ՍՈՒՐԲ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԲՆԱԲԱՆՈ՛Վ ԵՒ ՀԱՄՈԶՈՒՄՈ՛Վ...
Սուրբ Վարդանանց տօնին՝ մենք կը յիշենք այն կտրիճները, որոնք պաշտպանեցին մեր հաւատքը, դարբնեցին մեր ինքնութիւնն ու պահպանեցին մեր ազատութիւնը՝ իրենց բոսոր արիւնով գրելով փառաւոր էջ մը Հայ Եկեղեցիին տարեգրութեան եւ Ազգին պատմութեան մէջ։
Թող Սուրբ Վարդանանց նահատակութիւնը լոյս ըլլայ մեր ճամբուն վրայ եւ ամրացնէ մեր հաւատարմութիւնը հոգեւոր ու տոհմային արժէքներուն, որքան ալ փորձութիւնները եւ մարտահրաւէրներն ըլլան մեծ ու զօրաւոր։
Հետեւաբար, մենք կռանուի՛նք Ս. Վարդանանց ու Ս. Ղեւոնդեանց բնաբանով. «Այս հաւատքէն մեզ ո՛չ մէկը կարող է հեռացնել մեզ՝ ո՛չ հրեշտակները եւ ո՛չ մարդերը, ո՛չ սուրը եւ ո՛չ հուրը, ո՛չ ջուրը եւ ո՛չ ալ այլ դառն հարուած:
Մեր ամբողջ ինչքն ու հարստութիւնը քու ձեռքդ են, եւ մեր մարմինները քու առջեւդ են. քու կամքիդ համաձայն ըրէ՛, ինչ որ կ’ուզես: Եթէ մեզ ձգես այս հաւատքին մէջ, ո՛չ երկրին վրայ ուրիշ տէր կ’ընդունինք քեզմէ զատ եւ ո՛չ ալ երկնքին մէջ ուրիշ Աստուած՝ Յիսուս Քրիստոսի փոխարէն, Որմէ բացի չկայ ուրիշ Աստուած»:
Եզրակաբար, մենք համոզու՛ինք Ս. Վարդանանց ու Ս. Ղեւոնդեանց հետ, «որ եթէ անմահ ալ ըլլայինք եւ պէտք է մեռնէինք Քրիստոսի սիրոյն համար, արժան էր. որովհետև Ան ալ անմահ էր, բայց այնչափ սիրեց մեզ, որ մինչեւ իսկ յանձն առաւ մահը, որպէսզի մենք ալ Անոր մահով փրկուինք յաւիտենական մահէն:
Եթէ Ան իր անմահութեան չխնայեց, մենք, որ մեր կամքով մահկանացու եղանք, մեր կամքով ալ կը մեռնինք Անոր սիրոյն համար, որպէսզի Ան ալ յօոժարութեամբ ընդունի մեզ իր անմահության մէջ:
Կը մեռնինք իբրեւ մահկանացուներ, որպէսզի Ան ընդունի մեր մահն իբրեւ անմահներուն մահը»:
Պէյրութ, Ժըթաուի, 12 Փետրուար 2026
Աղբիւրը` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ