Որոնել

Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի աճիւնները Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի աճիւնները 

Ասսիզիի մէջ Ֆրանչիսկեան Երիտասարդութեան հանդիպումը և Սուրբ Ֆրանչիսկոսի աճիւններուն ուխտագնացութիւն

Մէկ ամիս տեւող այս լռութեան, հոգեւորականութեան եւ հաւատքի ժամանակաշրջանի ընթացքին նախատեսուած են բազմազան արարողութիւններ, մշակութային և հոգևոր միջոցառումներ, որոնցմէ ամենակարևորէն մէկն է Ֆրանչիսկեան Երիտասարդութեան հանդիպումը, որ տեղի կ՛ունենայ 14 և 15 Մարտին՝ որպէս նիւթ ունենալով «Քոյր Մահը. փորձառութիւն որմէ հրաժարիլ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

2026 թուականի փետրուարի 21-էն մինչև մարտի 22-ը հազարաւոր հաւատացեալներ ամէն օր կ՛ուղղուին դէպի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի Ասսիզիի սրբավայր ուխտագնացութիւն կատարելու աղքատիկ Սուրբի աճիւններուն, որոնք Սուրբին Ծննդեան 800 ամեակի յոբելեանին առիթով առաջին անգամուան համար կը ցուցադրուին Սրբավայրի գետնայարկ պազիլիքային մէջ։

Մէկ ամիս տեւող այս լռութեան, հոգեւորականութեան եւ հաւատքի ժամանակաշրջանի ընթացքին նախատեսուած են բազմազան արարողութիւններ, մշակութային և հոգևոր միջոցառումներ, որոնցմէ ամենակարևորէն մէկն է Ֆրանչիսկեան Երիտասարդութեան հանդիպումը, որ տեղի կ՛ունենայ 14 և 15 Մարտին՝ որպէս նիւթ ունենալով «Քոյր Մահը. փորձառութիւն որմէ հրաժարիլ»։

Համայն իտալիայէն մօտ 400 երիտասարդներ Ասսիզիի մէջ կը համախմբուին ուսումնասիրելու և ապրելու Ֆրանչիսկեան արժէքները աղօթքի, խոկումի և եղբայրութեան հոգիով։ Այս առիթով Եղբ. Նիքոլա Զանինը, սրբավայրի երիտասարդութեան հոգեւոր ծառայութեան խումբի անդամը, ընդգծելով փորձառութեան կարևորութիւնը նշեց` թէ «Այս պիտի ըլլայ իրական փորձառութիւն մը աղօթքի, ուղեւորութեան, խոկումի, հանդիպման և եղբայրութեան, բացառիկ ցուցադրութեան ամենալուսաւոր գիշերուան մէջ։ Մենք միասին պիտի ըլլանք, կենդանի Ֆրանչիսկոսի առջև, որպէսզի ճանչնանք, թէ ինչը մեր կեանքը ապրիլը աժանի կը դարձնէ»։

Բացի այս հաւաքէն յառաջիկայ շաբթուան մէջ նախատեսուած են երկու հոգեւոր համերգներ մինչ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի աճիւններու ցուցադրութեան աւարտի պաշտօնական արարողութիւնը նախատեսուած է յառաջիկայ 22 Մարտի՝ ժամը 17։00-ին, նախագահութեամբ Իտալիոյ Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի նախագահ` կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփիի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/03/2026, 10:01