Որոնել

Յիսուս Յիսուս 

«Ինչպէս Ապրիլ Մեծ Պահքը Այսօր» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան

Մեծ Պահքը հոգեւոր դպրոց մըն է, որ կը հրաւիրէ մարդը ձերբազատելու սպառողական հոգեվիճակէն եւ առօրեայ աղմուկէն՝ վերականգնելու համար Աստուծոյ հետ իր խաթարուած կապը: Այս շրջանը առիթ մըն է վերաճշդելու կեանքի առաջնահերթութիւնները՝ հաւատալով որ աստուածայինը նախամեծար համարելով միայն կարելի է գտնել իսկական խաղաղութիւնն ու յաղթահարել ներկայ աշխարհի տագնապները:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Մեծ Պահքը պարզապէս օրացուցային ժամանակաշրջան մը չէ, այլ Եկեղեցւոյ կողմէ հաստատուած հոգեւոր դպրոց մը, որուն նպատակն է մարդը դուրս բերել առօրեայ կեանքի աղմուկէն եւ զինք առաջնորդել դէպի ներհայեցողութիւն։ Այս շրջանը հրաւէր մըն է՝ ձերբազատուելու սպառողական հոգեվիճակէն, վերագտնելու համար մեր էութեան աղաւաղուած աստուածային պատկերը։ Պահքը մարդկային յօրինուածք չէ, այլ ունի աստուածային նախնական հիմք։ Եդեմի պարտէզին մէջ տրուած «մի՛ ուտեր» պատուիրանը առաջին քննութիւնն էր մարդուն համար՝ ստուգելու անոր հնազանդութիւնը Աստուծոյ հանդէպ։ Ադամի անկումը սկիզբ առաւ այդ պատուիրանի դրժումով, սակայն Քրիստոս՝ «Երկրորդ Ադամը», Իր ծոմապահութեամբ վերականգնեց մարդկային բնութիւնը՝ յաղթելով նոյն այն փորձութիւններուն, որոնց առջեւ տեղի տուած էր առաջին մարդը։

Հայ Եկեղեցւոյ հայրերը Մեծ Պահոց Կիրակիները դասաւորած են այնպիսի կերպով, որ անոնք կը դառնան մարդկային կեանքի հայելին։ Անոնց մէջ մենք կը տեսնենք մեր անկումը (Արտաքսման Կիրակի), Մեր թափառումները այս աշխարհի ունայնութեանց մէջ, Եւ ի վերջոյ՝ Աստուծոյ հայրական գիրկը վերադառնալու յոյսը (Անառակին Կիրակի): Եթէ պահեցողութիւնը ապաշխարութեան շրջան նկատենք, այս Կիրակիները մեզի կու գան յիշեցնելու, թէ ապաշխարութիւնը ոչ թէ պատիժ է, այլ հոգեկան առողջացման ընթացք։

Պահեցողութեան վերջնական նպատակը սոսկ «չուտելը» չէ, այլ հոգեւոր նորոգութիւնը։ Քրիստոս Իր աշակերտներուն սորվեցուց պահքը պահել ոչ թէ ցուցադրական, այլ ներքին խնդութեամբ։ Միայն սեփական անձի վրայ յաղթանակ տանելով է, որ հաւատացեալը կրնայ արժանաւորապէս դիմաւորել Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութիւնը՝ ինքն ալ յարութիւն առնելով իր մեղքերու եւ տկարութիւններու գերեզմանէն։

Ներկայիս, երբ աշխարհը համակուած է պատերազմներու, անապահովութեան եւ զանազան տագնապներու ալիքներով, մարդ էակը ակամայ հեռացած է աստուածայինէն։ Մեր մտահոգութեանց կեդրոնը դարձած է «առօրեայ հացի» տագնապը, ֆիզիքական ապահովութեան եւ նիւթական հանգիստի մարմաջը։ Մարդկային միտքը այնքան զբաղած է գոյատեւման պայքարով, որ հոգեւորը սկսած է նկատել երկրորդական կամ նոյնիսկ աւելորդ։ Այս տագնապալից վիճակին մէջ յաճախ կը մոռնանք հիմնական ճշմարտութիւն մը. եթէ Աստուած առաջինը չէ մեր կեանքին մէջ, ապա մեր բոլոր ջանքերը՝ կեանքը ապահովելու կամ կարգաւորելու, պիտի մնան ապարդիւն։ Սաղմոսերգուն դիպուկ կերպով կը յիշեցնէ մեզի. «Եթէ Տէրը չշինէ տունը, ի զուր կ’աշխատին շինարարները» (Սաղմոս 127:1)։ Առանց աստուածային օրհնութեան եւ ներկայութեան, մեր կառուցած բոլոր «ապահովութիւնները» աւազի վրայ շինուած տուներ են։ Մեր կրած ցաւերն ու կեանքի դժուարութիւնները յաճախ մեզի կը մոռցնեն մեր գոյութեան իրական նպատակը՝ Աստուծոյ հետ որդիական կապի մէջ մտնելով երանական կեանք ապրիլը։ Մենք ստեղծուած ենք ոչ թէ միայն գոյատեւելու, այլ Աստուծոյ հետ հաղորդակցելու համար։

Հետեւաբար, այս Մեծ Պահքը պէտք է նկատենք սթափեցնող հրաւէր մը՝ վերաճշդելու մեր կեանքի առաջնահերթութիւնները։ Պահքը մեզի կը սորվեցնէ «ոչ» ըսել մարմնական ու երկրային բացարձակ տիրապետութեան, որպէսզի տեղ բացուի աստուածայինին։ Երբ մենք կը վերադառնանք մեր ակունքին եւ Աստուած կը դնենք մեր կեանքի նպատակակէտը, այն ատեն միայն կը գործէ Քրիստոսի խոստումը. «Նախ խնդրեցէ՛ք Աստուծոյ արքայութիւնը... եւ այդ բոլորը աւելիով պիտի տրուի ձեզի» (Մատթէոս 6:33)։ Այս ուխտագնացութեան ընթացքին, թող մեր զրկանքները դառնան աստիճաններ, որոնք մեզ կը բարձրացնեն առօրեայ տագնապներէն վեր՝ դէպի այն խաղաղութիւնը, որ միայն Աստուած կրնայ պարգեւել։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/03/2026, 08:00