Որոնել

Քառասնորդաց,  աղօթք, աւետարան Քառասնորդաց, աղօթք, աւետարան 

«Ձեւէն դէպի Էութիւն՝ իսկական արդարութեան որոնումը» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան

Ճշմարիտ քրիստոնէական արդարութիւնը կը գերազանցէ փարիսեցիներու արտաքին ու ձեւական օրինապահութիւնը՝ պահանջելով սրտի մաքրութիւն, խոնարհութիւն եւ անկեղծ սէր։ Երկնքի արքայութեան դուռը կը բացուի միայն այն ատեն, երբ մեր բարի գործերը կը բխին Աստուծոյ հանդէպ որդիական սիրոյ ներքին փոխակերպումէն, եւ ոչ թէ մարդոցմէ գովասանք քաղելու փառասիրութենէն։
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Քանզի կ՚ըսեմ ձեզի, Եթէ ձեր արդարութիւնը դպիրներուն ու փարիսեցիներուն արդարութենէն աւելի չըլլայ, բնաւ պիտի չմտնէք երկնքի թագաւորութիւնը» (Մտթ. 5:20)

Մատթէոսի աւետարանի այս խօսքը երկնքի արքայութեան բանալին ու հիմնական պայմանն է։ Յիսուս իր աշակերտներուն առջեւ կը դնէ նշաձող մը, որ մարդկային տրամաբանութեամբ անհասանելի կը թուի։ Փարիսեցիները Օրէնքի ամենաճշդապահ պահապաններն էին. անոնք տասանորդ կու տային նոյնիսկ անանուխի ու չամանի համար։ Ինչպէ՞ս կարելի է անոնցմէ «աւելի» արդար ըլլալ։

1. Փարիսեցիին «Արդարութիւնը». Դիմակ, թէ՞ Դէմք

Փարիսեցիներուն սխալը ոչ թէ Օրէնքը պահելն էր, այլ զայն որպէս «ցուցափեղկ» (vitrine) օգտագործելը։ Անոնց արդարութիւնը կը կանգնէր մակերեսին վրայ։ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերանը կըսէ. «Փարիսեցիներուն արդարութիւնը պակասաւոր էր, որովհետեւ անոնք կը խուսափէին սպանութենէն, բայց սիրտերնուն մէջ կը պահէին բարկութիւնը։ Անոնք չէին շնար, բայց ցանկութեամբ կը նայէին։ Քրիստոս մեզմէ կը պահանջէ ոչ միայն ձեռքերու մաքրութիւն, այլեւ՝ մտքի սրբութիւն»։

2. Աւելի՛ն, քան Տառը: - «վասն զի գիրը կը սպաննէ, բայց հոգին կ՚ապրեցնէ» (Բ. Կորնթ 3:6)

Երբ Քրիստոս կըսէ «գերազանցէ», ան նկատի չունի աւելի շատ կանոններ յօրինել։ Ան նկատի ունի Սէրը, որ Օրէնքին լրումն է։ Փարիսեցին կը գործէր վախէն կամ փառասիրութենէն։ Քրիստոնեան պէտք է գործէ որդիական սիրով։ Սուրբ Մակար Եգիպտացին կը սորվեցնէ, որ եթէ մարդուն ներաշխարհը չէ փոխուած Սուրբ Հոգիով, անոր բոլոր արտաքին բարի գործերը նման են գեղեցիկ շինուած գերեզմանի մը, որուն ներսը դատարկութիւն է։ Արդարութիւնը պէտք է բխի սիրտէն՝ որպէս բնական արդիւնք Աստուծոյ հետ միացած ըլլալուն։

3. Երկնքի Արքայութեան Դուռը

Ինչո՞ւ չենք կրնար մտնել Արքայութիւն առանց այս գերազանցող արդարութեան։ Որովհետեւ եթէ մեր սիրտը դեռ լեցուն է նախանձով, հպարտութեամբ կամ դատապարտութեամբ (նոյնիսկ եթէ արտաքուստ «սուրբ» կը ձեւանանք), մենք մեզմով իսկ կը փակենք Արքայութեան դուռը։ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը իր «Յաճախապատում» ճառերուն մէջ կը շեշտէ, որ ճշմարիտ արդարութիւնը խոնարհութիւնն է։ Փարիսեցին կը հպարտանար իր արդարութեամբ, իսկ իսկական քրիստոնեան, որքան կը մօտենայ Աստուծոյ, այնքան ինքզինք մեղաւոր կը զգայ։ Այս խոնարհութիւնն է, որ մեզ կը բարձրացնէ փարիսեցիներէն վեր։
Սիրելի՛ հաւատացեալ, մի՛ չափեր քու հաւատքդ միայն եկեղեցի երթալով կամ պահք պահելով։ Ասոնք անհրաժեշտ են, բայց բաւարար չեն։ Եթէ կը կարծենք, թէ քրիստոնէական արդարութիւնը լոկ բարի գործերու շարան մըն է, Սուրբ Իսահակ Ասորին մեզ կը սթափեցնէ իր անողոք ճշմարտութեամբ. «Ամէն գործ, որ Աստուծոյ փառքին համար չէ կատարուած, փառասիրութիւն եւ ինքնապարծանք է։ Արարքն ու գործողը՝ երկուքն ալ պիտի կորսուին»։ Այս խօսքը կը բացայայտէ փարիսեցիականութեան իսկական վտանգը։ Փարիսեցին կրնայ աղօթել, ողորմութիւն տալ եւ պահք պահել, բայց եթէ այդ բոլորին նպատակը իր սեփական «ես»-ը գոհացնելն է կամ մարդոցմէ գովասանք քաղելը, ապա այդ «բարիքը» կը դառնայ իր հոգիին կորուստը։
Աղօթենք, որ Տէրը մեր քարեղէն սիրտերը փոխէ մարմնեղէն սիրտերու, որպէսզի մեր արդարութիւնը ըլլայ ոչ թէ մարդոց ցոյց տալու համար, այլ՝ Աստուծոյ փառքին համար։

 

Ամէն։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/02/2026, 08:41