Յիսուս կը քարոզէ լերան վրայ Յիսուս կը քարոզէ լերան վրայ 

«Եկեղեցական կոչումը ինքնութիւն է եւ ոչ թէ պաշտօն» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան

Եկեղեցականի կոչումը սոսկ պաշտօն կամ գործ չէ, այլ անքակտելի ինքնութիւն, որով ան կը դառնայ Քրիստոսի սիրոյն տեսանելի նշանը եւ հաստատուն կը մնայ իր ծառայութեան մէջ՝ անկախ պայմաններէն: Փոխան տեսական ուսուցումներու, եկեղեցականը կոչուած է ըլլալու կենդանի վկայ, որը սիրոյ լեզուով եւ անձնական օրինակով կը հաղորդակցի մարդոց սիրտերուն ու կը կիսէ անոնց ցաւը:
Ունկնդրէ լուրը

Այսօրուան աշխարհին մէջ մարդը կը չափուի իր իրագործումներով, սակայն եկեղեցականը կը չափուի իր ինքնութեամբ: Եկեղեցականը լոկ «ընկերային ծառայող», «ուսուցիչ» կամ «բարերար» մը չէ. ասոնք պաշտօններ են, զորս որեւէ մէկը կրնայ կատարել : Իսկ եկեղեցականին ինքնութիւնն է ըլլալ «Քրիստոսի վկան» եւ «Աստուծոյ սիրոյն տեսանելի նշանը» : Պաշտօնեան ունի որոշակի աշխատանքային ժամեր եւ ընթացք. այս կ'աւարտի թոշակի անցնելով եւ կամ հանգստեան կոչուելով: Մինչդեռ ինքնութիւնը մարդուն կ'ուղեկցի իր կեանքի ճանապարհորդութեան ընթացքին՝ քնացած թէ արթուն վիճակին, իր ծառայութեան թէ հիւանդութեան ատեն՝ մինչեւ վերջին շունչը : Պաշտօնեան կրնայ լքել իր աշխատանքը, եթէ պայմանները վատանան եւ թշնամին յարձակի, բայց ան որ իր առաքելութիւնը կ'ապրի որպէս «ինքնութիւն», կը մնայ հաստատուն, որովհետեւ չի կրնար բաժնուիլ իր մարմինէն՝ Եկեղեցիէն եւ Աստուծոյ ժողովուրդէն:

Առաքելութիւնը Որպէս Կենդանի Վկայութիւն

Առաքելութիւնը սիրով ապրիլ կը նշանակէ ըլլալ «կենդանի սրբապատկեր» մը, որ կ'արտացոլէ Քրիստոսի դէմքը՝ խաղաղութեամբ ու համբերութեամբ:
Եկեղեցական ըլլալը խորունկ խորհրդանիշ մը կը կրէ, յատկապէս երբ ան կոչուած է ապրելու եկեղեցական առաքելութիւնը՝ սիրով ու նուիրումով:
Եկեղեցականին առաքելութիւնը կը սկսի Քրիստոսի հետ անձնական հանդիպում ունենալով: Եկեղեցականը «ծրագիրներ» չի կրեր, այլ կը կրէ «Անձ մը», որն է Տէր Յիսուս Քրիստոս: Աշխարհը այլեւս չի համոզուիր տեսական ճառերով, այլ կը փնտռէ «ապրուած ճշմարտութիւնը»:
Ժամանակակից մարդը աւելի շատ մտիկ կ'ընէ վկաներուն, քան ուսուցիչներուն :
Վկայութիւնը՝ Որպէս Սրտի Լեզու

Ուսուցիչ մը ընդհանրապէս կը դիմէ միտքերուն, բայց վկան կը դիպչի սիրտերուն: Ներկայ աշխարհի դժնդակ պայմաններուն մէջ եկեղեցականը գուցէ միշտ չգտնէ «ուսուցողական» պատասխաններ մարդոց ցաւալի հարցումներուն, բայց ան ունի աւելի թանկագին բան մը՝ ըլլալ վկայ իր ներկայութեամբ, լռութեամբ եւ տառատպեալներու կողքին անսասան մնալով:
Վկան համբերութեան դասեր չի տար, այլ ինք համբերատար կ'ըլլայ մարդոց հետ:
Ան աղքատներուն մասին չի խօսիր, որպէս ընկերային հարց. այլ աղքատ կ'ըլլայ անոնց հետ եւ անոնց համար:
Եկեղեցականի առաքելութիւնը «յարութեան վկայ» ըլլալն է այնպիսի ժամանակներու մէջ, ուր մարդկութիւնը ճաշակած է խաչի համը:

Սուրբերու Օրինակը

Մարիամ Աստուածածին: Ան «ուսուցչուհի» չէր, այլ «առաջին վկան»: Ան «այո» ըսաւ նոր ինքնութեան մը՝ «Տիրոջ աղախինը» ըլլալու : Խաչին տակ ան չքարոզեց, այլ վկայեց լռութեամբ եւ վստահութեամբ:
Ասիզացի Ս. Ֆրանչիսկոս: Ան մարմնաւորեց «վկաներ, ոչ թէ ուսուցիչներ» սկզբունքը : Երբ Տէրը ըսաւ իրեն՝ «նորոգէ՛ իմ եկեղեցիս», ան դասախօսութիւններու շարք մը սարքելով, այլ սկսաւ քարեր կրելով եւ հոգիներ կերտելով:

Սէրը՝ Որպէս Երաշխիք

Առաքելութեան հանդէպ սէրն է, որ կը զանազանէ «վարձկանը» «հովիւէն» : Սէրը միակ երաշխիքն է հոգեկան հիւծումի (épuisement professionnel) եւ ձանձրոյթի դէմ : Երբ ձեր գործերը ողողուած են սիրով, յոգնութիւնը կը դառնայ անուշահոտ խունկի մը, որ կը բարձրանայ երկինք : Յաւիտենականութեան առջեւ մենք պիտի չհարցաքննուինք մեր իրագործումներուն «քանակին» մասին, այլ այն «սիրոյ չափին» մասին, զոր դրած ենք այդ իրագործումներուն մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/02/2026, 09:58