Քաղդէացի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պատրիարք Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ հրաժարական ներկայացուց
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Քաղդէացի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Գահակալ, Ամենապատիւ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ Պատրիարքը պաշտօնապէս յայտարարեց իր հրաժարականը։ Այս որոշումը, որ տրուած է հովուապետի սեփական կամքով, վերջ կը դնէ անոր 13-ամեայ լեցուն եւ մարտահրաւէրներով հարուստ գահակալութեան։
Հրաժարականի մանրամասնութիւնները
Պատրիարքը յայտնեց, թէ երէկ՝ 9 մարտ 2026-ին, իր հրաժարականի նամակը ներկայացուցած է Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին , որն ալ ընդունած է զայն։ Պաշտօնական յայտարարութիւնը կատարուեցաւ այսօր՝ Մարտ 10-ի կէսօրին։
Իր ուղերձին մէջ Պատրիարք Սաքօ ընդգծեց, որ այս քայլին դիմած է «լիակատար ազատութեամբ»՝ հերքելով որեւէ արտաքին ճնշում։ Ան փափաք յայտնեց իր կեանքի յառաջիկայ տարիները նուիրել աղօթքի, գրականութեան եւ խոնարհ ծառայութեան։
Դժուար Ժամանակներու Առաջնորդը
Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօն Քաղդէացի եկեղեցին առաջնորդեց Իրաքի պատմութեան ամենադժուար հանգրուաններէն մէկուն ընթացքին։ Իր խօսքերով՝ այդ 13 տարիները եղած են «սիրոյ, խնամքի եւ աճումի տարիներ»։ Ան յատկապէս շեշտեց իր ջանքերը՝ պահպանելու եկեղեցական կառոյցներու միութիւնը եւ պաշտպանելու Իրաքի քրիստոնեաներու իրաւունքները թէ՛ երկրի ներսը եւ թէ՛ միջազգային հարթակներու վրայ։
Յաջորդի յատկանիշները եւ Պատրիարքին կտակը
Խօսելով իր յաջորդին մասին՝ Կարդինալ Սաքօ յոյս յայտնեց, որ նոր պատրիարքը ըլլայ․ Աստուածաբանական հարուստ գիտելիքներով օժտուած, Քաջ, իմաստուն եւ նորարարութեան հաւատացող, բաց երկխօսութեան անձնաւորութիւն։ «Ես պիտի յարգեմ զինք եւ երբեք պիտի չմիջամտեմ անոր գործերուն», հաստատեց Սաքօ Պատրիարքը։ Իր ուղերձի աւարտին, ան հրապարակեց նաեւ իր նիւթական վիճակի մասին տեղեկութիւններ՝ նշելով, որ չունի ո՛չ տուն, ո՛չ ալ ինքնաշարժ։ Անոր միակ հարստութիւնը իր հրատարակած 45 գիրքերն ու 52 տարուայ քահանայական ծառայութիւնն են։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ