«Մեծ Պահք՝ վերադարձ դէպի եդեմական լոյսը» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան
Մեծ Պահքի շրջանը սովորական սննդականոնի փոփոխութիւն մը չէ, այլ հոգեւոր վերելքի եւ Եդեմի ինքնաքննութիւնը վերագտնելու հրաւէր մը։ Այն մեզի կը յիշեցնէ մարդու սկզբնական կոչումը, զոր կորսնցուց. եւ այն ճամբան, որով կրնանք վերագտնել մեր կորսուած հաղորդակցութիւնը Արարչին հետ եւ վերահաստատել որդիական կապը։
Պահեցողութեան Առաջին Հրամանը
Պահեցողութիւնը նորայայտ սովորութիւն մը չէ. անոր արմատները կը հասնին մինչեւ Եդեմի պարտէզը։ Աստուածային առաջին պատուիրանը՝ «մի՛ ուտեր», ուղղակիօրէն առնչուած էր մարդու հոգեւոր աճման հետ։ Այս սահմանափակումը պատիժ մը չէր, այլ հոգեւոր մարզանք՝ զսպելու համար մարմնականը եւ զօրացնելու հոգեւոր կամքը։ Միայն այս հոգեւոր հասունութեան հասնելէ ետք էր, որ մարդուն պիտի արտօնուէր ճաշակել Կեանքի Ծառէն։
Անկումը եւ Հեռացումը
Ցաւօք, մարդը ձախողեցաւ առաջին իսկ փորձութեան առջեւ։ Չհնազանդելով Աստուծոյ՝ ան կորսնցուց իր անմիջական հաղորդակցութիւնը Աստուծոյ հետ։ Այս ձախողութեան հետեւանքով կեանքը լեցուեցաւ «բուշով ու տատասկով», իսկ մահը մուտք գործեց մարդկային գոյութեան մէջ։ Պահքը, հետեւաբար, մեր ջանքն է՝ դարմանելու այդ հին վէրքը եւ հրաժարելու այն եսակեդրոնութենէն, որ մեզ հեռացուց Դրախտէն։
Քրիստոսի Պատուէրը
Մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս, ո՛չ միայն Իր օրինակով սրբագործեց պահեցողութիւնը, այլեւ զայն ներկայացուց որպէս քրիստոնէական կեանքի անբաժանելի մաս։ Լերան քարոզին մէջ Ան չըսաւ «եթէ պահք բռնէք», այլ՝ «երբ պահք պահէք» (Մատթ. 6:16) ։ Այս հաստատումը ցոյց կու տայ, որ պահքը ընտրովի զբաղում մը չէ, այլ հոգեւոր անհրաժեշտութիւն մը իւրաքանչիւր հաւատացեալի համար։
Հոգիի Սլացքը
Ս. Բարսեղ Կեսարացի հրաշալիօրէն ձեւակերպած է ծոմապահութիւնը ըսելով. «Պահքը աղօթքին թեւեր կու տայ, որպէսզի ան վեր սլանայ ու երկինք հասնի։ Ինչպէս որ թեթեւ նաւը աւելի արագ կը կտրէ ալիքները, այնպէս ալ պահքով թեթեւցած հոգին աւելի հեշտութեամբ կը նաւարկէ կեանքի փորձութեանց մէջ»։
Մեր հայրապետը ՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ (Յաճախ յիշուող Յաճախապատում ճառերէն), կը շեշտէ ներքին մաքրութիւնը ըսելով.
«Պահքը ոչ միայն մարմնի չափաւորութիւնն է, այլեւ՝ մտքի սանձահարումը։ Ով որ կը պահէ իր լեզուն, իր բարկութիւնը եւ իր աչքերը՝ ան է իսկական պահեցողը»։
Երբ մարմինը կը ձերբազատուի աւելորդ ծանրութիւններէն, հոգին կը դառնայ աւելի զգայուն երկնային ներշնչումներուն հանդէպ։ Պահքը թեւեր կու տայ աղօթքին, որպէսզի այն աւելի արագ հասնի Արարչին։
Ճշմարիտ Պահքի Խոստումները
Սակայն պահքը միայն ուտելիքէ հրաժարիլը չէ։ Ըստ Եսայի մարգարէի (գլուխ 58), ճշմարիտ պահքը կ’ընկերակցի բարեգործութեամբ, արդարութեամբ եւ խոնարհութեամբ։ Երբ մենք մեր հացը կը կիսենք անօթիին հետ եւ կը մխիթարենք վիշտի մէջ եղողը, Աստուածային խոստումները կը սկսին գործել մեր կեանքին մէջ։ Տէրը կը խոստանայ ըլլալ մեր առաջնորդը եւ զօրացնել մեր ոսկորները։
Ասոնց բոլորէն վեր պէտք է աւելի ժամանակ տալ աղօթքի: Կարելի չէ դիմանալ պահեցողութեան առանց աղօթքի: Յիսուս մէջբերելով Աստուածաշունչ մատեանը ըսաւ. «Ոչ միայն հացով կ՚ապրի մարդ, հապա այն ամէն խօսքով՝ որ Աստուծոյ բերնէն կ՚ելլէ’» ( Մտթ.4:4): Երբոր նիւթական հացը պակսի, պէտք է երկնայինը աւելնայ, որպէսզի զօրութիւն տայ մարդուն: Այս պատճառով շատ մը սուրբեր, նոյնիսկ ժամանակակից, ծոմ կը բռնէին Յիսուսի նման, 40 օրեր չուտելով, այլ միայն աղօթքով եւ Կիրակի օրերը Ս. Հաղորդութիւնը ճաշակելով:
Այս Մեծ Պահքի ընթացքին, երբ կը փորձենք մեր կամքը համապատասխանեցնել Աստուծոյ կամքին, յիշենք Եսայի մարգարէի լուսաւոր պատգամը. եթէ մեր պահեցողութիւնը ըլլայ սիրով ու հաւատքով շաղախուած, ապա՝ «Այն ատեն քու լոյսդ արշալոյսի պէս պիտի ծագի ու քու առողջութիւնդ շուտով պիտի ծաղկի...» (Եսայի 58:8):
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ