Ամերիկացի եպիսկոպոսներու մտահոգութիւնը ԱՄՆ ներգաղթի քաղաքականութեան շուրջ
Մարիամ Երեմեան – Վատիկան
18 ամերիկացի եպիսկոպոսներ (որոնցմէ շատեր կը գլխաւորեն Մեքսիքոյի սահմանին մօտ գտնուող թեմեր), 24 Փետրուարին հրապարակած նամակով վերահաստատած են Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ տեսակէտը ներգաղթի վերաբերեալ ԱՄՆ ներկայ քաղաքականութիւններուն մասին։ Նամակը՝ ուղղուած Քոնկրէսին եւ վարչակազմին, որոնք ներկայիս կը քննեն ներգաղթի օրէնքներու կիրարկման ձեւը բարեփոխելու տարբերակները, կը ծաւալուի 8 կէտերէն բաղկացած առաջարկներու շուրջ, որ են.
Յարգել սահմանին ապաստան հայցելու իրաւունքը, պաշտպանել «զգայուն վայրերը», աջակցիլ անոնց, որոնք կը նպաստեն ազգի ընդհանուր բարօրութեան, միասին պահել գաղթական ընտանիքները, վերականգնել եւ երաշխաւորել արդար դատավարութիւնը, դադրեցնել համայնքներուն մէջ ահաբեկում եւ վախ ստեղծելու նպատակով կիրառուող մարտավարութիւններու օգտագործումը, կալանաւորման չափանիշները գործադրել՝ ըմբռնում ցուցաբերելով խոցելի խումբերուն նկատմամբ, ֆինանսաւորել արտաքսուածներու վերաընդելուզման ծրագիրներ։
Գաղթականներու արժանապատուութեան եւ իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը
Եպիսկոպոսները, ի մասնաւորի, մտահոգութիւն կը յայտնեն Ներքին Անվտանգութեան Վարչութեան կողմէ Երկրին մէջ օրէնսդրական կարգավիճակ չունեցող անհատներուն եւ ընտանիքներուն վրայ ներգաղթի վերահսկողութեան վերջին գործողութիւններու ազդեցութեան առնչութեամբ։
Ինքնիշխան պետութեան մը իր օրէնքները գործադրելու իրաւունքն ու պարտականութիւնը ճանչնալով հանդերձ, կը շեշտեն անոնք, «կը հաւատանք, որ այս օրէնքները պէտք է գործադրուին այնպիսի ձեւով, որ պաշտպանէ մարդկային անձին արժանապատուութիւնն ու իրաւունքները, որոնք Աստուծմէ տրուած են»։
Առանձնայատուկ կարեւոր են «զգայուն վայրերը»
«Զգայուն վայրերը»՝ ինչպէս օրինակ եկեղեցիները, դպրոցները եւ առողջապահական հաստատութիւնները, առանձնայատուկ կարեւորութիւն ունին Ամերիկացի եպիսկոպոսներուն համար, որոնք կը հաստատեն, թէ հօտին որոշ անդամներ «որոշած են չմասնակցիլ Սուրբ Պատարագին կամ չմօտենալ խորհուրդներուն՝ վերահսկողական գործողութիւններու վախէն»։ Անոնց խօսքերով, ասիկա «կրօնական ազատութեան խնդիր է՝ իրաւունք մը, որ ամրագրուած է ըլլա՛յ ԱՄՆ Սահմանադրութեամբ, ըլլա՛յ միջազգային դաշնագիրներով»։
Քաղաքացիութիւն՝ ստուերէն դուրս գալու համար
Ստորագրողները կը դատապարտեն արագացուած արտաքսումներու, առանց դատական հրամանագիրի կամ նոյնիսկ դատարաններու մէջ կատարուող ձերբակալութիւններու, ցեղային տարբերակման, շարժուն պարեկութեան եւ գաղթականներու նկատմամբ ֆիզիկական բռնութեան կիրառումը, որոնք, ըստ անոնց, «պէտք է արգիլուին»։
Ի վերջոյ, Եպիսկոպոսները՝ կառավարութիւնը հրաւիրելով նպաստելու անկանոն ներգաղթի արմատական պատճառներու մեղմացման (տնտեսական զարգացման պակաս, կլիմայական վատթարացում, հակամարտութիւններ եւ անապահովութիւն ծագման երկիրներուն մէջ), կը յայտնեն իրենց պատրաստակամութիւնը համագործակցելու «ստեղծելու ներգաղթի համակարգ մը, որ կ՚երաշխաւորէ հանրային անվտանգութիւնը, կը պաշտպանէ մարդկային իրաւունքները, կը խթանէ տնտեսական աճն ու արդարութիւնը եւ կը պաշտպանէ մեր աւանդութիւնը՝ որպէս գաղթականներու ազգ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ