ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (53)
53.- ՄԵԹՈՆԻ ՎԱՆՔԻՆ ՇԻՆԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԾԱԽՍԵՐԸ
Տնտեսական ճգնաժամի դիմաց կը գտնուէր Մխիթար. իր մօտ ունեցած դրամը հազիւ կը բաւէր հասարակութեան ուտելիքը ապահովելու եւ առօրեայ ծախսերը դիմագրաւելու։ Եւդոկիայէն գալիք գումարները յօդս ցնդելով՝ պէտք է որ մարդկօրէն խորտակուէր, յուսալքուէր, յանձնուէր եւ Աստուծմէ երես դարձնէր։
Սակայն ընդհակառակը, Մխիթար Աբբահայրը երբեք չի տարակուսիր եւ աստուածային նախախնամութեան հանդէպ իր վստահութիւնը երբեք չի նուազիր։ Հետաքրքրական միտք մը կը յղանայ եւ 1706 տարուան այգիներու բերքը յաջորդ տարուանին հետ միասին նախօրօք կը վաճառէ եւ որոշ գումար մը կը ձեւացնէ, որ սակայն բաւարար չէր շինարարութեան բոլոր ծախսերը հոգալու։ Ուստի կը ստիպուի տեղացիէ մըն ալ ծանր տոկոսով փոխ դրամ առնել, որ կը գումարուի նախորդ տարուան պարտքին՝ որ Եւդոկիայի մէջ չէին կրցած մարել, եւ այսպէս ծայր աստիճան աղքատութեան կը մատնուի։
Այս նեղութիւններուն կը գումարուի նաեւ նորընծայ եղբայր Ստեփանոսի մահացու հիւանդութիւնը, որ Փետրուարէն կ՚երկարի մինչեւ Յունիս ամիսը։ Մխիթար Աբբահայր ծայրայեղ չքաւորութեամբ հանդերձ, որու մէջ կը գտնուէին, չէր խնայեր բժիշկներուն եւ դեղերուն ծախսը հոգալու համար, սակայն անօգուտ, որովհետեւ հիւանդութիւնը օրէ օր կը ծանրանար։ Նորընծայութեան տարին աւարտելով եղբայր Ստեփանոս կը խնդրէ իր ուխտերը կատարել եւ այսպէս հիւանդութեան անկողնին մէջ կ՚ուխտէ եւ քանի մը օր ետք զօրացած սուրբ խորհուրդներով՝ հոգին կ՚աւանդէ 1706ի Յունիս ամսուն։
Այսպէս Նիկողայոսի որդի Եւդոկիացի եղբայր Ստեփանոսը, 25 տարեկան հասակին կը վախճանի Մեթոնի մէջ եւ կը թաղուի վանքի Սուրբ Անտոն Անապատականին նուիրուած եկեղեցւոյ մէջ։ Ան առաջին միաբանն է, որ Աստուած իր մօտ կը կանչէ։
Քանի որ եղբայր Ստեփանոսի հիւանդութիւնը փոխանցիկ էր, բժիշկին ցուցմունքով իր օգտագործած բոլոր հագուստները, մահիճն ու վերմակը, եւ ամէն սփռոց կամ ծածկոց որու դպած էր՝ կը հաւաքեն եւ քաղաքէն դուրս տանելով կոյտ մը կը ձեւացնեն ու կը հրկիզեն։
Վանքի ժամանակագիրը իր մասին կը գրէ. «ազնուաբարոյ, խոնարհ, քաղցր եւ հնազանդ, պարկեշտ եւ աստուածասէր էր, եւ շատ ուրիշ առաքինութիւններով զարդարուած»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ