Նիճերիա.․ Քատունա նահանգին մէջ առեւանգուած է աւելի քան 50 մարդ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Նիճերիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ, մասնաւորաբար Քատունա նահանգին մէջ, բռնութիւններն ու առեւանգումները կը շարունակուին։ Վերջին օրերուն առնուազն 51 մարդ առեւանգուած է, իսկ 6 հոգի սպաննուած՝ չորս տարբեր գիւղերու դէմ կատարուած զինուած յարձակումներու ընթացքին։
Յարձակումները տեղի ունեցած են հիմնականօրէն քրիստոնէական բնակչութիւն ունեցող շրջաններու մէջ։
Քաժուրուի շրջանին մէջ զինուած խումբ մը առեւանգած է 11 մարդ, որոնց մէջ՝ մէկ կաթողիկէ քահանայ՝ հայր Նաթանիել Ասուէյէ, եւ սպաննուած են երեք քաղաքացի։ Այլ յարձակումի մը ընթացքին 38 մարդ առեւանգուած է, այդ թիւին մէջ՝ մէկ իմամ եւ իր համայնքէն անդամներ։
Բռնարարքները տարածուած են նաեւ այլ նահանգներ՝ ուր զոհերու ընդհանուր թիւը հասած է տասնեակներու, իսկ Քուարա նահանգի մէկ գիւղի մէջ՝ շուրջ 175 զոհ արձանագրուած է։ Տուներ եւ խանութներ հրկիզուած են, ամբողջ գիւղեր աւերուած։
Նիճերիոյ նախագահ Պոլա Թինուպու ուժեղացուցած է անվտանգութեան միջոցառումները եւ բանակ տեղակայած է տուժած շրջաններուն մէջ։
Իշխանութիւնները յարձակումներուն պատասխանատու կը նկատեն ահաբեկչական խմբաւորումներ, մասնաւորաբար Պոքօ Հարամը, նշելով որ բռնարարքները ուղղուած են այն բնակիչներուն դէմ, որոնք կը մերժեն ծայրայեղական գաղափարախօսութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ