Որոնել

2024.03.22 Mkhitar Sebastasi

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (52)

Մխիթար Աբբահօր մահուան 275րդ Յոբելեան - Հաղորդաշարը պատրաստեց Մխիթարեան միաբանութեան ուխտէն՝ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան

52.- ՄԵ­ԹՈ­ՆԻ ՎԱՆ­ՔԻՆ ՇԻ­ՆԱ­ՐԱ­ՐՈՒ­ԹԵԱՆ ՍԿ­ԶԻ­ԲԸ

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Մխիթարի եւ իր հետեւորդներուն շ­նոր­հուած հո­ղա­տա­րած­քին վրայ վանք եւ եկե­ղե­ցի կա­ռու­ցե­լու երեք տա­րուան պայ­մա­նա­ժա­մը լրա­նա­լու վրայ էր եւ տա­կա­ւին ոչ մէկ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ստեղ­ծուած էր կա­ռու­ցա­պա­տու­մը սկ­սե­լու հա­մար։

Մ­խի­թար ամ­բող­ջո­վին Աս­տու­ծոյ վրայ վս­տա­հա­ցած՝ 1706 տա­րուան Մարտ ամ­սուն կը ձեռ­նար­կէ շի­նա­րա­րու­թեան, որմ­նա­դիր­նե­րուն հետ պայ­մա­նա­ւո­րուե­լով ան­ձամբ հար­կա­ւոր շի­նա­նիւ­թը ապա­հո­վել, իսկ իրենց աշ­խա­վար­ձը վճա­րել միայն երբ վան­քի մէկ թե­ւը աւար­տած ըլ­լային։ Այս­պի­սի դա­շին­քով՝ Մխի­թար ժա­մա­նակ կ՚ու­զէր շա­հիլ, որ­պէս­զի մինչ շի­նա­րա­րու­թեան աւար­տը՝ կա­րե­նար պէտք եղած գու­մա­րը հայ­թայ­թել՝ արե­ւել­քէն խոս­տա­ցուած ողոր­մու­թիւն­նե­րով եւ պա­տա­րա­գուց­նե­րով։ Ար­դա­րեւ, վան­քի ամ­բող­ջա­կան շի­նա­րա­րու­թիւ­նը կը նա­խա­տե­սէր 1500 դա­հե­կա­նի, այ­սինքն մար­չի­լի ծախս մը։ Մխի­թա­րի ձեռ­քը այդ գու­մա­րը չկար, սա­կայն Եւ­դո­կիոյ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը հան­գա­նա­կու­թիւն ըրած էին միաբա­նու­թեան հա­մար եւ պա­տա­րա­գուց­ներ յատ­կա­ցու­ցած էին, որոնց ընդ­հա­նուր գու­մա­րը 1300 դա­հե­կա­նի կը հաս­նէր։ Հե­տե­ւա­բար, ժա­մա­նա­կի կը կա­րօ­տէր՝ այդ գու­մա­րը ձեռ­քը ու­նե­նա­լու հա­մար։ Ուս­տի, կա­ռու­ցա­պա­տող­նե­րուն հետ պայ­մա­նա­գիր կը կն­քէ եւ կը հա­մա­ձայ­նի 300 մար­չիլ վճա­րել՝ երբ բնա­կե­լի առա­ջին մաս­նա­շէն­քը աւար­տուն վի­ճա­կով իրեն յանձ­նէին։

­Մար­չի­լը՝ մար­չիլ­լի կո­չուած Վե­նետ­կեան Ս. Մար­կո­սի առիւ­ծի նկա­րով ար­ծա­թեայ ման­րադ­րամն է, որ 5-6 կրամ կը կշ­ռէր եւ կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէր Վե­նետ­կեան մէկ դրա­մի։ Ծո­վային տն­տե­սու­թեան հիմ­նա­կան գոր­ծօն­նե­րէն էր եւ «Սահ­մա­նային ար­ժոյթ» կը հա­մա­րուէր, որով­հե­տեւ Վե­նե­տի­կի Հա­սա­րա­կա­պե­տու­թիւ­նը հա­տած էր այն տէ­րու­թեան ան­դր­ծո­վեան կա­լուած­նե­րուն հա­մար, այ­սինքն արե­ւել­քի տի­րոյթ­նե­րուն՝ Մո­րէայի եւ Յո­նիական կղ­զի­նե­րու վա­ճա­ռա­կա­նու­թեան հա­մար։ Հա­մե­մա­տա­կան հա­շուարկ­նե­րով 300 մար­չի­լը մե­րօ­րեայ շուրջ 35,000 Եւ­րոյի կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ։

Մ­խի­թար շի­նա­նիւ­թը ապա­հո­վե­լու հա­մար ան­ցորդ հայ վա­ճա­ռա­կա­նի մը հետ կը հա­մա­ձայ­նի եւ 500 դա­հե­կան կ՚առ­նէ իր­մէ, պար­տա­մուր­հակ մը ստո­րագ­րե­լով, որ­պէս­զի Հ. Մա­նուէլ, որ Եւ­դո­կիա կը գտ­նուէր, այդ վա­ճա­ռա­կա­նին փոխ­հա­տու­ցէր իր մօտ գտ­նուող ողոր­մու­թեան եւ պա­տա­րա­գուց­նե­րու գու­մա­րէն։­

Այս­պէս շի­նա­նիւ­թը պատ­րաստ ըլ­լա­լով բա­նուոր­նե­րը ան­մի­ջա­պէս աշ­խա­տան­քի կը լծուին։ Սա­կայն Եւ­դո­կիայէն նա­մա­կով մը կը գու­ժեն թէ միաբա­նու­թեան խոս­տա­ցուած դրամ­նե­րը չկային, որով­հե­տեւ չա­րա­խօս­նե­րու ջան­քե­րով բա­րե­րար­նե­րը ետ պա­հան­ջած էին եւ Հ. Մա­նուէլ միայն մա­սամբ կր­ցած էր վճա­րել այն պար­տա­մուր­հա­կը որ հայ վա­ճա­ռա­կա­նը ներ­կա­յա­ցու­ցած էր Մխի­թար Աբ­բա­հօր ձե­ռագ­րով։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/02/2026, 08:52