Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (81)
ՁԱ. Հաղորդում
Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Հայ եկեղեցւոյ մասնակցութեան առաջին տիեզերական Ս. Ժողովին:
Հայ Եկեղեցին կ'ընդունի միայն առաջին երեք ժողովները, որոնք «տիեզերական» բնոյթ եւ ճանաչողութիւն ունին, որովհետեւ անոնց որոշումները լուծած են քրիստոնէական դաւանութեան հիմնական հարցերը: Այս երեք ժողովները իրենց գումարման վայրին անունով կը կոչուին Նիկիոյ (325 թ.), Կոստանդնուպոլսոյ (381 թ.) եւ Եփեսոսի (431 թ.): Նիկիոյ ժողովին իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ Հայ Եկեղեցին։
Այդ թուականին, հայոց կաթողիկոսը Գրիգոր Լուսաւորիչն էր, իսկ թագաւորը՝ Տրդատ Գ.ը, որոնք հրաւէր ստացան ժողովին մասնակցելու։ Անոնք իրենց ներկայացուցիչ նշանակեցին Արիստակէս եպիսկոպոսը, Գրիգոր Լուսաւորիչի կրտսեր որդին, որ տարիներէ ի վեր արդէն իր հօր հայրապետական գործերուն գլխաւոր աջակիցն ու օգնականն էր։ Ան գրաւոր յանձնարարական մը ի ձեռին՝ եւ իրենց կարծիքին ու դաւանութեան յայտարարութիւնն ալ գրաւոր անոր յանձնեցին եւ ճամբայ հանեցին (ԽՈՐ. 176):
Արիստակէս անձամբ Հայաստանը ներկայացուց այդ պատմական համաժողովին, որպէս մէկը հոն ներկայ 318 հայրապետներէն։ Այսպէս, Նիկիոյ ժողովին հայրապետներուն շարքին՝ կը կարդացուի Հայոց Մեծաց Արիստարքոս կամ Արիստակիսոս կամ Արսափիոս անունով եպիսկոպոսը, որ մեր Արիստակէսն է, թէպէտ օրինակէ օրինակ անունը աղաւաղուած է։ Յատուկ գործունէութեան կամ զեկուցումի յիշատակ մը չէ արձանագրուած ժողովի ատենագրութեանց մէջ։ Արիստակէս եպիսկոպոսը ժողովէն ետք Հայաստան կը բերէ «Հաւատոյ հանգանակ»ը եւ ժողովին կողմէ ընդունուած քսան կանոնները և զանոնք կը ներկայացնէ սրբոյ հօրն մերոյ Գրիգոր Լուսաւորչին: «Արիստակէս ժողովէն շիտակ վերադարձաւ Վաղարշապատ արժանահաւատ բանիւ, եւ քսան կանոնեալ գլխովք ժողովոյն» (ԽՈՐ. 177), եւ Գրիգոր ուղղափառ հաւատքի յաղթանակին վրայ ուրախանալով կ’ընդունի եւ կը հռչակէ Նիկիային կանոնները, եւ սուղ ինչ գլուխս յինքենէ ի կանոնս ժողովոյն յաւելու» (ԽՈՐ. 177)։
Մեր հաւատքի հայրը «Հաւատոյ հանգանակ»ը մեծ խնամքով կը ներմուծէ Հայ Եկեղեցւոյ դաւանաբանութեան եւ ծիսակարգին մէջ։ Ըստ աւանդութեան, Լուսաւորիչ Հայրապետը անոր վրայ կ’աւելցնէ հետեւեալ բանաձեւը. «Իսկ մենք կը փառաւորենք զԱյն՝ որ գոյութիւն ունէր յաւիտեաններէն առաջ, երկրպագելով Սուրբ Երրորդութեան եւ մէկ Աստուածութեան՝ Հօր եւ Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին»: Արդարեւ, այս երեք Տիեզերական ժողովները կարելի չէ իրարմէ բաժնել, որովհետեւ անոնք սերտ կապ ունին իրարու հետ: Այս երեք ժողովներով լուծուած եւ բացատրուած կը համարուին քրիստոնէական կրօնի էական գլխաւոր հաւատալիքները` Ս. Երրորդութիւնը, Մարդեղութեան եւ Փրկագործութեան խորհուրդները:
Տեղին է նշել թէ, անոնց դաւանաբանական սահմանումները կապուած են Անտիոքի և Աղեքսանդրիոյ աստուածաբանական դպրոցներու տարբեր մեկնաբանական և քրիստոսաբանական մօտեցումներուն: Նիկիոյ տիեզերական համաժողովը յիշուած է Մովսէս Խորենացիի եւ Ագաթանգեղոսի կողմէ: Յետագայ դարերուն, Հայ Եկեղեցւոյ հայրերը իրենց գրութիւններուն մէջ, միշտ ակնածանքով անդրադարձած են այս ժողովի մասին: Հայ Եկեղեցին Շաբաթ, 6 Սեպտեմբերին կը տօնէ Նիկիոյ Տիեզերական առաջին Ժողովը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ