«GO! Franciscan Youth Meeting». Եւրոպացի երիտասարդները պիտի համախմբուին Ասիզիի մէջ՝ 2026-ի Օգոստոսին
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկեան յոբելենական տարուած ծիրէն ներս, Սսսիզի քաղաքը կը պատրաստուի հիւրընկաել հազարաւոր երիտասարդներ Եւրոպա ցամաքամասի տարբեր անկիւններէն։ «GO! Franciscan Youth Meeting» խորագիրը կրող միջազգային այս հաւաքը տեղի պիտի ունենայ 2026-ի Օգոստոս 3-էն 6-ը, նպատակ ունենալով վերաժեւորել Սուրբ Ֆրանչիսկոսի պատգամը՝ աղօթքի, երկխօսութեան եւ տօնախմբութեան ընդմէջէն։
Հանդիպման առանցքը. 800-ամեակ եւ եղբայրութիւն
Այս նախաձեռնութիւնը յատկնշական է իր թուականով, քանի որ կը զուգադիպի Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզիի մահուան 800-ամեակին։ Հաւաքը բաց է 18-էն 33 տարեկան բոլոր երիտասարդներուն համար՝ ըլլան հաւատացեալ թէ ոչ, ստեղծելով միջավայր մը, ուր կարելի է քննարկել կեանքի հիմնական հարցերը համընդհանուր եղբայրութեան ոգիով։
Յայտագիրը. Աշխատանոցներ եւ «Jubil Music»
Չորս օրերու ընթացքին երիտասարդները պիտի մասնակցին տարբեր հոգեւոր եւ մշակութային ձեռնարկներու.
Օգոստոս 4-5: Քաղաքի տարբեր վայրերուն մէջ պիտի գործեն թեմաթիկ աշխատանոցներ (workshops):
Jubil Musi։ Տեղի պիտի ունենայ երգի մրցոթ՝ նուիրուած հոգեւոր եւ սրտաբուխ երաժշտութեան, որուն մրցանակաբաշութիւնը պիտի կատարուի օգոստոս 5-ի երեկոյեան։
Եզրափակիչ Սուրբ Պատարագ։ Հիգնշաբթի, 6 օգոստոսի, Սուրբ Մարիամ հրեշտակաց տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ՝ նախագահութեամբ Երուսղեմի Լատինաց Պատրիարք՝ Կարդինալ Փիեր Փապաթիսթա Փիցապալլայի։
Միասնական ճիգ եւ պարզութիւն
Միջոցառումը կը կազմակերպուի ֆրանչիսկեան երեք միաբանութիւններու, Ասիզիի քաղաքապետարանի եւ Թեմի համատեղ ջանքերով: Կազմակերպիչները յայտնած են, որ կեցութիւնը պիտի ըլլայ ֆրանչիսկեան պարզութեան ոգիով՝ օգտագործելով տեղական մարզադաշտերն ու հանրային կառոյցները, ինչ որ պիտի նպաստէ երիտասարդներու միջեւ անմիջական շփման ու համայնքային կեանքի զօրացման:
Յաւելեալ տեղեկութիւններուն եւ արձանագրութեան համար, հետաքրքուածները կրնան այցելել պաշտօնական կայքէջը՝ www.goassisi.org.
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ