Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքին Մեծ Պահքի պատգամը
Պատուական Եղբայրներ՝
Արհիապատիւ Արքեպիսկոպոսներ եւ Եպիսկոպոսներ,
Գերապայծառ, Գերյարգելի ու Գերապատիւ Վարդապետներ
եւ Արժանապատիւ Քահանաներ,
Բարեշնորհ Սարկաւագներ ու Առաքինազարդ Մայրապետներ,
Հաւատացեալ Քոյրեր եւ Եղբայրներ,
«Ապաշխարեցէ՛ք, որովհետեւ երկնքի արքայութիւնը մօտեցած է»...:
Գալիլեայէն արար աշխարհին՝ Յիսուս Քրիստոսի ուղղած պատգամն էր, անապատին մէջ առանձնացած իր քառասնօրեայ պահքէն ետք։ Այսօր մենք կը սկսինք Մեծ Պահքի շրջանը, ոչ թէ իբր եղանակային աւանդութիւն մը, այլ՝ որպէս մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի ըրածին յիշատակումը, որ ըլլալու է մեր ապրումը։
Այսպէս, Մեծ Պահքը կը հանդիսանայ խղճի եւ խղճմտանքի պահ մը Աստուծոյ, մեր անձին ու մեր ժողովուրդին առջեւ։
Ծոմապահութիւնը պարզապէս մեր սննդային սովորութիւններու փոփոխութիւնը չէ, այլ՝ մեր անձին նկատմամբ վերաբերմունքի բարեփոխումն է՝ զղջալով, ներելով եւ վերադառնալով Աստուծոյ՝ երկնքի արքայութեան արժանանալ կարենալու համար:
Ծոմապահութիւնը քաջ որոշումն է՝ ձերբազատելու համար եսասիրութեան տրամաբանութենէն, ինչպէս ալ վերականգնելու մեր կեանքը՝ ճշմարտութեան եւ ողորմածութեան լոյսին տակ, արտաքին ու ներքին խաղաղութեան հասնելու համար։
Իսկական ծոմապահութիւնը կը սկսի այն ժամանակ, երբ մենք հեռու կը մնանք կարծրութենէն, վիրաւորական խօսքերէն եւ արագ դատումներէն: Ան կը սկսի այն ժամանակ, երբ կը հեռանանք անարդարութենէն ու չենք շահագործեր տկարին հաշուին եւ լուռ չենք մնար չարագործութիւններուն առջեւ:
Այո՛, Պահքը ձեռնպահ մնալն է այն բոլոր արարքներէն, որոնք մեր մէջ կը խեղաթիւրեն Աստուծոյ պատկերը: Անիկա ներքին ազատութեան ու կարգապահութեան ամէնօրեայ վարժութիւնն է, որպէսզի Աստուած ըլլայ Առաջինն ու Վերջինը մեր կեանքին մէջ։
Ինչ կը վերաբերի բարեգործութեան, ան նուիրական գումար մը չէ լոկ, այլ նաեւ սրտբաց արարք: Բարեգործութիւնը ուրիշներու ցաւը զգալն է մեր անձնական ցաւին պէս. անոնց արժանապատուութիւնը նկատելը՝ որպէս մերը, յատկապէս այն երկրին մէջ, որ ծանրաբեռնեցուած է տնտեսական ու ընկերային տագնապներով: Մեզի համար բաւարար չէ միայն ծոմ պահել, այլ նաեւ ան պէտք է վերածուի գործնական նախաձեռնութիւններու՝ աջակցելով կարիքաւոր ընտանիքներուն եւ տառապեալ հիւանդներուն, օգտակար ըլլալով աշխատանք փնտռող երիտասարդներուն եւ մխիթարանքի խօսքեր ըսելով յուսալքուած անձերուն…: Այս ուղիղ կերպով՝ ծոմապահութիւնը կը դառնայ փոփոխութեան ոյժ մը, բարեփոխումի ազդակ, եւ ո՛չ՝ պարզապէս ծիսակատարութիւն։
Գալով ներումին՝ մենք զայն կը տեսնենք այն համարներուն մէջ, ուր Պետրոս հարցուց Յիսուսին. «Տէ՛ր, քանի՞ անգամ պարտիմ ներել իմ եղբօրս (կամ քրոջս), եթէ ան մեղանչէ ինծ դէմ։ Մինչեւ եօ՞թն անգամ…։ Յիսուս պատասխանեց. Ես չեմ ըսեր քեզի եօթն անգամ, այլ՝ մինչեւ եօթանասուն անգամ եօթ» (Մտթ. 18,21-22)։
Իրապէս, ներումն անձին համար ամէնէն դժուար քննութիւնն է։ Ներել չի նշանակեր արդարացնել մեղքը, այլ՝ հրաժարիլ ապրելէն որպէս անոր գերի։ Ներումը քաջութիւնն է եւ խոր հաւատքի իրագործումը, թէ Աստուած կարող է հրաշքներ գործել նոյնիսկ վիրաւոր սրտէն։ Մեր ներումը բուժարար արտայայտումն է թէ՛ մեր անձին ու թէ՛ ուրիշին համար՝ միշտ գործադրուած Յիսուսի՝ մեր խաչեալ Փրկչին բարեգութ եւ ողորմած Սրտէն (Ղկ. 23,34):
Որքան պէտք ունինք մեր տուներուն, մեր ծխական համայնքներուն եւ մեր ընկերութեան մէջ ներումի, հաշտութեան ու խաղաղութեան հոգեմտաւոր մշակոյթին՝ վնասաբեր բաժանումի մշակոյթին փոխարէն։
Եկէ՛ք, խզե՛նք ոխակալութեան եւ ատելութեան շղթան ու սկսի՛նք մեր անձերէն, որովհետեւ ներողամտութեամբ մաքրուած սիրտը կրնայ կերտել արտաքին ու ներքին խաղաղութիւնը, եւ, հետեւաբար, այդ խաղաղութիւնը տարածել բոլոր անոնց մօտ, որոնց հետ մենք կ’ապրինք։
Այս տարուան Մեծ Պահքը յատուկ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ ան մասամբ կը համընկնի մեր իսլամ եղբայրներու պահքին հետ։ Միեւնոյն ժամանակ, աղօթքները կը բարձրանան եկեղեցիներուն ու մզկիթներուն մէջ։ Ասիկա պարզապէս պատահականութիւն մը չէ, այլ՝ յստակ պատգամն է, թէ այս երկիրը բաւականին ընդարձակ է բոլորին համար, եւ թէ Աստուծոյ ծարաւը կը համախմբէ աւելի, քան կը բաժնէ։
Մենք կ’ապրինք միասին՝ կիսելով հացը, հոգն ու ճակատագիրը։ Մէ՛կ Աստուծոյ նկատմամբ մեր հաւատքը պէտք է արտայայտուի միացեալ կեցուածքով, յարգանքով, համագործակցութեամբ, համերաշխութեամբ եւ ներողամտութեամբ։ Երբ մենք միասին ծոմ կը պահենք մէկ հայրենիքին մէջ, կը նշանակէ, թէ հոգեբարոյական արժէքները, ինչպէս՝ ողորմութիւնը, առատաձեռնութիւնն ու արդարութիւնը, որեւէ խմբաւորումի բացառիկ տիրութիւնը չէ, այլ՝ համազգային պատասխանատուութիւնն է։
Այսպէս, Պահքը կը վերածուի միասնութեան վկայութեան ու հաւաքական ներողամտութեան, որոնք շատ աւելի խորունկ եւ օգտաշատ են, քան տեղի ունեցած բաժանումները։
Մենք չենք կրնար անտեսել ազգային ծաւալը։ Պահքը նաեւ կոչ մըն է համազգային զղջումի՝ սկսելով անհատներէն ու հասնելով մինչեւ իշխանութեան դիրքերուն վրայ գտնուող անձերը։
Մենք պէտք ունինք ո՛ղջ եւ ողջարա՛ր խղճին՝ թէ՛ սեպհական, թէ՛ հանրային ծառայութեան մէջ ու թէ՛ քաղաքականութեան մէջ: Քաղաքականութիւնը քաղաքացիներու օգուտին եւ երկրին շահին ծառայութիւնն է, որ զերծ կը մնայ եսասիրութենէն, ատելութենէն ու նախանձէն:
Պահքը քաջարի որոշում մըն է, որ անհատը կը դնէ պատասխանատուութեան առջեւ, աղքատներուն ի նպաստ՝ հաշիւներէն անկախ, եւ ազգին համար՝ նեղ շահերէն առաջ: Պահքի շրջանը կը յիշեցնէ մեզի, թէ իշխանութիւնը ծառայութիւն է, ղեկը՝ վստահութիւն, իսկ քաղաքացիին արժանապատուութիւնը գործարքի առարկայ չէ, այլ՝ սրբազան արժէք մըն է:
Եկէ՛ք, աղօթե՛նք, որ Աստուած իմաստութիւն, ազնուութիւն ու քաջութիւն շնորհէ բոլոր անոնց, որոնք կը ստանձնեն պետական ու հասարակական պաշտօններ: Նոյնպէս, եկէ՛ք, խոստանա՛նք միասնական ըլլալ, ընտրել երկխօսութիւնը մեղադրանքներու փոխարէն, համերաշխ աշխատանքը՝ սպասելու փոխարէն եւ նախաձեռնութիւնը՝ կախուածութեան փոխարէն:
Ներումը եւ զղջումն ո՛չ թէ միայն հոգեմտաւոր հասկացողութիւններ են, այլ նաեւ խոր, կամաւոր ու բուժարար ընտրութիւնները՝ այն անձին համար, որ կը վկայէ ու կը կատարէ մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի խօսքերը. «Ապաշխարեցէ՛ք, որովհետեւ երկնքի արքայութիւնը մօտեցած է»: Ամէն:
Պէյրութ, Ժըթաուի, 16 Փետրուար 2026
✠ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ.
Կաթողիկոս-Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Հայոց
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ