2023.03.18   San Cirillo di Gerusalemme

Սուրբ Կղեմէս Ա. Հայրապետի թուղթը Կորնթացիներուն

Պատրաստեց` Մխիթարեան Ուխտէն Հայր Համազասպ Քէշիշեան
Ունկնդրէ

Ապաշխարեցէ՛ք

Մեր աչքերը Քրիստոսի արիւնին վրայ սեւեռենք եւ հասկնանք, թէ որքա՜ն թանկագին է Աստուծոյ՝ իր Հօր առջեւ. անիկա թափեցաւ մեր փրկութեան համար եւ ամբողջ աշխարհին պարգեւեց ապաշխարութեան շնորհքը։

Քննենք աշխարհի բոլոր ժամանակները եւ պիտի տեսնենք, որ ամէն սերունդի մէջ ալ Տէրը ապաշխարելու առիթ եւ ժամանակ տուած է բոլոր անոնց, որոնք ուզեցին  դէպի իրեն դառնալ։ Նոյը ապաշխարութեան քարոզիչն էր, եւ անոնք որ լսեցին իրեն՝ փրկուեցան։ Յովնանը աւեր քարոզեց նինուէացիներուն, եւ անոնք, քաւելով իրենց մեղքերը, աղօթքներով մեղմացուցին Աստուծոյ բարկութիւնը եւ հասան փրկութեան, թէպէտ եւ Աստուծոյ ժողովուրդին չէին պատկաներ։

Երբեք չպակսեցան աստուածային շնորհքի սպասաւորները, որոնք Սուրբ Հոգիով ներշնչուած ապաշխարութիւն քարոզեցին։ Նոյնինքն ամէն բանի Տէրը խօսեցաւ ապաշխարութեան մասին՝ երդումով հաստատելով. «Կենդանի եմ ես,– կ’ըսէ Տէրը,– չեմ ուրախանար մեղաւորին մահով, այլ աւելի լաւ է որ ան ապաշխարէ»։

Ան նաեւ կ'աւելցնէ բարութեամբ լեցուն խօսքեր. «Հեռացի՛ր քու մեղքերէդ, ո՛վ տուն Իսրայէլի։ Ըսէ՛ իմ ժողովուրդիս որդիներուն. եթէ նոյնիսկ ձեր մեղքերը երկրէն մինչեւ երկինք հասնին, եթէ ըլլան որդան կարմիրէն աւելի բոսոր եւ քուրձէն աւելի սեւ, բաւական է որ դուք ամբողջ սրտով դառնաք դէպի ինծի եւ զիս «Հա՛յր» կանչէք, եւ ես ձեզի հետ պիտի վարուիմ ինչպէս սուրբ ժողովուրդի մը հետ ու պիտի լսեմ ձեր աղօթքը»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/02/2026, 09:29