Որոնել

Khor Virap Monastery | Монастырь Хор Вирап

Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (79)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Նիկիոյ առաջին տիեզերական ժողովին:

ՀԹ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Նիկիոյ առաջին տիեզերական ժողովին:

Դ. դարուն, երբ քրիստոնէութիւնը դարձաւ Հռովմէական կայսրութեան մէջ տիրապետող կրօն, հանգամանքները փոխուեցան: Եկեղեցիները, քաղաքական իշխանութեան աջակցութիւնը եւ պաշտպանութիւնը ստանալով, կարողացան ազատ կերպով կայսերական հրովարտակներով ընդհանուր ժողովներ կազմել, միութիւնը ամրացնել եւ ընդհանուր կանոններ սահմանել բոլոր եկեղեցիներու համար։

Կոստանդիանոսի, Թէոդոսի եւ Յուստինիանոսի աջակցութիւնը եւ պաշտպանութիւնը եկեղեցիին տուաւ արտաքին քաղաքական ուժ։ Արդարեւ, Նիկիոյ առաջին տիեզերական ժողովը համաքրիստոնէական նշանակութիւն ունեցաւ: Ըստ հինգերորդ դարու Եկեղեցւոյ պատմաբան Սոկրատ Կոստանդուպոլսեցիին՝ պատմութեան առաջին ժողովը տիեզերական կոչուեցաւ, որովհետեւ գումարուեցաւ հռոմէական հսկայական կայսրութեան տարածքին գտնուող քրիստոնեայ Եկեղեցիներու 1800 բարձրաստիճան հոգեւորականներու գլխաւորութեամբ 325 թուականի Մայիսի 20-ին, Մեծն Կոստանդին կայսրի (306-337) հրաւէրով եւ փակուեցաւ Յուլիսի առաջին շաբաթներուն։

318 թիւը՝ մասնակցող պատուիրակներու ընդունուած պաշտօնական թիւն է: Իւրաքանչիւր պատուիրակ իր հետ կրնար բերել երկու քահանայ եւ երեք սարկաւագ, գրագիր դպիրներ եւ ծառայողներ, հետեւաբար ներկաներու թիւը աւելի էր: Եկեղեցւոյ դաւանանքը կ’ունենայ իր բանաձեւը. «Աստուած մարդացաւ, մարդոց փրկութեան» համար: Եպիսկոպոսներու մեծ մասը Արեւելան ծագում ունեցողներ էին, մօտ քսանը՝ Եգիպտոսէն և Արեւմտեան Ափրիկէէն, եւս յիսունը՝ Պաղեստինէն եւ Ասորիքէն, իսկ հարիւրէն աւելին՝ Փոքր Ասիայէն։ Հինգ եպիսկոպոսներ կը մասնակցէին Արեւմուտքէն։

Հայաստանէն հրաւէր ունէր չարչարալից եւ խոստովանող Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետը, բայց իր փոխարէն ժողովին ներկայ եղաւ իր որդին՝ Արիստակէս Հայրապետը։ Ժողովը տեղի ունեցած է կայսերական պալատին մէջ, նստարանները շատ հաւանաբար պալատի պատերու ամբողջ երկայնքով էին։ Եպիսկոպոսները նստած էին դէմ դիմաց կարգով, անոցմէ իւրաքանչիւրին ետեւը նստած էին անոնց քահանաները, սարկաւագները, գրագիրները եւ ծառաները։ Նիկիոյ կայսերական պալատին մէջ հաւաքուած բոլոր մասնակիցներու թիւը կը տատանուէր 1200-էն մինչեւ 1900 մասնակիցներու միջեւ։

Ժողովը նախապատրաստողը և նախագահողը եղած է Յովսիոս Քոտուպացի եպիսկոպոսը (357 մահացած), որ պատկառելի տարիքի եւ մեծայարգ հոգեւորական հայր էր, եւ խորհրդատու Կոստանդին կայսեր։ Ուղղադաւան վարդապետութեան կարեւոր դէմքերէն էին, Աթանասիոս Աղեքսանդրացին (որ այդ օրերուն սարկաւագ էր), Մակարիոս Երուսաղէմացին, Եւստակիոս Անտիոքացին, Սպիրիտոն Տրիմիտուսացին (Կիպրոս), Նիկողայոս Զմիւռնացի հայրապետը, Մարկելոս Անկիւրացին, Պապնիտիոս Տեպեցին (Եգիպտոս), Յովհաննէս Արեւելցին (Պարսկաստան) եւ 200 այլ եպիսկոպոսներ։ Նիկիոյ Ժողովը որոշեց Ս. Զատկի հարցը լուծել եւ միաւորել արեւելեան եւ արեւմտեան սովորոյթները։ Եւ որպէսզի չնոյնացուի Հրէական պասէքի տօնին հետ, ի մտի ունենալով ժամանակի հրէական օրացոյցի անկանոնութիւնը, ժողովը որոշեց Զատիկը տօնել գարնան գիշերահաւասարին յաջորդող, առաջին լիալուսնին յաջորդող կիրակի օրը։ Ժողովը հաստատեց նաեւ Եկեղեցւոյ կեանքը կարգաւորող 20 կանոններ, որոնք կը վերաբերին Եկեղեցւոյ կազմակերպման ու կառուցուածքին, աղօթքի պահուն ծունկի գալու հարցը եւ այլն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/02/2026, 08:04