Եւրոպայի եպիսկոպոսները կը պահանջեն յատուկ համակարգող՝ հակաքրիստոնէական ատելութեան դէմ պայքարի համար
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Եւրոպական Միութեան Եպիսկոպոսաց համագումարը (COMECE) ջերմօրէն ողջունեց Սթրասպուրկի Խորհրդարանի վերջին բանաձեւը, որ կոչ կ’ընէ Եւրոպական Յանձնաժողովին նշանակելու յատուկ համակարգող մը՝ պայքարելու համար քրիստոնէութեան։
Ըստ վերջին տուեալներուն, քրիստոնէութիւնը կը հանդիսանայ աշխարհի ամենահալածուած կրօնը. աւելի քան 380 միլիոն հաւատացեալներ կ’ենթարկուին տարբեր տեսակի հալածանքներու։
Եպիսկոպոսները կ’առաջարկեն օգտագործել «հակաքրիստոնէական ատելութիւն» եզրոյթը փոխան «քրիստոնեայաֆոպիա» բառին,
Ասիկա ո՛չ միայն Եւրոպայի մէջ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող գործիքներուն հետ (ինչպէս օրինակ՝ իսլամական համայնքներու պաշտպանութեան համար նախատեսուածները) շարունակականութիւնը ապահովելու համար է, այլ նաեւ՝ խուսափելու համար սոյն նախաձեռնութիւնը վիճայարոյց «ֆոպիա» հասկացողութեան հետ զուգակցելէ։»
Համակարգողին դերը. Նոր պաշտօնեան պիտի զբաղի Եւրոպայի մէջ քրիստոնէական համայնքներուն դէմ ուղղուած խտրանքի, անհանդուրժողականութեան եւ բռնութեան դէպքերու արձանագրութեամբ ու կանխարգիլմամբ։
Հրատապ անհրաժեշտութիւն. 2025-ի Նոյեմբերին, COMECE-ի փոխնախագահ գերպ. Չեսլաւ Քոզոնը շեշտած էրԵւրոպական անմիջական հաստատութենական գործողութեան կարեւորութիւնը։ Նմանապէս, 2026-ի Յունուարին, Լեւոն ԺԴ Պապը մատնանշած էր քրիստոնեաներու դէմ ուղղուած «նուրբ խտրանքի» ձեւերը, որոնք կը տարածուին նոյնիսկ այն երկիրներուն մէջ, ուր անոնք մեծամասնութիւն կը կազմեն (Եւրոպա եւ Ամերիկա)։
COMECE-ի խորհրդատու Ալեսանտրօ Քալքանիօն կոչ ուղղեց Եւրոպական Միութեան «չվախնալու քաջարի քայլեր առնելէ»՝ պաշտպանելու համար հաւատացեալները տգիտութենէն եւ ատելութենէն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ