Որոնել

2025.03.01 Il paradiso perduto, cacciata dal paradiso di Adamo ed Eva

Եկեղեցական Գիտելիքներ Քառասնորդաց Բ. Շաբաթ. Յիշատակում Ադամի դրախտէն արտաքսման։ ( 22 Փետրուար_ 1 Մարտ 2026)

Կիրակի օրուայ աւետարանին մէջ Յիսուս կը խօսի օրէնքի մասին։ Ինք չեկաւ ջնջելու հաստատուած օրէնքը, այլ զայն կատարելագործելու։ Մովսէս ինքիրմէ չի դրաւ օրէնքները, այլ Աստուծոյ ներշնչումով շարադրեց զանոնք. Սակայն զգուշանալու է օրէնքները տառացի կերպով գործադրելէ առանց նկատի առնելու օրէնքի հոգին, որ կը կայանայ Քրիստոսի աշխարհ բերած նորութեան մէջ. Սիրել ընկերը իր անձին պէս։
Ունկնդրէ լուրը

Քառասնորդաց Բ. շաբաթ կը յիշատակենք Ադամ եւ Եւայի արտաքսումը երկրաւոր դրախտէն։ Արդէն վարագոյրը որ կը քաշուի խորանին առջեւ կը խորհրդանշէ թէ մարդիկ, նման իրենց նախահօր` Ադամի, դուրս կը մնան Տիրոջ բնակութենէն եւ արժանի չեն ըլլար զինք տեսնելու յայտնապէս, մինչեւ որ քաւեն իրենց մեղքերը 40 օրերու ընթացքին եւ ապաշխարանքով արդարացած` արժանի ըլլան վերստին տեսութեան մեր Տիրոջ Յիսուս-Քրիստոսի, որ պատրաստ է միշտ ընդունելու մեղաւորը եւ անոր շնորհելու նոր կեանք` խորհուրդներու միջոցաւ։

Կիրակի օրուայ աւետարանին մէջ Յիսուս կը խօսի օրէնքի մասին։ Ինք չեկաւ ջնջելու հաստատուած օրէնքը, այլ զայն կատարելագործելու։ Մովսէս ինքիրմէ չի դրաւ օրէնքները, այլ Աստուծոյ ներշնչումով շարադրեց զանոնք. Սակայն զգուշանալու է օրէնքները տառացի կերպով գործադրելէ առանց նկատի առնելու օրէնքի հոգին, որ կը կայանայ Քրիստոսի աշխարհ բերած նորութեան մէջ. Սիրել ընկերը իր անձին պէս։

Շաբաթ 28 Փետրուարին` տօնն է Կիւրեղի Երուսաղէմի հայրապետին. Ան ծնած է Երուսաղէմ 315 թուին, եւ քահանայ ձեռնադրուած` 345-ին։ 5 տարի ետք` 350 թուականին կ՛ընտրուի Երուսաղէմի պատրիարք։ Կը պայքարի գլխաւորաբար արիոսականներուն դէմ, ինչպէս նաեւ կը հակառակի Յուլիանոս ուրացող կայսեր, որ զինք աքսորել կու տայ։ Կը տօնուի նաեւ միւս Կիւրեղը որ հրեայ մըն էր եւ որ կատարեց խաչին գիւտը Հեղինէ թագուհիին ժամանակ։ Ինք եւ մայրը` Աննա քրիստոնեայ դարձան ու Յուլիանոսի ժամանակ չարաչար կերպով նահատակուեցան։

Կիրակի 1 Մարտը, Քառասնորդաց Գ. Կիրակին՝ Անառակի կիրակի է։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/02/2026, 08:28