Կարդինալ Սաքոյին կոչը` «Պատերազմը լուծում չէ»
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ինչպէս Միջին Արևելքի շատ մը երկիրներ, Իրաքը եւս մէկ շաբաթէ ի վեր թիրախ է ռմբակոծումներու։ Պաղտատի Քաղդէացիներու Պատրիարք Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքոն, Վատիկանեան լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած զրոյց մը ընթացքին կոչ ուղղած է ի նպաստ խաղաղութեան եւ դիւանագիտութեան։ Ան մտահոգութիւն արտայայտած է՝ տարածաշրջանային լայնամասշտաբ պատերազմական ծաւալումի համար յիշելով 2003-ին ապրուած քաոսը եւ աւերածութիւնները։
Պատրիարքը խօսած է Նինվէյի դաշտի քրիստոնեայ համայնքներու ապրած վտանգի մասին, ուր շուրջ 50,000 մարդ կրնայ ստիպուած ըլլալ փախչիլ, եթէ բռնութիւնը տարածուի։ Ան ապա կոչ ուղղած է համայն քրիստոնեաներուն աղօթելու խաղաղութեան համար, յորդորելով նաեւ իսլամ կրօնական առաջնորդներուն միանալ իր այդ կոչին, յիշելով Ֆրանչիսկոս Պապին Այաթոլլահ Ալ Սիսթանիի 2021 թուականին կատարած պատմական այցը, որպէս նշան կրօնական համակեցութեան։
Ալ Սիսթանին եւս յայտարարութիւն մը տարածած է, հայցելով բոլոր միջազգային դերակատարներէն եւ իսլամական երկրներէն անմիջապէս դադրեցնել հակամարտութիւնը եւ գտնել խաղաղ ու արդար լուծում Իրանի հիւլէական հարցին համար՝ յարգելով նաեւ միջազգային օրէնսդրութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ