Որոնել

2024.03.22 Mkhitar Sebastasi

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (54)

Մխիթար Աբբահօր մահուան 275րդ Յոբելեան - Հաղորդաշարը պատրաստեց Մխիթարեան միաբանութեան ուխտէն՝ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան

54.- ՄԵ­ԹՈ­ՆԻ ՎԱՆ­ՔԻՆ ԲՆԱ­ԿԱ­ՐԱ­ՆԱՅԻՆ ԲԱԺ­ՆԻ ԱՒԱՐ­ՏԸ

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

1706 թուա­կա­նի Հոկ­տեմ­բեր ամ­սուն Մե­թո­նի վան­քի բնա­կա­րա­նային մաս­նա­շէն­քը ամ­բող­ջա­պէս կ՚ա­ւար­տի եւ Մխի­թար կը վար­ձատ­րէ շի­նա­րար­նե­րը ըստ պայ­մա­նագ­րին։­

Ուղ­ղան­կիւ­նա­ձեւ կա­ռոյ­ցը՝ 42 մետր եր­կար եւ 34 մետր լայն եր­կյար­կա­նի շէնք մըն էր։ Պա­տե­րը՝ կի­րով մա­ծու­ցուած ան­տաշ քա­րով պա­տուած էին։ Իւ­րա­քան­չիւր յար­կի վրայ մի­ջանց­քի մը եր­կայն­քին շա­րուած էին սե­նեակ­նե­րը։ Եր­կու կող­մէն կա­րե­լի էր երկ­րորդ յարկ բարձ­րա­նալ քա­րա­շէն սան­դուխք­նե­րով։ Ըն­դա­մէ­նը տաս­նեօթ սե­նեակ էր։ Դռ­նե­րու եւ պա­տու­հան­նե­րու սե­մե­րը փայ­տա­շէն էին, կո­կիկ եւ սի­րուն։ Բարձ­րա­դիր եւ ծո­վա­հայեաց շէն­քը սահ­մա­նա­կից էր նա­ւա­հան­գիս­տին։

­Հո­ղա­տա­րած­քի եւ կա­լուած­նե­րու շնորհ­ման պայ­մա­նագ­րին մէջ նշուած երեք տա­րուան ժամ­կէ­տը լրա­նա­լու վրայ էր, միաժա­մա­նակ Մե­թո­նի մէջ իրենց տրա­մադ­րուած բնա­կա­րա­նը զբա­ղեց­նե­լու ժամ­կէ­տը եւս կը լրա­նար, ուս­տի Մխի­թար կ՚ո­րո­շէ ազա­տել իրենց զբա­ղե­ցու­ցած տու­նը եւ փո­խադ­րուիլ նո­րա­կա­ռոյց շէն­քը։ Նոյեմ­բեր ամիսն էր եւ ամէն­քը ցն­ծա­գին կ՚անց­նին բնա­կե­լու իրենց երա­զած սե­փա­կան վան­քը։ Կր­նանք երե­ւա­կայել Մխի­թա­րի եւ աշա­կերտ­նե­րուն հո­գե­կան ապ­րում­նե­րը եւ յուզ­մուն­քը, այն առա­ջին գի­շե­րը, երբ Կոս­տանդ­նու­պոլ­սէն փախ­չե­լէն հինգ տա­րի ետք, վեր­ջա­պէս իւ­րա­քան­չիւ­րը իր խցի­կին մէջ, պար­զու­նակ խշ­տեակին վրայ, կը հանգ­չէին սե­փա­կան յար­կի տակ։­

Այս հանգս­տու­թիւնն ու ապա­հո­վու­թեան զգա­ցու­մը՝ աւա՜ղ շատ եր­կար չտե­ւեց։

Շի­նա­րա­րու­թեան հա­մար կա­լուած­նե­րու եր­կու տա­րուան բեր­քը ար­դէն վա­ճա­ռած ըլ­լա­լով 1707 տա­րին կը սկ­սին ծայ­րայեղ աղ­քա­տու­թեան մէջ թա­ղուած, այն­քան որ Մխի­թար Աբ­բա­հայր պար­տադ­րուած Հ. Եղիա վար­դա­պե­տը եւ տի­րա­ցու Յով­հան­նէ­սը Կոս­տանդ­նու­պո­լիս կը ղր­կէ առա­քե­լու­թեան, նախ միաբան­նե­րու թի­ւը եւ հե­տե­ւա­բար ծախ­սե­րը նուա­զեց­նե­լու հա­մար եւ ապա որ­պէս­զի հա­ւա­քուած գա­ւա­զա­նապ­տուղ­նե­րը վանք ու­ղար­կեն՝ մնա­ցած 15 միաբան­նե­րու ապ­րուս­տը հո­գա­լու հա­մար։

­Մինչ այդ, Մխի­թար կ՚ի­մա­նայ որ Ան­ճե­լոյ Էմո՝ Մո­րէայի Կա­ռա­վա­րի­չը մեր­ձա­կայ Մի­սիսթ­րա փոքր քա­ղա­քը կը գտ­նուէր։ Կ՚ա­ճա­պա­րէ այ­ցե­լու­թեան եր­թալ եւ անոր ներ­կա­յա­ցնե­լ իրենց աղ­քատ վի­ճա­կը, կը բա­ցատ­րէ թէ իր միաբան­նե­րով ի՛նչ ան­ձկու­թեան մէջ կը գտ­նուէին։ Կա­ռա­վա­րի­չը գթա­լով այս կրօ­նա­ւոր­նե­րուն վրայ կը հրա­մայէ ար­քու­նի շտե­մա­րան­նե­րէն ցո­րեն եւ պաք­սի­մատ յատ­կաց­նել։­ Աւե­լի ուշ յան­ցա­պար­տի մը 150 դա­հե­կա­նի տու­գան­քը կը հրա­մայէ յատ­կաց­նել Մխի­թար Աբ­բա­հօր եւ իր հայ կրօ­նա­ւոր­նե­րուն։­

Ա­պա Մխի­թար իր հետն առ­նե­լով եղ­բայր Յա­կոբն ու Գրի­գո­րը, որ յու­նա­րէ­նին լաւ կը տի­րա­պե­տէին, կը մեկ­նի Նէապո­լիս եւ արե­ւել­քէն նուէր ստա­ցած կեր­պաս­նե­րը ծա­խե­լով՝ իրենց պա­րե­գօտ­նե­րուն հա­մար աժա­նա­գին կո­պիտ թա­ւար­ծի կտաւ կը գնէ, որ­պէս­զի եղ­բայր Յա­կոբ Բու­զայեանը ամէ­նուն հա­մար պա­րե­գօտ կա­րէր, եւ որ երեք տա­րի կը հագ­նին, մին­չեւ տն­տե­սա­կան վի­ճակ­նին բա­րե­լա­ւուե­լով կը կա­րե­նան սո­վո­րա­կան ցփ­սի գնել։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/02/2026, 07:52