Որոնել

Գեր. Հայր Անտոն Վրդ. Սարոյեան Գեր. Հայր Անտոն Վրդ. Սարոյեան 

Վախճանեցաւ Գեր. Հայր Անտոն Վրդ. Սարոյեան (1947-2026)

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքութիւնը եւ Զմմառու Միաբանութիւնը կը գուժեն երկարամեայ վաստակաշատ հոգեւորական Գեր. Հայր Անտոն Վրդ. Սարոյեանի վախճանումը, որ պատահեցաւ 11 Փետրուար 2026-ին, Կլէնտէյլի մէջ: Հանգուցեալ վարդապետի հոգեհանգստեան պաշտօնը պիտի կատարուի Կիրակի, 15 Փետրուարին, Զմմառու Մայրավանքի մէջ, իսկ յուղարկաւորութեան մանրամասնութիւնները պիտի յայտարարուին մարմնոյն Լիբանան փոխադրութենէն ետք:
Ունկնդրէ լուրը

«Ես եմ Յարութիւնն ու Կեանքը»

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողկիկէ Հայոց Պատրիարքութիւնը

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութիւնը

սրտի խոր կսկիծով ու յուզմունքով կը գուժեն Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան անդամ՝ Գեր. Հայր Անտոն Վրդ. Սարոյեանի վախճանումը, որ պատահեցաւ Կլէնտէյլ, Միացեալ Նահանգներ, չորեքշաբթի, 11 Փետրուար 2026-ին:

Կենսագրական գիծեր

Հայր Անտոն Վրդ. Սարոյեան աւազանի անունով Անթուան, ծնած է Դամասկոս 11 Սեպտեմբեր1947-ին:

Յաճախած է Յոյն Կաթողիկէ վարժարան:

1959-ին ընդունուած է Զմմառու Մայրավանքի նորընծայարան, ուսկից՝ բարձրագոյն ուսումներ ստանալու համար ղրկուած է Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան 1966-ին:

13 Հոկտեմբեր 1985-ին ստացած է սարկաւագութեան աստիճան:

26 Հոկտեմբեր 1985-ին, ձեռնադրուած է քահանայ Դամասկոսի մէջ:

1985-1986՝ եղած է ժողովրդապետ Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ «Թագուհի Տիեզերաց» եկեղեցւոյ:

1986-1987՝ եղած է անդամ եկեղեցական Ատեանի:

1986-1988՝ Փոխ Ժողովրդապետ Հայ Կաթողիկէ «Ս. Փրկիչ» եկեղեցւոյ, Պուրճ Համուտ:

1990-1992՝ Ներքին Մատակարար Զմմառու Մայրավանքի:

Եղած է Տնօրէն Աղաճանեան Սանուց Տան, Այնճար:

1992-1995՝ Ժողովրդապետ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ, Մարսէյլ:

1995-1997՝ Մեծաւոր Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանի:

1998-2005՝ Ժողովրդապետ «Սուրբ Վարդան» Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ, Տիթրոյթ:

2005-2010՝ Ժողովրդապետ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ, Կլէնտէյլ:

Յուղարկաւորութեան թուականի ու ժամի յայտարարութեան մասին աւելի ուշ կը տեղեկացնենք հանրութեան մինչեւ տեղի ունենան փոխադրութեան գործողութիւնները դէպի Լիբանան։

Մեր աղօթքները կը բարձրացնենք առ ամենակալն Աստուած հայցելով Ս. Հոգիին մխիթարութիւնները հոգելոյս վարդապետին հարազատներուն եւ Միաբանակից եղբայրներուն։

Աղօթենք, որ Տէրը նորանոր Քահանայական կոչումներ հայթայթէ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան եւ Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետութեան։

Կիրակի 15 Փետրուար 2026-ին, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Զմմառու Մայրավանքի մայր Եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ ձայնաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին։

Խո՛ւնկ եւ աղօ՛թք անոր անմահ յիշատակին։

Զմմառ, 13 Փետրուար 2026

Դիւան՝

ԶՄՄԱՌՈՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԿՂԵՐԻ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/02/2026, 07:02