Տէ՛ր, զիս դարձուր քու խաղաղութեանդ գործիք. Ասսիզացի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի խաղաղութեան պատգամը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
2026 թուականին Ասսիզի քաղաքը կ՛ապրի մեծ պատմական եւ հոգեւոր պահ մը տրուած ըլլալով, որ կը նշուի Ասսիզացի աղքատիկի մահուան 800-ամեակը (1226-2026)։ Այս յոբելեանին առիթով կազմակերպուած է նաեւ բացառիկ նախաձեռնութիւն մը, որուն համար աշխարհի տարբեր վայրերէն հազարաւոր ուխտաւորներ ուղղուեցան Ասսիզի` սուրբին մահկանացու մասունքներու հրապարակային ցուցադրութեան առիթով, որ հազուագիւտ իրադարձութիւն մըն է ֆրանչիսկեան պատմութեան ծիրէն ներս։
Սուրբի մասունքներուն ցուցադրութիւնը
Ցուցադրութիւնը սկիզբ առաւ անցեալ 22 Փետրուարին եւ կ՛աւարտի յառաջիկայ 22 Մարտ 2026-ին, Սուրբ Ֆրանչիսկոսի ստորին եկեղեցւոյ մէջ։ Այս ժամանակահատուածի ընթացքին ուխտաւորները կարելիութիւնը կ՛ունենան մօտէն տեսնելու սուրբին աճիւնները, աղօթելու եւ յարգանք մատուցելու սուրբի մասունքներուն։
Խոր հոգեւոր նշանակութիւն ունեցող տարեդարձ
Ֆրանչիսկեան յոբելենական շրջանը կը ներառէ կրօնական, մշակութային եւ հոգեւոր նախաձեռնութիւններ՝ նուիրուած սուրբին յիշատակին, որ մահացած է 1226 թուականի հոկտեմբերի 3-ին։
Նպատակը միայն պատմական անձ մը յիշելը չէ, այլ նաեւ աշխարհին ներկայացնել Սուրբ Ֆրանչիսկոսի հոգեւոր եւ մարդկային պատգամը, որ հիմնուած է ընդհանուր արժէքներու վրայ. խաղաղութիւն, եղբայրութիւն, աւետարանական պարզութիւն եւ արարչագործութեան հանդէպ յարգանք։
Սուրբ Ֆրանչիսկոսի խաղաղութեան պատգամը
Ութ դար ետք Սուրբ Ֆրանչիսկոսի պատգամը կը մնայ զարմանալիօրէն արդիական։ Ասսիզիի սուրբը խաղաղութիւնը չէր հասկնար միայն որպէս պատերազմի բացակայութիւն, այլ որպէս կեանքի կերպ մը, հիմնուած եղբայրութեան եւ բոլորին հանդէպ սիրոյ վրայ։
Անոր ուսուցումը հիմնուած է քանի մը հիմնական սկզբունքներու վրայ.
- Ընդհանուր եղբայրութիւն – իւրաքանչիւր մարդ եղբայր կամ քոյր է՝ անկախ ազգութենէ, կրօնէ կամ ընկերային վիճակէ։
- Երկխօսութիւն՝ հակամարտութեան փոխարէն – նշանաւոր է անոր խաղաղ հանդիպումը սուլթանին հետ խաչակրաց արշաւանքներու ժամանակ, որ դարձաւ մշակոյթներու եւ կրօններու միջեւ յարգանքի խորհրդանիշ։
- Պարզութիւն եւ բաժնեկցութիւն – կամաւոր աղքատութիւնը Ֆրանչիսկոսի համար միջոց էր ազատելու եսասիրութենէն եւ ապրելու ուրիշներու հետ ներդաշնակութեան մէջ։
- Խաղաղութիւն արարչագործութեան հետ – իր նշանաւոր Cantico delle Creature-ին մէջ ան արեւը, լուսինը եւ կենդանիները կը կոչէ «եղբայր» եւ «քոյր», արտայայտելով մարդուն եւ բնութեան միջեւ խոր ներդաշնակութիւն։
Հրաւէր ու կոչ այսօրեայ աշխարհին
Ութերորդ դարադարձի տօնակատարութիւնները կը յիշեցնեն, որ խաղաղութիւնը նախ եւ առաջ կը ծնի մարդոց սրտին մէջ՝ յարգանքի, համերաշխութեան եւ երկխօսութեան առօրեայ գործերով։ Հակամարտութիւններով եւ բաժանումներով լի ժամանակի մը մէջ ֆրանչիսկեան պատգամը կը հրաւիրէ կառուցելու ընդհանուր եղբայրութիւն, որ կը յաղթահարէ պատնէշներն ու թիւրիմացութիւնները։
Այս պատճառով 2026 թուականի ընթացքին Ասիզիի մէջ կազմակերպուող ուխտագնացութիւնները, աղօթքի պահերը եւ մշակութային նախաձեռնութիւնները նպատակ ունին ներգրաւելու թէ՛ հաւատացեալները եւ թէ՛ ոչ հաւատացեալները՝ քաջալերելով զանոնք դառնալու «խաղաղութեան արհեստաւորներ» ժամանակակից հասարակութեան մէջ։
Խորհրդանշական աղօթքը
Սուրբ Ֆրանչիսկոսին վերագրուող աղօթք մը գեղեցիկ կերպով կ՛ ամփոփէ այս ոգին եւ տօնակատարութիւններու խոր իմաստը. «Տէ՛ր, զիս դարձուր քու խաղաղութեանդ գործիքը»։ Պարզ, բայց հզօր պատգամ մը, որ ութ դար ետք կը շարունակէ խօսիլ ամբողջ աշխարհին։
Սուրբ Աթոռի մօտ Հ. Հ. դեսպանութեան ուխտագնացութիւնը
Այս շրջագիծէն ներս անցեալ օրերուն Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագէտները եւս կազմակերպեցին դէպի Ասսիզիի սրբավայր «խաղաղութեան ուխտագնացութիւնը», որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հ.Հ. Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպանութիւնը, յանձինս Դեսպանութեան Խորհրդական Սուզաննա Աւետիսեանին, որ այս առիթով մեր հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց հետեւեալը.
«Որպէս հայ և քրիստոնեայ՝ մեծ պատիւ էր և անչափ յուզիչ, յարգանքի տուրք մատուցել և տեսնել Սուրբ Ֆրանչիսկոսի մասունքները։ Այդ պահն ինձ համար առանձնացաւ լուռ աղօթքով, քրիստոնէական հաւատքի համամարդկային արժէքների մասին խորհումով: Սիրտս էլ աւելի լցուեց խաղաղութեան զգացումով, քանզի հենց նրա ուսմունքն,կեանքն ու գործունութիւնն են արտացոլում սիրոյ, խոնարհութեան, ներողամտութեան և խաղաղութեան այս համամարդկային արժէքները, և ինչպէս դարեր առաջ ասել է Սուրբը. «Տէ՛ր, ինձ դարձրու քո խաղաղութեան գործիք»։ Թող այս պատգամը շարունակի ոգեշնչել բոլորիս՝ ծառայելու խաղաղութեանը, փոխադարձ յարգանքին և եղբայրական համերաշխութեանը՝ առաջնորդելով մեզ սիրոյ ու բարութեան ճանապարհով»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ