Պետրոսի խոստովանութիւնը: Հաւատք եւ Ճանաչում. Խորհրդածութիւն
Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանի* խորհրդածութիւնը
Սիմոն Պետրոս պատասխանեց. "Տէր, որուն պիտի երթանք. յաւիտենական կեանքի խօսքեր ունիս դուն. Եւ մենք հաւատացինք ու ճանչցանք թէ դուն ես Աստուծոյ Սուրբը"։ Աւետարան ըստ Յովհաննէսի, գլուխ 6, 69-70:
Սիրելի՛ քոյրեր եւ եղբայրներ ի Քրիստոս,
Այսօրուան Աւետարանական խօսքը ծնունդ կու տայ խոր հարցականի մը, որուն առաջ կանգնած է ամէն մարդ, ամէն ժամանակաշրջանի մէջ. «Տէ՛ր, որուն պիտի երթանք»։ Այս հարցումը միայն խօսք չէ, այլ՝ հոգիի ճիչ, կեանքի ուղղութիւն փնտռող սրտի աղաղակ։
Յովհաննէս Աւետարանիչը կը պատմէ, թէ Յիսուսի խօսքերը ծանր թուեցան շատերու համար։ Ան խօսեցաւ իր մարմինին ու արեան մասին որպէս ճշմարիտ կերակուր եւ ըմպելի, խօսեցաւ կեանքի խոր գաղտնիքներու մասին, եւ ահա շատեր հեռացան ու այլեւս անոր հետ չէին շրջեր։
Անոնք չկարողացան ընդունիլ այն ճշմարտութիւնը, որ կեանքը միայն յայտնի աչքով չի սահմանափակուիր։ Այդ պահուն Յիսուս կը դառնայ եւ իր աշակերտներուն կը հարցնէ. «Դո՞ւք ալ կ՚ուզէք երթալ»։
Ահա այստեղ է, որ Սիմոն Պետրոս կը դառնայ համայնքի ձայնը, հաւատացող սրտին արտայայտութիւնը. «Տէ՛ր, որուն պիտի երթանք»։
Այս պատասխանին մէջ կայ գիտակցութիւն մը՝ աշխարհը շատ ճանապարհներ կը խոստանայ, բայց քիչ են այն ուղիները, որ կ՚առաջնորդեն դէպի իսկական կեանք։
Մարդը կրնայ երթալ հարստութեան, փառքի, հաճոյքի կամ իշխանութեան ետեւէն, բայց անոնք յաւիտենական կեանք չեն կրնար պարգեւել։
Պետրոսը կ՚ընդունի մեծ ճշմարտութիւն մը. Որ յաւիտենական կեանքի խօսքերը Քրիստոսի մօտ են։ Յիսուս միայն ուսուցիչ չէ, միայն մարգարէ չէ, այլ Ան կենդանարար Կեանք է ։
Անոր խօսքերը կեանք կը ստեղծեն, կ՚ազատեն մեղքէն, կը բժշկեն կոտրուած սիրտը եւ կը լուսաւորեն խաւարը մեր կեանքին։
Սիրելինե՛րս, այսօր ալ նոյն հարցումը կը հնչէ մեր կեանքին մէջ։ Երբ յուսահատինք, երբ կասկածինք, երբ մեր հաւատքը փորձութեան ենթարկուի, Քրիստոս մեզի ալ կը հարցնէ. «Դո՞ւք ալ կ՚ուզէք երթալ»։
Եւ մեր պատասխանը ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Արդեօք մենք ալ Պետրոսի նման պիտի կրնա՞նք ըսել. «Տէ՛ր, որուն պիտի երթանք»։
Պետրոսի խոստովանութիւնը երկու հիմնասիւն ունի՝ հաւատք եւ ճանաչում. «Մենք հաւատացինք ու ճանչցանք»։
Ճշմարիտ հաւատքը կոյր հաւատք չէ։ Ան կ՚աճի ճանաչումէն, փորձառութենէն, Քրիստոսի հետ ապրած կեանքէն։ Որքան որ ճանչնանք զՔրիստոս՝ աղօթքով, Աւետարանի ընթերցումով, Սուրբ Խորհուրդներով, այնքան մեր հաւատքը կը խորանայ եւ կը զօրանայ։
Վերջապէս, Պետրոս կը հռչակէ. «Դուն ես Աստուծոյ Սուրբը»։
Այս խոստովանութիւնը մեզ կը յիշեցնէ, թէ Յիսուս ոչ միայն մեր անձնական Փրկիչն է, այլ Աստուծոյ ուղարկեալը, Սուրբը, որ մեզ կը սրբացնէ։
Անոր մօտ մնալը կը նշանակէ սրբութեան ճանապարհով քալել, նոյնիսկ երբ այդ ճանապարհը դիւրին չէ։
Սիրելի՛ Աստուծոյ ժողովուրդ,
Թող այս կիրակի օրը, մեր սրտերէն դուրս բխի Պետրոսի խոստովանութիւնը։ Պետրոսի խօսքը թող դառնայ մեր ամէնօրեայ աղօթքը. «Տէ՛ր, ուրիշ տեղ չունինք երթալու։ Դուն ունիս կեանքի խօսքերը։ Դուն ես մեր հաւատքը,մեր յոյսը, եւ մեր փրկութիւնը»։
Թող այս կիրակին նորոգէ մեր հաւատարմութիւնը Քրիստոսի հանդէպ,
եւ տայ մեզի քաջութիւնը՝ մնալու Անոր հետ յաւիտեանս յաւիտենից։Ամէն
Քեսապ,Կիրակի 8 Փետրուար 2026։
Բ․ զկնի Առաջաւորի։
*Ս․ Միքայէլ Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետութիւն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ