Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանի 200 ամեակին նուիրուած յոբելենական տարին հասաւ իր աւարտին
Մխիթարեան վարժարան... երկդարեայ յուշեր եւ վկայութիւններ իր մէջ խտացուցած կրթօճախ մը, որ տասնամեակներ շարունակ եղած է պոլսահայ ազգային ինքնութեան պահպանութեան, հայերէնի ուսուցման եւ մշակութային ժառանգութեան փոխանցման անառիկ բերդ մը։
Այս վարժարանի պատերէն ներս կրթուեցան եւ կը շարունակեն կրթուիլ սերունդներ, ստանալով ազգային գիտակցութիւն ու հասարակութեան հանդէպ բարձր պատասխանատուութիւն։
Յոբելենական տարին աւարտին հասաւ անցեալ 27 Փետրուարին սարքուած յատուկ միջոցառումով մը։ Անարատ Յղութեան եկեղեցիին մէջ բանախօսութիւններով հանդէս եկան Գերյ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան ու Գերյ. Դոկտ. Մեսրոպ Վրդ. Թոփալեան, որ այս ձեռնարկին համար Լիբանանէն հիւրաբար ժամանած է քաղաքս։
Հանդիսաւոր այս գիշերը իրենց բարձր ներկայութեամբ հովանաւորեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ու կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդ եւ Պատրիարքական Կառավարիչ՝ Գերապայծառ Տ. Վարդան Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեան, իրենց շուրջ ունենալով Արամ Սրբազանը, Մխիթարեան զոյգ Վարդապետները, վեղարաւոր հայրեր եւ քահանաներ։
Մխիթարեան վարժարանի ամբողջ ընտանիքը հոն էր՝ Մատակարար Մարմնի Ատենապետն ու անդամները, վարժարանի զոյգ տնօրէնուհիներն ու ուսուցչաց կազմը, Սանուց Միութեան Ատենապետն ու անդամներ, նաեւ համակիրներ եւ մշակութասէր կոկիկ բազմութիւն մը։
Օրուան հանդիսավարն էր վարժարանի անձնակազմէն Նորա Մելեքեան, որ ներկաները ողջունելէ ու վարժարանի երկդարեայ յոբելեանը յիշատակելէ ետք, կարգաւ ձայն տուաւ երեք բանախօսներուն։ Երեքին ալ բանախօսութիւնները վեր կ'առնէին 200-ամեայ վարժարանի պատմականը եւ անցեալի արժեւորումը։
Հ. Յակովբոս Ծ. Վարդապետը համառօտ ակնարկով մը անդրադարձաւ 200ամեայ տարեգրութեան վերջին 50 տարուայ շրջանին։ Ամփոփ տողերով ներկայացուց ժամանակագրական եղելութիւններ, որոնք այսպէս կամ այնպէս իրենց կնիքը թողած էին վարժարանի գնացքին վրայ։ Պատմեց թէ ինչպիսի պայմաններու տակ կազմաւորուեցաւ Մատակարար Մարմինը, ինչպէ՞ս հաստատուեցաւ «հայ օգնական տնօրէն»ի պաշտօնը, ինչպէ՞ս յաջողեցան դպրոցին վերադարձնել «երկսեռ ուսուցման» դրութիւնը։ Խօսեցաւ նաեւ Ծնողաց Միութեան կազմաւորման, քրիստոնէական ուսուցման ու եկեղեցական երգչախումբի, նախապատրաստական դասարանի, լեզուի ու համակարգիչի աշխատանոցներու կազմաւորման փուլերու մասին, յիշատակեց մտաւորականներ, որոնք հասած էին այս վարժարանէն։ Հանգամանալից տողերով ծանրացաւ նաեւ դպրոցի շէնքի եւ պարտէզներու փոփոխութիւններու, եկեղեցիի, դպրոցի ետեւի պարտէզի վերաշինութիւններուն վրայ։
Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան ցաւ յայտնեց վերջին տասնամեակին իրենց «պարտադրուած» հեռացումի մասին։
Երկրորդ բանախօսն էր Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, որ եղած է Մխիթարեան լիսէի աշակերտ, համապարփակ ձեւով ներկայացուց վարժարանի պատմականը եւ Մխիթարեան հայրերու աւանդը՝ հայ մշակոյթին ու գրչութեան։ Բանախօսութեան ընթացքին ընդգծեց` որ Մխիթարեան Միաբանութեան հայրերու կրթական առաքելութիւնը երկու դար շարունակ եղած է հայ ժողովուրդի հոգեւոր, բարոյական եւ մտաւոր վերազարթօնքի շարժիչ ուժերէն մէկը։ Յիշեցուց որ Վենետիկեան եւ Վիեննական ճիւղերով Մխիթարեան հայրերը Պոլսոյ մէջ եւ գաւառի բազմաթիւ կեդրոններու մէջ հիմնած են կրթական օճախներ, որոնք սերունդներ կրթած են՝ օժտուած ազգային եւ համամարդկային արժէքներով։
Անդրադարձաւ Մխիթարեան վարժարաններու, որոնք անցեալին մէջ գործած էին Բերայի, Ղալաթիոյ, Գատըգիւղի, Բանկալթիի եւ այլ թաղամասերու մէջ, շեշտելով որ այդ կրթօճախները եղած են բարձրակարգ ուսման օրինակներ՝ օժտուած բազմալեզու ուսուցմամբ եւ ժամանակի պահանջներուն համահունչ ծրագիրներով։ Ըսաւ որ անոնք սերտ կապ պահած են Պատրիարքական Աթոռին հետ եւ արժանացած են եկեղեցական ու ազգային առաջնորդներու գնահատանքին։
Գրիգոր Աւ. Քահանայ իր համապարփակ ուսումնասիրութեան մէջ ընդգծեց որ գաւառի կեդրոններու մէջ եւս Մխիթարեան հայրերը հիմնած են վարժարաններ Տրապիզոնի, Զմիւռնիոյ, Պարտիզակի, Նիկոմիդիոյ, Խարբերդի, Մալաթիոյ, Կարինի եւ այլ քաղաքներու մէջ՝ նպաստելով տեղւոյն հայութեան կրթական զարգացման։ «Այս հաստատութիւնները յաճախ դիմագրաւած են տնտեսական դժուարութիւններ, համաճարակներ, հրդեհներ եւ պատերազմական արհաւիրքներ, սակայն իրենց թողած կրթադաստիարակչական ժառանգութիւնը մնայուն հետք ձգած է հայ ազգային կեանքին մէջ», դիտել տուաւ Քահանայ Հայրը եւ եզրակացնելով, շեշտեց որ Մխիթարեան վարժարանները կրթած են բազմաթիւ արժանաւոր շրջանաւարտներ՝ պետական այրեր, մտաւորականներ, գրագէտներ, արուեստագէտներ եւ եկեղեցականներ։ Անոնց գործունէութիւնը դարձած է մշտավառ փարոս մը, որ երկու դար շարունակ լուսաւորած է հայ որդիներու միտքն ու հոգին։
Երրորդ բանախօսն էր Մեսրոպ Վրդ. Թոփալեան որ առարկայական վերլուծութեամբ մը անդրադարձաւ 200ամեայ վարժարանի յոյժ արգասաբեր գոյութեան։ Թուային տուեալներով ներկայացուց թէ քանի՞ տնօրէն, մեծաւոր հայրեր, առաքեալ եղբայրներ, բժիշկներ, հիմնադրի ներկայացուցիչներ, փոխտնօրէններ, ուսուցիչներ եւ պաշտօնեաներ ունեցած է վարժարանը, քանի՞ շրջանաւարտ վկայուած են այս կրթօճախէն։
Յիշատակեց որ Մխիթարեան լիսէէն հասած են միջազգային համբաւի տէր կղերականներ ու աշխարհականներ, մտաւորականներ, որոնք բազմասեռ ասպարէզներու մէջ բեղուն վաստակով լուսաշող պարծանքները եղած են իրենց վարժարանին, նաեւ պոլսահայութեան ու մարդկութեան։
Վարժարանի 200ամեայ պատմութեան համառօտ արժեւորումը կատարելէ ետք, Թոփալեան Վարդապետը մաղթեց որ երկդարեայ յոբելեար վարժարանը յաւերժանայ հորիզոնափայլ ամեակներով։
Բանախօսութիւններէն ետք իր սրտի խօսքը արտասանեց Գերապայծառ Տէրը, որ Ամեն. եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքի հայրական օրհնութիւնները եւ ողջոյնները փոխանցեց։ Ան առիթէն օգտուելով յիշատակեց թէ ինչպէ՞ս նշուած էր վարժարանի 100 ամեակը։ Ըսաւ որ առաջին 100 ամեակը պատարագով մը նշուած է, Պատարագը մատուցուած է եղեր Ս. Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մէջ, պատարագը մատուցանած է եղեր Նազլեան Արքեպիսկոպոսը եւ 100 տարի առաջ երգչախումբին հետ նուագախումբի մըն ալ ընկերակցութեամբ ներկայացուեր է Այտընեան պատարագը։ «100 տարի առաջ մեր համայնքը այսպիսի կարեւոր դէպք մը ապրած է, իսկ հիմա 2րդ հարիւրամեակը կը բոլորենք, շնորհակալ ենք մասնակիցներուն, կազմակերպիչներուն, 200ամեակի յոբելեանը կը նուիրենք Մխիթար Աբբահօր։ «Ա՛յս է իմ մաղթանքը, ասիկա է մեր մաղթանք», ըսաւ Վարդան Թ. Ծ. Վարդապետ։
Հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ յուշանուէրներու տուչութեամբ։ Օրուան բանախօսներու յուշանուէրները յանձնեցին Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէն եւ վարժարանի զոյգ տնօրէնուհիները՝ Եւա Օրագեան ու Գաթիա Վարկը։ 200ամեակի կարգադիր յանձնախումբի ատենապետ Արսէն Գովանի յուշանուէրը յանձնեց Մատակարար Մարմնի Ատենապետ Ռաֆայէլ-Ժոզէֆ Ալիք։ Յուշանուէր մը պատրաստուած էր նաեւ Գերապայծառ Տիրոջ համար. զայն յանձնեց Պատրիարք Հայրը եւ ապա արտասանեց փակման խօսքը։ Նորին Ամենապատուութիւնը իր խօսքը «կառուցանեց» անդրադառնալով աւանդութիւն եւ ժառանգ գաղափարներուն։ Այս գաղափարներէն մեկնելով Մխիթարեան վարժարանի տարեգրութիւնը արժեւորեց, ըսելով որ այս կրթօճախը համայնքի պատկառելի դպրոցներէն մէկն է։ Շեշտեց որ Մխիթարեան ժառանգը ամբողջ հայ ազգի համար մեծ բախտաւորութիւն եղած է, քանի որ Մխիթար աբբահայրն ու իր վարդապետ միաբանները, հետեւելով ոսկեդարու թարգմանիչներու օրինակներուն, զօրացուցին հայ մշակոյթը, նպաստեցին հայ ազգային գիտակցութեան զարգացումին։ «Անոնք խտիր չդրին առաքելական, կաթոլիկ, բողոքական հայերու միջեւ, այլ աշխատեցան ազգային գիտակցութեամբ», նշեց Պատրիարք Հայրը, որ շարունակեց խօսքերը, շնորհաւորելով Մխիթարեան վարժարանի ընտանիքի բոլոր պատասխանատուները։
Յաջորդեց ընդունելութիւնը, որ սարքուեցաւ վարժարանի սրահին մէջ։ Այստեղ ներկաները առիթն ունեցան ունկնդրելու վարժարանէն երեք շնորհալի աշակերտուհիներու արտասանութիւնը, ապա հայերէն երգերու փունջ մը, որ հրամցուեցաւ վարժարանի նուագախումբի եւ մենակատարուհիներու կողմէ։ Հաճելի պահեր էին, մտերմիկ զրոյցներով ու խօսակցութիւններով ջերմացած։
Աղբիւրը` Մարմարա
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ