Պատերազմը տեսախաղի վերածելը խոր բարոյական ձախողում մըն է․ Կարդինալ Գուփիչ
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Չիքակոյի Արքեպիսկոպոս, Կարդինալ Պլէյզ Ժոզեֆ Գուպիչ՝ «A Call to Conscience – Խղճին ուղղուած կոչ» խորագիրով միջազգային խաղաղութեան համաժողովի ընթացքին, որ կայացաւ 7 Մարտին եւ ուր ընթերցուեցաւ Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետին պատգամը, կտրուկ արտայայտուեցաւ Սպիտակ Տան պաշտօնական ԻՔՍ էջին վրայ անցեալ հինգշաբթի հրապարակած տեսանիւթի առնչութեամբ՝ «նողկալի» բնութագրելով հանրածանօթ շարժապատկերներու գործողութիւններով լի տեսարանները Իրանի դէմ յարձակումներու իրական պատկերներուն հետ բաղադրելը։
«Իսկական պատերազմ մը՝ իսկական մահերով եւ իսկական տառապանքով, կը ներկայացուի որպէս տեսախաղ», կը նշէ Կարդինալը Արքեպիսկոպոսութեան կայքին վրայ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ, «մինչ աւելի քան հազար իրանցի տղամարդիկ, կիներ եւ երեխաներ կը մահանային ամերիկեան եւ իսրայէլեան հրթիռային ռմբակոծումներու տակ»։
Յիշեցնելով վեց ամերիկացի զինուորներուն սպաննութիւնը այս պատերազմի ընթացքին, Կարդինալ Գուպիչ կ՚աւելցնէ. «Անոնք ալ անարգուած են ընկերային ցանցերուն վրայ կատարուած այդ հրապարակումով»։
Պատերազմը դարձած է հանդիսատեսներու մարզանք
«Խղճին ուղղուած կոչ»ին մէջ, ամերիկացի Ծիրանաւորը կը շեշտէ, թէ․ «Այս սարսափելի ներկայացումը ցոյց կու տայ, որ կ՚ապրինք ժամանակի մը մէջ, երբ ռազմադաշտին եւ մեր տան հիւրասրահին միջեւ հեռաւորութիւնը խիստ նուազած է։ Բարոյական ճգնաժամը, որուն առջեւ կը գտնուինք, միայն պատերազմի մասին չէ, այլ նաեւ այն մասին, թէ մենք՝ դիտորդներս, ինչպէս կ’ընկալենք բռնութիւնը, որովհետեւ պատերազմը արդէն դարձած է հանդիսատեսներու մարզանք կամ ռազմավարական խաղ մը», այն պարագային, երբ «հարիւր հազարաւոր մարդիկ տեղահանուած են, իսկ Միջին Արեւելքի միլիոնաւոր մարդիկ ահաբեկուած կ՚ապրին»։
Գրգռուած ու կոյր՝ կը կորսնցնենք մեր մարդկայնութիւնը
«Մեր կառավարութիւնը իրանցի ժողովուրդին տառապանքը կը գործածէ որպէս խորապատկեր մեր զուարճութեան համար, կարծես անիկա պարզապէս ուրիշ բովանդակութիւն ըլլար, որ կարելի է թերթել «սուբերմարքէթի» հերթին մէջ սպասելով։ Բայց վերջաւորութեան մենք կը կորսնցնենք մեր մարդկայնութիւնը, երբ կը հիանանք մեր բանակին կործանարար ուժով», կը շարունակէ Չիքակոյի Արքեպիսկոպոսը՝ ընդգծելով, որ այս սովորութիւնը կախուածութիւն կ’առաջացնէ պայթումներու «տեսարաններու» հանդէպ եւ, գրեթէ աննկատ կը բթացնէ պատերազմի իրական արժէքին հանդէպ մեր զգացումը՝ վտանգի ենթարկելով «Աստուծոյ մեզի պարգեւած ամենաթանկ նուէրը՝ որ է մեր մարդկայնութիւնը»։
Կարդինալ Գուփիչ, ի վերջոյ, կ’եզրափակէ` վստահութիւն արտայայտելով, որ ամերիկացի ժողովուրդը ունի «առողջ դատողութիւն՝ հասկնալու, որ տեղի ունեցողը զուարճութիւն չէ, այլ պատերազմ, եւ որ Իրանը մարդոցմէ կազմուած երկիր մըն է, ոչ թէ տեսախաղ մը, զոր ուրիշներ կը խաղան՝ մեզ զուարճացնելու համար»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ