Վենեզուելա. Եպիսկոպոսներ Վենեզուելա. Եպիսկոպոսներ 

Վենեզուելայի եկեղեցին կը պահանջէ ժողովրդավարութեան վերականգնում եւ արդարութիւն

Վենեզուելայի եպիսկոպոսաց դասը կոչ ուղղեց երկրին մէջ վերականգնելու ժողովրդավարութիւնն ու արդարութիւնը՝ շեշտելով ժողովրդային ինքնիշխանութեան յարգումն ու քաղաքական բանտարկեալներու անյապաղ ազատ արձակումը։ Եկեղեցին կողմնակից է ներառական ներման օրէնքի մը եւ ազգային հաշտութեան, որպէսզի երկիրը կարենայ աղօթքով եւ միասնականութեամբ յաղթահարել մարդկային ու քաղաքական ներկայ ճգնաժամը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վենեզուելայի եպիսկոպոսաց դասը, իր 125-րդ Լիագումար Ժողովի աւարտին, հանդէս եկաւ պատգամով մը՝ կոչ ուղղելով երկրին մէջ վերականգնելու ժողովրդավարութիւնը, ընկերային արդարութիւնը եւ ազգային հաշտութիւնը։ Եպիսկոպոսները շեշտեցին, որ երկրի ապագան պէտք է հիմնուած ըլլայ ժողովրդային ինքնիշխանութեան յարգանքին եւ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան վրայ։

Յենելով Եսայի մարգարէի «Քու լոյսդ արշալոյսի նման պիտի ծագի» խօսքին վրայ, Եպիսկոպոսները յայտնեցին, որ 2026-ի յունուար 3-ի իրադարձութիւնները արմատապէս փոխած են երկրի քաղաքական ու ընկերային դիմագիծը։ Թէեւ այդ դէպքերը միջազգային իրաւունքի խախտում նկատուեցան շատերու կողմէ, սակայն Եկեղեցին զանոնք կը դիտէ որպէս դուռ՝ դէպի ժողովրդավարացման նոր հեռանկարներ։

Քահանայապետական յորդոր եւ ինքնիշխանութիւն

Վենեզուելայի Եպիսկոպոսաց Համագումարը իր յայտարարութեան մէջ արձագանգեց Լեւոն ԺԴ Պապի պատգամին։ Սրբազան Քահանայապետը յունուար 4-ի իր «Հրեշտակ Տեառն» աղօթքի ընթացքին շեշտած էր, որ վենեզուելացի ժողովուրդի բարօրութիւնը պէտք է գերադասուի ամէն տեսակ շահերէ՝ կոչ ուղղելով դադրեցնել բռնութիւնը եւ յարգել երկրի ինքնիշխանութիւնը։

Եպիսկոպոսները յատուկ կերպով մատնանշեցին 28 Յուլիս 2024-ի նախագահական ընտրութիւններու թափանցիկութեան պակասը, նշելով, որ ժողովուրդի կամքը անտեսուած է՝ արդիւնքներու մանրամասն հրապարակման բացակայութեան պատճառով։ Անոնք պահանջեցին անկախ դատական համակարգ եւ վստահելի ընտրական մարմիններ։

Մարդկային տագնապ եւ համերաշխութիւն

Եկեղեցին իր զօրակցութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք կը տառապին ներկայ ճգնաժամէն.

Քաղաքական բանտարկեալներ: Կոչ ուղղուեցաւ անյապաղ ազատ արձակել բոլոր անոնց, որոնք իրենց գաղափարներուն համար զրկուած են ազատութենէ։

Գաղթականներ: Միլիոնաւոր մարդիկ ստիպուած լքած են հայրենիքը՝ փնտռելով աւելի լաւ կեանք։

Աղքատութիւն: Պահանջուեցաւ քարիւղի արդիւնաբերութեան հասոյթները յատկացնել աշխատավարձերու բարելաւման եւ ոչ թէ կուսակցական շահերու։

Վենեզուելլայի եպիսկոպոսաց դասը կը վերահաստատէ բոլորին մարդկային եւ քաղաքացիական իրաւունքներու երաշխաւորման կարեւորութիւնը՝ յիշեցնելով, որ անհատի արժանապատուութեան հանդէպ յարգանքը ազգի խաղաղ եւ կայուն յառաջդիմութեան հիմքն է։ Անոնք կը շեշտեն այն օրէնքներու չեղարկման անհրաժեշտութիւնը, որոնք կը սահմանափակեն հիմնարար իրաւունքները, յատկապէս անոնք՝ որոնք կը վերաբերին արտայայտութեան ազատութեան, ազատ քուէարկութեան եւ քաղաքացիական կազմակերպութիւններու գործունէութեան։ Դրական կը համարեն այն իրողութիւնը, որ ազատութենէ զրկուած որոշ անձեր արձակուած են քաղաքական պատճառներով կամ իրենց գաղափարներու ազատ արտայայտման համար, եւ կը վերահաստատեն իրենց կոչը՝ բոլոր քաղաքական բանտարկեալներու ամբողջական ազատ արձակման համար։ Աւելին, անոնք կը զօրակցին ընդհանուր, լայնածաւալ եւ ներառական ներման օրէնքի մը վաւերացման, որպէս վճռորոշ քայլ դէպի հաշտութիւն եւ ժողովրդավարական համակեցութիւն։»

Դէպի հաշտութիւն

Վենեզուելլայի եպիսկոպոսները պատգամը աւարտեցին հաշտութեան հրաւէրով։ Եկեղեցին կողմնակից է «Ընդհանուր ներման օրէնքի» մը, որպէսզի երկիրը կարենայ թօթափել ատելութիւնն ու վրէժխնդրութիւնը։ Անոնք յորդորեցին հաւատացեալները՝ Մեծ Պահքի ընթացքին աղօթքով եւ եղբայրութեամբ զօրացնել ազգային միութիւնը՝ յուսալով, որ արդարութեան արշալոյսը շուտով պիտի ծագի Վենեզուելայի վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/02/2026, 07:40