Որոնել

2026.03.28 Chiesa dell'Assunta a Bzommar

Փոխման Ս. Կուսին Մայր Եկեղեցին` 255 տարիներու լուռ վկան Լիբանանահայութեան

Այսօր Փոխման Ս. Կուսի մայր եկեղեցին ո՛չ միայն պաշտամունքի վայր է, այլ նաեւ` հայ ժողովուրդի հաւատքի, մշակոյթի եւ պատմութեան անքակտելի մասնիկը` կանգուն մնալով դարերու փոթորիկներուն եւ փորձութիւններուն դիմաց:

Լեռնալիբանանի գողտրիկ բարձունքին վրայ թառած Զմմառու մայրավանքի Փոխման Ս. Կուսին մայր եկեղեցին 255 տարիներ առաջ կառուցուած է` մայրավանքի հասարակութեան հոգեկան ճախրանքներն ու սլացքը բարձրացնելու առ Աստուած` փառաբանելով Զայն եւ խնդրելով, որ զերծ պահէ ազգը անողոք եւ անագորոյն թշնամիին խարդաւանքներէն:

1771-ին կառուցուած եկեղեցւոյ ներքին գմբէթը` Հռոմէն, 1780-ականներուն բերուած տասներկու առաքեալներու իւղանկարներով զարդարդուած է:

Որմերուն վրայ զետեղուած են չորս աւետարանիչներու կտաւները, որոնցմէ յիշատակութեան արժանի է Յովհաննէս աւետարանիչի պատկերը, որուն թուականը` 1785 եւ նկարիչը` Վինչենցօ Միլոնէ, յայտնի են:

Աւագ խորանը, ըստ հայկական աւանդութեանց,  վերապահուած է Տիրամօր: Խորանը զարդարող Տիրամօր Վերափոխման պատկերը 1780-ի Փիեթրօ Լապրոցիի վրձինին պատկանող արուեստի գլուխ գործոց ստեղծագործութիւն է:

Աւագ խորանին հիւսիսային եւ հարաւային պատերուն Գրիգոր Լուսաւորիչի եւ Ս. Յովսէփին նուիրուած խորաններն են: Հիւսիսարեւելեան սիւնին առջեւ քանդակազարդ պատրիարքական գահն է:

18-րդ դարէն ցարդ` աւագ խորանին առջեւ թաղուած են հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան կաթողիկոս-պատրիարքները:

Եկեղեցւոյ հիմնադրութենէն ետք հոն տեղադրուած է հանրայայտ Ցաւագին Տիրամօր կտաւը, զոր միաբանութեանս հիմնադիր հայրապետ Աբրահամ Ա. Արծիւեանը իրեն հետ բերած է Հռոմէն:

Տիրամայրը, իր բարեխօսութեամբ բազում-բազմապիսի հրաշքներ գործած է միաբաններուն եւ հաւատացեալ հօտին ի նպաստ, որուն շնորհիւ նուաճած է հրաշագործ կոչումը:

1802-ին տարերային կայծակի հարուածը կործանած է Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ գմբէթը, որ նոյն տարուան ընթացքին վերանորոգուած է:

1901-ին կառուցուած է եկեղեցւոյ զանգակատունը:

1940-ին մայր եկեղեցւոյ ձախակողմը կառուցուած է Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր մատուռը, որուն խորանին զետեղուած է Փոխման Ս. Կուսին եկեղեցիէն տեղափոխուած Տիրամօր սրբապատկերը: Մատուռը օծած է կարտինալ Գրիգոր-Պետրոս Աղաճանեան եւ այդ օրէն Տիրամօր Վերափոխման տօնը հաստատուած է` իբրեւ Զմմառու ուխտի օր:

1945-ին մայր եկեղեցին նկարազարդած է Յարութիւն Կալենցը: 1946-ին եկեղեցին վերանորոգուած է: 1948-ին կառուցուած է միաբաններու դամբարանը, ուր կանգնած է յարուցեալ Քրիստոսի արձանը:

1975-ին զանգակատան գագաթին զետեղուած է սիւնազարդ գմբէթը` քանդակուած հայկական զարդանկարներով:

Փոխման Ս. Կուսին մայր եկեղեցւոյ մէջ միաբան հայրերը իրենց աղիողորմ մրմունջով, յուզական շշուկով, մեղմօրէն փորձած են Աստուծոյ հետ հաղորդակցիլ եւ վերանալ աշխարհիկ կեանքէն` զգալու Տիրոջ  ներկայութիւնը իրենց էութեան մէջ: Այդպիսին էր Ս. Իգնատիոս Մալոյեան, որուն սրբադասման հրամանագիրի ստորագրման միամեակը կը տօնենք` այսօր` 28 մարտին:

Այսօր անթիւ-անհամար մարտահրաւէրներով ծանրաբեռնուած մեր ազգը առաւել եւս կարիքը ունի աստուածային բարեխնամութեանն ու կարեկցանքին:

Զմմառու Տիրամօր ոգեղէն ներկայութիւնը մայրավանքիս կեանքին մէջ ընդհանրապէս եւ մասնաւորապէս ազգի գոյապայքարին ի խնդիր` անխախտ լոյս եւ հաւատք կը ներշնչէ, որով Ան` իր մայրական գթասրտութեամբ եւ անսակարկ սիրով, ի վիճակի է միջնորդ հանդիսանալ առ Բարձեալ, որ Տէրը Իր ողորմածութեամբ մեր ազգի եւ հայրենիքի երերացող նաւը անվտանգ ու ապահով յաւերժութեան ափը հասցնէ:

Այսօր Փոխման Ս. Կուսի մայր եկեղեցին ո՛չ միայն պաշտամունքի վայր է, այլ նաեւ` հայ ժողովուրդի հաւատքի, մշակոյթի եւ պատմութեան անքակտելի մասնիկը` կանգուն մնալով դարերու փոթորիկներուն եւ փորձութիւններուն դիմաց:

ՄԱՇՏՈՑ Թ.Ծ.Վ. ԶԱՀԹԷՐԵԱՆ

Պատրիարքական Փոխանորդ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի
Միաբանութեան եւ Մեծաւոր Զմմառու Վանքին

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/03/2026, 08:48