Որոնել

2026.02.18 Mercoledì delle Ceneri â   Statio e Santa Messa

Եկեղեցին տեսանելի եւ հոգեւոր իրականութիւն. Հայր Եղիա Եպս. Եղիայեանի խորհրդածութիւնը

Այսօր մեր պարտականութիւնն է յանձնառու ըլլալ Եկեղեցին շինելու, ո՛չ միայն կազմակերպելով անոր տեսանելի կողմը, այլ նաեւ՝ կառուցանելով այդ հոգեւոր շէնքը, որ Քրիստոսի խորհրդական մարմինն է, իրարու միջեւ սիրոյ եւ հաղորդութեան մէջ ապրելով: Արդարեւ, ճշմարիտ սէրը միշտ կը ծնի Յարուցեալին ներկայութիւնը: «Թո՛ղ երկինքը կամենայ, կ’ըսէ Սուրբ Օգոստինոս, որ բոլորը ուշադրութիւն դարձնեն միայն սիրոյն. ա՛ն է միայն, որ կը յաղթէ ամէն բանի եւ առանց անոր ո՛չ մէկ բան արժէք ունի.

Մարտ ամսոյն սկիզբը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորած հերթական հրապարակային ունկնդրութեան ժամանակ, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը ներկայացուց Սուրբ Եկեղեցւոյ էութիւնը՝ մարդկային եւ Աստուածային չափանիշերը, հիմնուելով Վատիկանեան Բ. տիեզերական ժողովին վարդապետական սահմանադրութեան վրայ:

Եկեղեցին բարդ իրականութիւն մըն է, բացատրեց ան, որովհետեւ անիկա լաւ կառուցուածք ունեցող օրկանիզմ է, որուն համակեցութեան մէջ են՝ մարդկային եւ Աստուածային չափանիշները առանց բաժանումի եւ առանց շփոթութեան:

Եկեղեցւոյ մարդկային չափանիշը

Առաջին չափանիշը անմիջապէս ընկալելի է, քանի որ Եկեղեցին մարդոց եւ կանանց համայնք է, որոնք հաղորդակից կ’ըլլան քրիստոնեայ ըլլալու ուրախութեան ու պայքարին՝ իրենց զօրաւոր եւ տկար կողմերով, քարոզելով Աւետարանը եւ ըլլալով Քրիստոսի ներկայութեան նշան, որ մարդոց կ’ուղեկցի կեանքի ճանապարհորդութեան ընթացքին: Սակայն, այս երեւոյթը կ’ամբողջանայ երկրորդ չափանիշով՝ իր իրական բնոյթը նկարագրելու համար:

Եկեղեցւոյ Աստուածային չափանիշը Ատիկա չի գոյանար անդամներու իտէալական կատարելութեան կամ հոգեւոր գերազանցութեան մէջ, այլ կը բխի այն իրականութենէն, թէ Եկեղեցին կը ծնի Աստուծոյ սիրառատ ծրագիրէն, որ կ’իրականանայ Քրիստոսի անձին մէջ: Հետեւաբար, Սուրբ Եկեղեցին միաժամանակ երկրային համայնք մըն է եւ Քրիստոսի խորհրդաւոր մարմինը, տեսանելի ժողովուրդ եւ հոգեւոր խորհուրդ, պատմութեան մէջ գոյութիւն ունեցող եւ դէպի երկինք ուխտագնացութիւն կատարող ժողովուրդ:

Եկեղեցին՝ մարդկային եւ Աստուածային իրաւունք

Ուստի, Եկեղեցւոյ այս երկու չափանիշները ներդաշնակօրէն կ’ընդելուզուին՝ առանց որ մէկը գերակայէ միւսին: Այսպիսով, Եկեղեցին կ’ապրի այս հակադրութեան մէջ. ան միաժամանակ մարդկային եւ աստուածային իրականութիւն մըն է, որ կ’ընդունի մեղաւոր մարդը եւ զայն կ’առաջնորդէ դէպի Աստուած: Հասկնալու համար այս եղելութիւնը, անդրադառնանք Յիսուսի կեանքին: Ան, որ կը հանդիպէր Յիսուսի Պաղեստինի ճամբաներուն վրայ, կը փորձարկէր անոր մարդկութիւնը: Իսկ ան, որ կ’որոշէր անոր հետեւիլ, մղուած էր անոր մարդասէր նայուածքէն, անոր օրհնաբեր ձեռքերէն եւ անոր փրկութեան եւ դարմանող խօսքերէն: Այդպիսով, Յիսուսի ետեւէն քալելով, աշակերտները կ’ընդառաջէին Աստուծոյ հետ հանդիպումին, որովհետեւ Քրիստոսի մարմինը, անոր դէմքը, անոր արարքներն ու խօսքերը տեսանելի կերպով կը բացայայտեն անտեսանելի Աստուածը:

Առ այդ, մեր հաւատացած Եկեղեցին, որուն իւրաքանչիւրս կը պատկանի զանազան համայնքներով եւ բազմազան երկիրներով ու մշակոյթներով, նոյն ժամանակ մարդկային եւ Աստուածային իրականութիւն մըն է, որ ունի մարդկային եւ Աստուածային չափանիշներ: Անոր անդամներուն եւ երկրային տեսակէտներու միջոցաւ, կը յայտնուի Քրիստոսի ներկայութիւնը եւ անոր փրկագործ աշխատանքը:

Քրիստոս կը գործէ Եկեղեցւոյ միջոցաւ

Հետեւաբար, չկայ գաղափարական եւ մաքուր Եկեղեցի մը երկրէն բաժնուած՝ այլ միայն Քրիստոսի մէկ Եկեղեցին, որ պատմութեան մէջ մարմնացած է: Եկեղեցւոյ սրբութիւնը կը կայանայ անոր մէջ, որ Քրիստոս կը բնակի անոր մէջ եւ կը շարունակէ իր փրկչական աշխատանքը, ինքզինքը նուիրելով մարդոց՝ տկար եւ մեղաւոր անդամներու միջոցաւ: Այսպէս կ’իմանանք Աստուծոյ գործելակերպը տեսանելի եւ տկար արարածներու միջոցաւ մարդկային ցեղին փրկութեան համար:

Ուրեմն, այսօր մեր պարտականութիւնն է յանձնառու ըլլալ Եկեղեցին շինելու, ո՛չ միայն կազմակերպելով անոր տեսանելի կողմը, այլ նաեւ՝ կառուցանելով այդ հոգեւոր շէնքը, որ Քրիստոսի խորհրդական մարմինն է, իրարու միջեւ սիրոյ եւ հաղորդութեան մէջ ապրելով: Արդարեւ, ճշմարիտ սէրը միշտ կը ծնի Յարուցեալին ներկայութիւնը: «Թո՛ղ երկինքը կամենայ, կ’ըսէ Սուրբ Օգոստինոս, որ բոլորը ուշադրութիւն դարձնեն միայն սիրոյն. ա՛ն է միայն, որ կը յաղթէ ամէն բանի եւ առանց անոր ո՛չ մէկ բան արժէք ունի. ո՛ւր որ ան կը գտնուի, ամէն ինչ կը ներքաշէ դէպի իրեն» (Քարոզ 354, 6,6):

Հայր Եղիա Եպս. Եղիայեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/03/2026, 10:42