Որոնել

Khor Virap Monastery | Монастырь Хор Вирап

Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (78)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Անտիոքեան եւ Աղեքսանդրեան աստուածաբանական դպրոցներուն:

ՀԸ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Անտիոքեան եւ Աղեքսանդրեան աստուածաբանական դպրոցներուն: 

Առաջին դարերուն Եկեղեցւոյ առաքելահիմն հաւատքը փորձաքարի զարնող առաջին հարուածը եկաւ գնոստիկեան աղանդէն: Քրիստոսի անձին սահմանումը շեղեցաւ իր իսկական ըմբռնումէն` այդ օրերու տարբեր ու սխալ մտածողութիւններու ազդեցութեամբ: Պատճառն այն էր թէ ոմանք նիւթեղէն աշխարհը եւ մարդու մարմինը կը նկատէին չարի աղբիւր: Ուստի, Քրիստոսի մարդեղութիւնը (մարդանալը` մարմին առնելը եւ մեզի յայտնուիլը) անկարելի կը գտնէին: Ընդհանրական Եկեղեցին բնականաբար հակազդեց այս վտանգին եւ ոգի ի բռին անխաթար պահպանեց Քրիստոսի անձին Նոր Կտակարանեան ճշմարիտ հասկացողութիւնը` շեշտելով Քրիստոսի կատարեալ Աստուած, կատարեալ մարդ եւ մէկ անձ ըլլալը:

Երրորդ դարուն քրիստոսաբանական հարցը լայնօրէն քննարկուեցաւ Աղեքսանդրեան աստուածաբանական աւանդութեան մէջ: Քրիստոսի անձին միութիւնը շեշտուած կէտը եղաւ մարդեղութեան վարդապետութեան, ընդգծելով երկու բնութեանց միութիւնը: Իսկ Անտիոքեան աստուածաբանութեան աւանդութեան մէջ, գլխաւոր ուղղութիւնը Քրիստոսի երկու բնութեանց տարբերակումը եղաւ: Յիսուս երեւութապէս մարդ չէ եղած այլ իրապէս, ստանալով ոչ միայն մարդկային մարմին, այլեւ մարդկային հոգի եւ միտք։ Հետեւաբար հարցը այն էր, թէ ինչպէ՞ս պէտք էր բացատրել աստուածայինին եւ մարդկայինին միանգամայն ներկայութիւնը Քրիստոսի անձին մէջ:

Ինչպէ՞ս Աստուած մարդանալով` Աստուած կը մնար, մարդ մնալով նոյն ատեն: Անտիոքեան եւ Աղեքսանդրեան դպրոցները գաղափարական պայքարի մէջ գտնուեցան: Երկուքին շեշտադրումները կը տարբերէին իրարմէ: Անտիոքեանը` սուրբ Գիրքի բառացի և պատմական մեկնութեան կը հետեւէր, մինչ Աղեքսանդրեանը` այլաբանական և խորհրդաբանական մեկնութեան: Այս երկու դպրոցներէն շրջանաւարտ վարդապետներ եւ հայրապետներ հակընդդէմ ուժեր եղան, պայքարեցան իրենց կարծիքը յառաջ տանելու համար, եւ այդ պատճառով ալ Եկեղեցին այս երկու դպրոցներու ազդեցութեանց ենթարկուեցաւ: Արդարեւ, Աղեքսանդրեան ու Անտիոքեան դպրոցներու գաղափարական հակամարտութիւնը նաեւ հիմնական դրդապատճառը եղաւ Տիեզերական ժողովներու գումարման: 

Նիկիոյ ժողովէն շատ առաջ եղած են Եկեղեցւոյ սուրբ հայրեր, ինչպէս՝ Իգնատիոս Անտիոքացի հայրապետ (35-107), Իրինէոս կամ Երանոս հայրապետ (130-200), Տերտուղիանոս հայրապետ (155-240) եւ Կղեմէս Աղեքսանդրացին (150-215), որոնք պաշտպանած են Որդի Աստուծոյ կամ Քրիստոսի աստուածային յաւիտենական բնոյթը, այլ ոչ թէ սովորական մահկանացու մարդ կամ ստեղծուած։ Հայ Եկեղեցին` իր նախնական շրջանին, կրած է Անտիոքի դպրոցին ազդեցութիւնը. Գրիգոր Լուսաւորիչ կը ստանայ Հայաստանի կաթողիկոսի տիտղոսը Կեսարիոյ մետրապոլիտէն, որ կախում ունէր Անտիոքի Պատրիարքական Աթոռէն։ Առաջին հայ վարդապետները Անտիոք մեկնած են իրենց աստուածաբանական ուսումները կատարելագործելու համար։

Նոյնպէս յետագային, Մեսրոպ Մաշտոց եւ Սահակ կաթողիկոս իրենց ուսումը առած են Անտիոքի մէջ, ինչպէս նաեւ իրենցմէ վերջ` իրենց աշակերտները։ Հայ Եկեղեցին կ'ընդունի նաեւ Կիւրեղեան-Աղեքսանդրեան դպրոցին ուղղափառ վարդապետութիւնը, զոր Քրիստոսը կը ճանչնայ միանգամայն կատարեալ Աստուած եւ կատարեալ մարդ՝ անխառն միութեամբ: Աստուծոյ Որդին մարդեղութեամբ իսկական մարմին առաւ, «ճշմարտապէս եւ ո՛չ կարծեօք», մարդկութեան փրկութեան համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/02/2026, 08:00