Գերյ. Հ. Եղիա Ծ. Վրդ. Գիրէջեան եւ ԱՄՆ-ի եւ Գանատայի Հայ Կաթողիկէ Թեմի Առաջնորդ՝ Գերապայծառ Հ. Միքայէլ եպս. Մուրատեան։ Գերյ. Հ. Եղիա Ծ. Վրդ. Գիրէջեան եւ ԱՄՆ-ի եւ Գանատայի Հայ Կաթողիկէ Թեմի Առաջնորդ՝ Գերապայծառ Հ. Միքայէլ եպս. Մուրատեան։ 

Յարգանքի վերջին տուրք եւ հրաժեշտ Թորոնթոն սգաց իր հովիւին կորուստ

Գերապայծառ Մուրատեանը վեր առաւ Հայր Եղիայի 64 տարիներու տքնաջան ծառայութիւնը՝ որպէս Թորոնթոյի հայ կաթողիկէ համայնքի «բարի հովիւ» եւ եկեղեցական համալիրի հիմնադիր, զայն ներկայացնելով որպէս Քրիստոսի նուիրուած հաւատարիմ վկայ: Ան պատգամեց հաւատացեալներուն հետեւիլ հանգուցեալին կտակած հաւատքի ուղիին՝ շեշտելով, որ Հայր Սուրբը այսուհետեւ երկնքի արքայութեան մէջ պիտի ըլլայ մնայուն բարեխօս իր հօտին համար:

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Թորոնթոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ հոգելոյս ժողովրդապետ՝ Գերյ. Հ. Եղիա Ծ. Վրդ. Գիրէջեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։ Հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը, հոգեւորական դասն ու համայնքային ներկայացուցիչներ համախմբուած էին՝ վերջին յարգանքի տուրքը մատուցելու վաստակաշատ հոգեւորականին, որ տասնամեակներ շարունակ անսակարկ ծառայութիւն մատուցած էր Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ ընդհանրապէս հայութեան։

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ

Յուղարկաւորութեան արարողութեան նախորդեց հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը, զոր մատուցեց ԱՄՆ-ի եւ Գանատայի Հայ Կաթողիկէ Թեմի Առաջնորդ՝ Գերապայծառ Հ. Միքայէլ եպս. Մուրատեան։ Պատարագի ընթացքին տիրող խորհրդաւոր ու աղօթական մթնոլորտը կը վկայէր այն խոր սիրոյ, յարգանքի եւ երախտագիտութեան զգացումը, զոր հանգուցեալ Հայր Սուրբը վայելած էր իր հօտին եւ համայնքին կողմէ։

Գերապայծառ Մուրատեանի դամբանական խօսքը

Արարողութեան ընթացքին, Գերապայծառ Միքայէլ եպս. Մուրատեան հանդէս եկաւ սրտառուչ դամբանական խօսքով մը՝ վեր առնելով Հայր Եղիա Գիրէջեանի 64 տարիներու տքնաջան ու հաւատարիմ ծառայութիւնը։ Ան ներկայացուց հանգուցեալը որպէս Թորոնթոյի հայ կաթողիկէ համայնքի «բարի հովիւ», որ հսկեց իր հօտին վրայ՝ կազմակերպելով համայնքի հոգեւոր, մշակութային եւ ազգային կեանքը, եւ «քար առ քար հիմնադրելով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցական կոթողային համալիրը»։

Քրիստոսի նուիրուած ու հաւատարիմ վկան

Գերապայծառ Մուրատեանը շեշտեց, որ Հայր Եղիան ոչ միայն համայնքի հոգեւոր առաջնորդն էր, այլ նաեւ Քրիստոսի նուիրուած ու հաւատարիմ վկան, որ իր կեանքը ամբողջութեամբ նուիրեց ծառայութեան։ Ան յիշեց Հայր Եղիային մեծ կտակը, որ գրուած է եկեղեցւոյ խորանին վրայ՝ «Յիսուս Քրիստոս երէկ, այսօր եւ միշտ յաւիտեան», եւ պատգամեց հաւատացեալներուն մնալ հաւատարիմ այդ ուղիին։

Դամբանականին մէջ անդրադարձ եղաւ նաեւ Հայր Եղիային հոգեւոր ճանապարհին՝ Զմմառու Արծիւեան Պատրիարքական կղերի միաբանութեան մէջ իր մուտքէն մինչեւ Լիբանան եւ ապա Թորոնթօ իր առաքելութիւնը, ուր ան կրթեց ու առաջնորդեց սերունդներ, դառնալով հոգեւոր հայր բազմաթիւ հաւատացեալներու։

Գերապայծառ Մուրատեանը վստահութիւն յայտնեց, թէ թէեւ համայնքը այսօր կը սգայ իր սիրելի հովիւի կորուստը, սակայն միեւնոյն ժամանակ ունի մխիթարիչ յոյսը, որ Հայր Եղիան այսուհետեւ երկնքի արքայութեան մէջ պիտի ըլլայ մնայուն բարեխօս իր հօտին համար։

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը եզրափակուեցաւ խոր յուզումով ու աղօթքով, վստահութեամբ, որ հանգուցեալ Հայր Սուրբը իր կեանքով վկայեց այն հաւատքը, զոր քարոզեց եւ ապրեցաւ ամբողջ իր ծառայութեան ընթացքին։

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/02/2026, 08:50