Որոնել

2026.03.09 Padre Pierre El Raii, ucciso in Libano il 9 marzo 2026

Լիբանանի Եկեղեցւոյ դատապարտումը, կոչն ու աղօթքը վասն խաղաղութեան

Լիբանանի Եպիսկոպոսական հաղորդամիջոցներու յանձնախումբը եւ Կաթողիկէ տեղեկատուական կեդրոնը հրատարակած է հաղորդագրութիւն մը` յիշելով հայր Փիեռ Ալ-Ռայիի սպանութիւնը եւ կոչ ուղղելով պատերազմող կողմերուն, կրկնելով Լեւոն ԺԴ. Պապին Լիբանան այցելութեան ժամանակ արտասանած խօսքերը. «Անհնար է, որ մէկը մտածէ, որ զինուած պայքարը օգուտ կը բերի. Զէնքերը կը սպանեն, մինչ բանակցութիւնը, միջնորդութիւնը եւ երկխօսութիւնը կը կառուցեն խաղաղութիւնը»:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Լիբանանի Եպիսկոպոսական հաղորդամիջոցներու յանձնախումբը եւ Կաթողիկէ տեղեկատուական կեդրոնը հրատարակած է հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ ի միջի այլոց կը կարդանք.

«Երէկ՝ մարտ 9-ին, այն օրը, երբ Եկեղեցին կը յիշատակէ քառասուն նահատակները, նահատակուեցաւ Քլայա գիւղի ժողովրդապետութեան քահանայ հայր Փիեռ Ալ-Ռայի, երբ ան ծառայութիւն կը մատուցեր իր համայնքի հաւատացեալներուն՝ քաղաքի վրայ կատարուած ռմբակոծումներէն ետքը։ Ան «քահանայ մըն էր, որ հաւատարիմ էր իր քահանայութեան, ուշադիր էր իր հօտին եւ պատրաստ մինչեւ իր իսկ կեանքը տալու իր ոչխարներուն համար», ինչպէս վկայեց անոր եպիսկոպոսը՝ Գերապ. Շարպել Ապտալլահ։

Նախորդ օրը՝ մարտ 8-ին, Ալմա աշ-Շաապիի մէջ սպաննուեցաւ նաեւ քաղաքացի Սամի Ալ-Ղուֆրի, Գերապ. Մարուն Ալ-Ղուֆրիի եղբայրը։ Այս զոհերը կը միանան բազմաթիւ այլ անմեղ քաղաքացիներուն, որոնք կը շարունակեն մնալ իրենց հողին եւ տուներուն մէջ՝ հակառակ բռնութեան։

Այս ամէնը կը պատահի « Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի ապրած այս ահռելի ոլորտէն ներս, զինուած հակամարտութիւններու վտանգաւոր սաստկացմամբ, անբնական զոհերու անկումով, ընտանիքներու տեղահանութեամբ եւ մարդասիրական տագնապներու խորացմամբ», ինչպէս նշուած էր Լիբանանի կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսներու խորհրդի 2026 թուականի մարտ 5-ի յայտարարութեան մէջ։

Լիբանանի Եկեղեցին, իր հովիւներու եւ հաւատացեալներու հետ իր ձայնը կը միացնէ Սրբազան Պապի ձայնին եւ կը բարձրացնէ աղօթքը Տէր Յիսուսին, խնդրելով, որ «դադարին ռումբերու պայթիւնները, լռեն զէնքերը եւ բացուի երկխօսութեան տարածք մը, ուր կարելի ըլլայ լսել ժողովուրդներուն ձայնը, Սուրբ Կոյս Մարիամի, խաղաղութեան Թագուհիի բարեխօսութեամբ։

Եկեղեցին կոչ կ՛ուղղէ նաեւ պատերազմող կողմերուն, անկախ իրենց պատկանելիութենէն, յիշեցնելու համար այն, ինչ որ Լեւոն ԺԴ. Պապը ըսած էր իր Լիբանան այցելութեան ժամանակ. «Անհնար է, որ մէկը մտածէ, որ զինուած պայքարը օգուտ կը բերի. Զէնքերը կը սպանեն, մինչ բանակցութիւնը, միջնորդութիւնը եւ երկխօսութիւնը կը կառուցեն խաղաղութիւնը»:

Եկեղեցին ապա կ՛աւելցնէ՝ խաղաղութիւնը կարելի է։ Եկէք, նախ խաղաղենք մեր սրտերը, ապա միասին աշխատինք՝ ստեղծելու հաշտութեան եւ խաղաղութեան մշակոյթ՝ նոր սերունդներուն հետ։

Լիբանանի Եկեղեցին հուսկ կը քաջալերէ հարաւային Լիբանանի հաւատացեալները մնալու հաստատ իրենց հաւատքին եւ կառչելու յոյսին մերժելով բռնութիւնը։

Լիբանանը, ազատութեան, ժողովրդավարութեան եւ բազմակարծութեան հանդէպ հաւատարմութեան մէջ համակեցութեան պատգամ-երկիր եւ օրինակէ. Դուք մերժեցէք բռնութիւնը, ատելութիւնը, եւ վրէժը, քանի որ դուք խաղաղութեան որդիներ էք ու մենք ձեր հետն են միացած աղօթքով` որպէսզի պատերազմը աւարտի եւ հասնի խաղաղութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/03/2026, 08:55