Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (80)
Ձ. Հաղորդում
Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Նիկիոյ ժողովի գումարման դրդապատճառին:
Առաջին դարերէն ի վեր քրիստոնեաներու միջեւ միշտ վիճաբանութեան նիւթ դարձած է Յիսուս Քրիստոսի կատարեալ մարդ եւ կատարեալ Աստուած ըլլալու պարագան։ Մեր շարականագիր վարդապետը հրաշալիօրէն կը բացատրէ այս երեւոյթը Քրիստոսի մարդեղութիւնը ներկայացնելով իբրեւ «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի»»: Այս ժողովին թերեւս ամենէն կարեւոր արդիւնքը Հաւատամքի՝ քրիստոնէական հաւատքի հանգանակի ստեղծումն էր։ Այն ժամանակները, Անտիոքի մէջ, Պօղոս Սամոստացին (ծագումով հայ) Յիսուսի անձին վրայ դաւանական խնդիրներ կը յարուցանէր, զորս յուզած էր բոլոր քրիստոնեաները:
Նոյն ձեւով, Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքին մէջ 318–322 թուականներու սկիզբը, երկու հիմնական կարծիքներ՝ աստուածաբանական բուռն վէճեր կը ստեղծէին. մէկը կը շեշտէր Քրիստոսի բացարձակ աստուածութիւնը, իսկ միւսը՝ անոր մարդկային բնութիւնը: Երկու կողմերն ալ ունէին հեղինակաւոր պաշտպաններ. առաջինը՝ Աթանաս Աղեքսանդրացին, որ սարկաւագ էր այդ օրերուն, իսկ երկրորդը՝ Արիոս քահանան, երկուքն ալ կրօնական գիտելիքներով հմուտ: Աթանասի եւ Արիոսի միջեւ վէճը սուր բնոյթ կը ստանայ, մասնաւորապէս Որդւոյն Հօր Աստուծոյ հետ ունեցած յարաբերութեան և գոյացութեան մասին։
Օրմանեան Պատրիարքը իր «Ազգապատում»-ին մէջ, Արիոս Աղեքսանդրացիի մասին կ՛ըսէ թէ այս երէց իմաստասէր եկեղեցականը, սկսած էր պաշտպանել այն տեսութիւնը, թէ «Յիսուս Քրիստոս չէ Որդի Աստուծոյ մարդացեալ, այլ գերագոյն արարած մը, եւ թէ իրեն տրուած Որդի Աստուծոյ կոչումը բառական իմաստով առնելու չէ»։ Այս տեսակէտը կը հակասէր Աւետարանին եւ կը շեղեցնէր հաւատացեալները քրիստոնէական ուղիղ վարդապետութենէն։ Թէեւ Արիոսի տեսակէտը բուռն կողմնակիցներ ունեցաւ եկեղեցական դասուն մէջ, որովհետեւ դարը աղանդներու աճման ու տարածման դար մըն էր։
Ի վերջոյ, երկար ու բուռն բանավէճերէ ետք, Աթանասի կողմնակիցները յաղթական դուրս կու գան և Տիեզերական ժողովը կը դատապարտէ եւ կը նզովէ արիոսականութիւնը և Արիոս կը հեռանայ Աղեքսանդրիայէն, բայց կը շարունակէ իր քարոզչութիւնը, որուն իբրեւ հետեւանք՝ իր աղանդը կը շարունակէ ազդեցութիւն ունենալ մի քանի տասնամեակ, ինչ որ կը յանգեցնէ յետագայ աստուածաբանական բանավէճերու և ժողովներու յաջորդ տարիներուն եւ Կոստանդիանոս ալ զայն կ'աքսորէ: Արդարեւ, այս վէճերը լիովին չլուծուեցան մինչեւ 380 թուականի Թեսաղոնիկէի հրովարտակը, երբ Թէոդոսիոս Ա. կայսրը քրիստոնէութիւնը հռչակեց Հռոմէական կայսրութեան պաշտօնական պետական կրօնը և դատապարտեց արիոսականութիւնը որպէս հերետիկոսութիւն: Այսպէս, «Հաւատոյ հանգանակ»-ը դարեր շարունակ քրիստոնէութիւնը զերծ պահեց ժամանակի զանազան հերձուածողական շարժումներէն:
Հայ Եկեղեցւոյ մէջ անցեալին, և շատ մը տեղեր մինչեւ օրս՝ Ս. Պատարագի ընթացքին, Հաւատամքի աւարտին սարկաւագի կողմէն կը կարդացուի Նիկիոյ ժողովի սահմանած նզովքի բաժինը. «Իսկ որք ասեն` էր երբեմն յորժամ ոչ էր Որդին, կամ էր երբեմն յորժամ ոչ էր Սուրբ Հոգին, կամ թէ` յոչէից եղեն, կամ յայլմէ էութենէ ասեն լինել զՈրդին Աստուծոյ եւ կամ զՍուրբ Հոգին, եւ թէ` փոփոխելիք են կամ այլայլելիք, զայնպիսիսն նզովէ Կաթուղիկէ եւ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցի»: Ասիկա Արիոսի և Նեստորի աղանդներուն դէմ գրուած բանաձեւն է, որոնք կ'աղաւաղէին աստուածային համագոյութիւնը, և որուն մէջ կը շեշտուէր թէ՝ Քրիստոսի և Սուրբ Հոգւոյ աստուածութեան մերժումը մեծագոյն մոլորութիւն է և կը տանի կորստեան: Այս նզովքը այսօր շատ մը եկեղեցիներու մէջ զեղջուած է:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ