Վարդանանց Տօնակատարութիւն Պաղտատի մէջ Վարդանանց Տօնակատարութիւն Պաղտատի մէջ 

Վարդանանց Տօնակատարութիւն Պաղտատի մէջ

Հանդիսապետութեամբ Պաղտատի Հայ Կաթողիկէ Թեմի Առաջնորդ՝ Արհի. Հ. Ներսէս Արք. Զապարեանի, Հինգշաբթի, 12 Փետրուար 2026-ին, տեղի ունեցաւ Սրբոց Վարդանանց տօնին նշումը, որուն նուիրուած սուրբ եւ անմահ Պատարագը մատուցեց Գեր. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեան
Ունկնդրէ լուրը

Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց եւ 1036 Վկայից տօնին առիթով, դարձեալ լսելի դարձաւ Պաղտատի Նարեկի սուրբ Աստուածածին Հայ Կաթողիկէ երկնասլաց Մայր տաճարի մեծ զանգակներու ղօղանջը: Արդարեւ, Վարդանանց ճակատամարտը, առաջին հերթին՝ քրիստոնէական հաւատքի և այդ հաւատքով ապրող ժողովուրդի գոյապայքարի անլռելի ղօղանջն է: Վարդանանք մեծ սուրբեր մնացին ընդմիշտ ազգին յիշողութեան մէջ: Վարդանանց ճակատամարտէն դարեր անց՝ հայ ժողովուրդը թէ՛ իր յուսահատութեան և թէ՛ ուրախութեան օրերուն առաջնորդուեցաւ անոնց հերոսական ոգիով, որովհետեւ անոր մէջ տեսաւ իր կեանքի և գոյութեան իմաստը:

Հանդիսապետութեամբ Պաղտատի Հայ Կաթողիկէ Թեմի Առաջնորդ՝ Արհի. Հ. Ներսէս Արք. Զապարեանի, Հինգշաբթի, 12 Փետրուար 2026-ին, տեղի ունեցաւ Սրբոց Վարդանանց տօնին նշումը, որուն նուիրուած սուրբ եւ անմահ Պատարագը մատուցեց Գեր. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեան: Արդարեւ, Հայ Եկեղեցւոյ Տօնացոյցին մէջ կարգուած են սուրբերու տօներ, և իւրաքանչիւր սուրբին տարուայ մէջ յատուկ օր յատկացուած է: Անոնց պատուին երգեր ու զանազան աղօթքներ նուիրուած են:

Եկեղեցւոյ Վարդապետներն կ'ըսեն, թէ սուրբերն ունին իշխանութիւն՝ բարեխօսելու մեզի համար, որուն կարիքը մենք շատ ունինք: Այս դիտաւորութեամբ մենք կը տօնենք անոնց յիշատակը, կարծես թէ Աստուծոյ ողորմութեան բանալին այդ օրը յիշատակուող սուրբի ձեռքը ըլլայ: Օրուան պատգամը փոխանցեց օրուան պատարագիչ հայրը, որ թելադրեց ներկայ հաւատացեալները միշտ յիշել Վարդանանց խորհուրդը եւ հետեւիլ Վարդաններու օրինակին: Յետ քարոզի՝ ներկայ բազմութեան մասնակցութեամբ հնչեց Վարդանանց երգեր ու շարականներ։ Եկեղեցւոյ երգչախումբը երգեց Վարդանանց նուիրուած «Նորահրաշ» և «Արիացեալք» գեղեցիկ շարականները, ինչպէս նաեւ «Վարդանանք» երգը, անմահացնելով անոնց յիշատակը:

Վերջապէ՛ս, Վարդանանց ճակատամարտը կը շարունակուի նաեւ այսօր ի տես մեր ժողովուրդի ազգային գոյութեան սպառնացող բոլոր վտանգներուն: Փոխուած են ժամանակները, պարագաներն ու պայմանները. Չէ փոխուած սակայն թշնամիին դիտաւորութիւնն ու նպատակը, հետեւաբար պէտք է սերունդէ սերունդ գոյատեւէ Վարդանանց զոհաբերութեան խորհուրդը, հաւատքի ուժը, ազգային ոգին, և զօրանայ անոնց հաւատարիմ մնալու մեր ուխտը: Քիչ անց, Առաջնորդարանի դահլիճը լեցուեցաւ կոկիկ բազմութեան ներկայութեան, ուր յաւուր պատշաճի հիւրասիրութիւն տեղի ունեցաւ, որմէ ետք ներկաները խորապէս տպաւորուած մեկնեցան, Վարդանանց ուխտը իրենց սրտերուն մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

Photogallery

Վարդանանց Տօնակատարութիւն Պաղտատի մէջ
13/02/2026, 07:37