Որոնել

2026.03.05 Dichiarazione Patriarchi del Libano

Լիբանանի կաթողիկէ պատրիարքներն ու եպիսկոպոսները կը պահանջեն դադրեցնել բռնութիւնը եւ վերադառնալ երկխօսութեան

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք` Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեանի, Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի, Աղեքսանդրիոյ եւ Երուսաղէմի Յոյն Մելքիթ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պատրիարք Եուսէֆ Ապսիի, Անտիոքի Ասորի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պատրիարք Իգնատիոս Փուսէֆ Գ. Եունանի եւ Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի Մարոնիթ Եկեղեցւոյ Պատրիարք Կարդինալ Պեշարա Պութրոս Ռայիի ստորագրութիւնը կրող պատգամին մէջ կը դատապարտուի բռնութեան շղթան, որ կը սպառնայ մարդկային անձի արժանապատուութեան եւ կը խախտէ արդարութեան ու կայունութեան հիմք
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լիբանանի մէջ Կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսներու ժողովը խոր մտահոգութիւն յայտնեց երկրին մէջ եւ ամբողջ Միջին Արեւելքի տարածքին զինուած բախումներու վտանգաւոր սրացման առնչութեամբ, որ կը յանգեցնէ անմեղ զոհերու, բազմաթիւ ընտանիքներու տեղահանութեան եւ մարդասիրական տառապանքներու ծանրացման։

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք` Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեանի, Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի, Աղեքսանդրիոյ եւ Երուսաղէմի Յոյն Մելքիթ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պատրիարք Եուսէֆ Ապսիի, Անտիոքի Ասորի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պատրիարք Իգնատիոս Եուսէֆ Գ. Եունանի եւ Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի Մարոնիթ Եկեղեցւոյ Պատրիարք Կարդինալ Պեշարա Պութրոս Ռայիի ստորագրութիւնը կրող պատգամին մէջ կը դատապարտուի բռնութեան շղթան, որ կը սպառնայ մարդկային անձի արժանապատուութեան եւ կը խախտէ արդարութեան ու կայունութեան հիմքերը։

Միանալով Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետի կոչին՝ անոնք կը շեշտեն, թէ բռնութիւնը երբեք լուծում չէ, եւ կը պահանջեն անմիջապէս դադրեցնել բախումները՝ վերադառնալով երկխօսութեան եւ պատասխանատու դիւանագիտական գործունէութեան, որոնք ուղղուած են ժողովուրդներու բարիքին։

Լիբանանի Պատրիարքներու եւ Եպիսկոպոսներու ժողովը կոչ կ՛ուղղէ նաեւ լիբանանցի քաղաքական պատասխանատուներուն` պահպանելու համար երկրին միութիւնը, ամրապնդելու քաղաքացիական խաղաղութիւնը եւ երաշխաւոր ըլլալու` որ զէնքերը մնան միայն պետութեան իշխանութեան ներքոյ, պաշտպանելու համար ազգային ինքնիշխանութիւնն ու կայունութիւնը։

Անոնք հուսկ միջազգային համայնքէն կը պահանջեն ուժեղացնել ջանքերը՝ կանխելու նոր սրացումներ եւ յառաջ տանելու արդար ու տեւական լուծումներ։

Վերջապէս, Ժողովը կը քաջալերէ հաւատացեալներն ու բոլոր բարի կամք ունեցող մարդիկը օգնելու տեղահանուածներուն, աջակցելու տուժած համայնքներուն եւ աղօթելու խաղաղութեան համար Լիբանանի եւ ամբողջ շրջանի մէջ՝ երկիրը եւ ամբողջ աշխարհը յանձնելով Աստուծոյ նախախնամութեան եւ Սուրբ Կոյս Մարիամի՝ Խաղաղութեան Թագուհիի բարեխօսութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/03/2026, 11:33