկին կը յիշեցնէ, թէ անմեղները եւ անձնամոռացներն են, որոնք ծանր գինը կը վճարեն բռնութեան ու պատերազմին ընթացքին:

Մեծ Պահքի այս սուրբ շրջանին, երբ Ս. Եկեղեցին մեզի կոչ կ'ուղղէ զղջալու, ապաշխարելու, Աստուծոյ վերադառնալու, սիրոյ, ողորմութեան ու ներումի ճանապարհով ընթանալու, Մենք կը խորհինք Քրիստոսի տառապանքին մասին, որ կրեց աշխարհին խաչը՝ մարդկութիւնը դէպի Յարութեան լոյսը տանելու համար:

Մեր հաւատքին մէջ արմատացած այս վառ յոյսէն մեկնելով՝ Մեր աղօթքները կը բարձրացնենք Աստուծոյ՝ նահատակ վարդապետին հոգիին երանութեան համար՝ խնդրելով Տիրոջմէն, որ անոր շնորհէ փառքի պսակը, ինչպէս ալ մխիթարութիւն ու յոյս պարգեւէ անոր հարազատներուն, պաշտօնակից եղբայրներուն եւ ծխականներուն:

Այս ցաւալի ողբերգութեան դիմաց՝ Մենք դարձեալ կոչ կ'ուղղենք վերջ տալու բռնութեան և պատերազմական գործողութիւններուն, ընդունելու երկխօսութիւնն ու խաղաղութիւնը՝ պաշտպանելու համար մարդկային արժանապատուութիւնն ու Տիրոջ կողմէ պարգևած կեանքին սրբութիւնը, ինչպէս նաև պահպանելու Լիբանանն ու անոր պատմական առաքելութիւնը՝ որպէս իրարու հանդիպումին, եղբայրութեան, ներողամտութեան և համակեցութեան երկիրը։

Մեծ Պահքի ճանապարհով ուղղուելով դէպի Յարութեան արշալոյսը՝ Մենք կ'աղօթենք Տիրոջ, որ պաշտպանէ Լիբանանն ու մեր ժողովուրդը ամէն չարիքէ և մեր Հայրենիքին շնորհէ արդար ու մնայուն խաղաղութեան շնորհքը, որպէսզի Յարութեան լոյսը փայլի անոր զաւակներուն սրտերուն մէջ՝ անոնց յոյս պարգևելով տառապանքէն ետք և կեանք՝ Խաչէն ետք»։

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռափայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը նաև հեռախօսազրոյց ունեցաւ Ն.Վ. Կարդինալ Մար Պշարա Պութրոս Ռաի Պատրիարքին և Սուրի մարոնիթ ​​թեմին Գերպծ. Շարպէլ Եպս. Ապտալլա Վիճակաւորին հետ՝ իր եղբայրական սրտակցութիւնը յայտնելով Հ. Փիէր Ռաի նահատակութեան կապակցութեամբ, ինչպէս նաև յայտնելով իր զօրակցութիւնն ու աղօթքները այս տագնապալի պայմաններուն մէջ։

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւն

 Նահատակ Քահանայի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը
Նահատակ Քահանայի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը   (©Parrocchia di St. George a Qlaiaa)

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/03/2026, 07:15