Կարդինալ Փիցապալլա Կարդինալ Փիցապալլա 

Կարդինալ Փիցապալլա. «Սուրբ Երկրի մէջ խաղաղութեան համար լոկ խօսքերը բաւարար չեն. անհրաժեշտ են գործնական քայլեր»

Երուսաղէմի Լատին Պատրիարք կարդինալ Փիցապալլա, ներկայացնելով Սուրբ Երկրի ու Կազայի ծանր կացութիւնը, շեշտեց վստահութեան վերականգնման համար շօշափելի գործերու եւ «երկու պետութիւն» լուծման անհրաժեշտութիւնը: Ան կոչ ուղղեց ուխտաւորներուն վերադառնալու սուրբ վայրեր եւ զօրակցելու տեղի քրիստոնեայ համայնքին, որպէսզի վերջինս շարունակէ մնալ խաղաղութեան ու միութեան կենդանի վկայ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Երկրի Լատինաց Պատրիարք, կարդինալ Փիեռպաթիսթա Փիցապալլա, Հռոմի Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզացիի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկի մը ընթացքին, հանդէս եկաւ Սուրբ Երկրի տագնապալի իրավիճակի մասին վկայութեամբ մը։ Ծիրանաւորը շեշտեց, որ Իսրայէլցիներուն եւ պաղեստինցիներու միջեւ յարաբերութիւնները խորապէս վնասուած են, եւ վստահութեան վերականգնումը երկար ժամանակի ու շօշափելի արարքներու կարիք ունի:

Պատերազմի հետեւանքները եւ Կազայի իրականութիւնը

Պատրիարքը վերյիշեց պատերազմի սկիզբէն ի վեր իր կատարած չորս այցելութիւնները Կազա՝ նկարագրելով ժողովուրդի կրած տառապանքը, սովը եւ հիւանդանոցներու քայքայումը: Ան նշեց, որ 7 Հոկտեմբերի դէպքերն ու յաջորդող պատերազմը «աննախադէպ» էին եւ խորտակեցին բոլոր նախկին չափանիշները: «Մարդիկ այլեւս չեն ուզեր լսել դիմացինին մասին, կապը խզուած է», ըսաւ ան՝ ընդգծելով թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ կրօնական տեսլական ունեցող առաջնորդութեան պակասը:

Քրիստոնեաներու վիճակը եւ Յորդանանեան Ափի տագնապը

Կարդինալ Փիցապալլա մտահոգութիւն յայտնեց քրիստոնեայ համայնքի նուազման վերաբերեալ, յատկապէս Բեթղեհէմի մէջ, ուր պատերազմի սկիզբէն ի վեր հարիւրաւոր ընտանիքներ լքած են իրենց տուները: Ան նաեւ անդրադարձաւ Յորդանանեան Ափի մէջ տիրող բռնութիւններուն, յատկապէս Թայպէ միակ քրիստոնէական գիւղի դէմ յարձակումներուն եւ պաղեստինցիներու դէմ կիրառուող անօրէնութիւններուն:

Երկու պետութիւն

Պատրիարքը վերահաստատեց «երկու ժողովուրդ, երկու պետութիւն» լուծման կարեւորութիւնը՝ նշելով, որ պաղեստինցիները իրաւունք ունին ունենալու սեփական տուն եւ պետութիւն:

Ուխտաւորներու վերադարձը

Ան կոչ ուղղեց միջազգային հանրութեան եւ հաւատացեալներուն վերադառնալու Սուրբ Երկիր որպէս ուխտաւոր. «Ժամանակն է քաջալերուելու. Բեթղեհէմն ու Երուսաղէմը անվտանգ են: Մեր ներկայութիւնը պէտք է տեսանելի ըլլայ»:

Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզացիի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկի ընթացքին նաեւ յայտարարուեցաւ դրամահաւաքի մը մասին, որուն նպատակն է զօրակցիլ Երուսաղէմի քրիստոնեայ կիներուն եւ երիտասարդներուն՝ աշխատանքի եւ ձեռներեցութեան ծրագիրներու միջոցով:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/02/2026, 11:42