Ասսիզի. Սուրբ Ֆրանչիսկոսի մասունքներու ցուցադրման Հանդիսաւոր աւարտը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Կիրակի, 22 Մարտին, Ասսիզիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի պազիլիքայի ստորին եկեղեցւոյ մէջ պաշտօնապէս աւարտեցաւ Սուրբին աճիւններու հանրային մեծարման արարողութիւնը։ Մէկ ամիս տեւած այս բացառիկ իրադարձութիւնը համախմբեց աւելի քան 370 հազար ուխտաւորներ աշխարհի չորս ծագերէն՝ ստեղծելով աղօթքի եւ եղբայրութեան աննախադէպ մթնոլորտ։
Կարդինալ Զուփփիի Պատգամը. «Խաղաղութիւն Քեզ»
Այս պատմական ամսուան եզրափակիչ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագը մատոյց Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի (CEI) նախագահ՝ Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփի որ այս առիթով Իր քարոզին մէջ շեշտեց ներկայ ժամանակներու տագնապները՝ դատապարտելով անհատապաշտութիւնն ու զինեալ հակամարտութիւնները։
«Ողբերգական պատրանք է կարծել, թէ չարիքը կարելի է յաղթահարել չարիքով,» նշեց ան՝ կոչ ուղղելով որդեգրելու քրիստոնէական «զինաթափուած ուժը»։ «Որքա՜ն վախ եւ բռնութիւն պիտի դադրէր, եթէ պարզապէս մեր խօսքով ու դէմքով ըսէինք՝ խաղաղութիւն բոլորին»։
Կարդինալը Սուրբ Ֆրանչիսկոսը որակեց որպէս համընդհանուր կերպար, որ չի պատկանիր միայն մէկ ժողովուրդի, այլ կը սորվեցնէ սիրել իւրաքանչիւր մարդ որպէս հարազատ եղբայր։
Սուրբ Ֆրանչիսկոսի Սրբավայրի վանահայր, Հայր Մարքօ Մորոնի, իր երախտագիտութիւնը յայտնեց այս «աղօթող եղբայրութեան» համար, որ գերազանցեց բոլոր սպասելիքները։ Ան ընդգծեց, որ հակառակ հսկայական բազմութեան, ուխտաւորները դրսեւորեցին բացառիկ կարգապահութիւն եւ լռութիւն։
Հետաքրքրական է նաեւ հաղորդակցութեան պատասխանատու Հայր Ճուլիօ Չեզարէոյի դիտարկումը. «Ոչ ոք չեկաւ պարզապէս Ֆրանչիսկոսը տեսնելու որպէս զբօսաշրջիկ, այլ որովհետեւ ինք՝ Սուրբը, կենդանի կերպով կանչեց մեզի՝ մեր սրտերուն հետ խօսելու համար»։
Այս մէկ ամիսը Ասսիզիի համար եղաւ նաեւ նորոգութեան շրջան։ Վանքը հիւրընկալեց միաբան եղբայրներ աշխարհի տարբեր երկիրներէ, ինչպէս՝ Պրազիլէն, Հնդկաստանէն եւ Միջին Արեւելքէն։ Յատուկ ուշադրութիւն դարձուեցաւ նաեւ ներառականութեան. վանքի համալիրին մէջ կատարուեցան ճարտարապետական փոփոխութիւններ՝ վերացնելով արգելքները, որպէսզի վայրը մատչելի ըլլայ բոլորին, յատկապէս տկարներուն եւ հաշմանդամութիւն ունեցողներուն։
«Սուրբ Ֆրանչիսկոս Կ՛ապրի»
Մասունքներու հանրային մեծարումը փակուեցաւ կիրակի երեկոյեան՝ միայն միաբաններու մասնակցութեամբ կատարուած մասնաւոր արարողութեամբ, որմէ ետք Սուրբին մարմինը վերադարձուեցաւ իր մշտական դամբարանին մէջ։
Սակայն յոբելենական միջոցառումները այսքանով չեն աւարտիր։ Ամբողջ 2026 թուականի ընթացքին, Սուրբ Ֆրանչիսկոսի մահուան 800-ամեակին առիթով, պիտի շարունակուին զանազան ձեռնարկներ՝ «Սուրբ Ֆրանչիսկոս կ՛ապրի» կարգախօսին ներքոյ, վերահաստատելով անոր պատգամին մնայուն արդիականութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ