2023.09.09 XXIII Domenica del Tempo ordinario A

Եղբայարական սէր. Պատրաստեց` Մխիթարեան Ուխտէն Հայր Համազասպ Քէշիշեան

Ունեցածէդ բան մը զոհէ անոնց համար որ քեզմէ աւելի քիչ բան ունին։ Առատաձեռն եղիր աղքատին ու հիւանդին հանդէպ։ Գիտցիր տեսնել շուրջդ գտնուող կարօտեալները որոնք քու օգնութիւնդ կ'ակնկալեն։ Մասնակցէ բարեգործական հաստատութեան մը գործունէութեան որ մերձաւորիդ կարիքները կը հոգայ։ 10. Աղօթէ՛ բոլորին համար, նաեւ թշնամիներուդ։ Այսպէսով պիտի ճանչնան քեզ՝ Քրիստոսի արժանաւոր հետեւորդը։

1. Յարգանք ունեցիր ամէն մարդու հանդէպ, որովհետեւ անոր մէջ Քրիստոս կ'ապրի. հասկցող եղիր բոլորին հետ, որովհետեւ եղբայրներդ են։

2. Բոլորին մասին լաւը մտածէ, եւ բնաւ գէշ ոեւէ մէկու նկատմամբ։ Բոլոր մարդոց մէջ որոնք հետդ կ'առնչուին, ջանա՛ լաւը տեսնել նոյնիսկ անոր մէջ որ քեզի վատ մարդ կը թուի ըլլալ։

3. Բոլորին մասին լաւ արտայայտուէ եւ բնաւ մերձաւորիդ մասին մի՛ բամբասեր. Ջանա՛ սրբագրել այն սխալները որ խօսքերդ պատճառած են։ Երբե՛ք բաժանումներ մի՛ յարուցաներ, այլ միացուր խօսքով ու սրտով։

4. Բոլորին հետ հաղորդակցիր սիրոյ լեզուով. Ձայնդ չբարձրացնե՛ս, գէշ բան չխօսի՛ս, անհամութիւններու պատճառ չըլլա՛ս, լացի պատճառ չըլլաս։ Բոլորի՛ն սէր եւ բարութիւն հաղորդէ։5. Ներէ բոլորին ամէն բան որ գործած են քեզի հանդէպ։ Սրտիդ մէջ ոխ մի՛ պահեր։ Եղիր միշտ եղբօրդ հետ հաշտուելու առաջին քայլն առնողը։

6. Միշտ այնպէս գործէ՝ որ ըրածներդ օգտակար ըլլան ուրիշներուն։ Բարին գործէ բոլորին նկատմամբ։ Այնպէս վարուէ ուրիշներուն հետ՝ ինչպէս որ դուն կ'ուզես անոնք հետդ վարուին։ Մի՛ մտածեր այնքան այն բանին մասին՝ որ ուրիշները քեզի կը պարտին, որքան այն բաներուն վրայ՝ որ դուն կը պարտիս անոնց։

7. Ջերմապէս վշտակից եղիր եղբայրներուդ սուգին ու ցաւերուն։ Ամենայն փութով պատրաստ եղիր յորդորելու, օգնելու, ինչպէս նաեւ սրտիդ բարիքները բանալու անոնց որոնք օգնութեանդ կարիքն ունին։

8. Գործէ՛ իբր պատուական մարդ, որպէսզի մարդիկ վայելեն աշխատանքիդ պտուղը, ինչպէս որ դուն կը վայելես ուրիշներու աշխատանքէն։

9. Ունեցածէդ բան մը զոհէ անոնց համար որ քեզմէ աւելի քիչ բան ունին։ Առատաձեռն եղիր աղքատին ու հիւանդին հանդէպ։ Գիտցիր տեսնել շուրջդ գտնուող կարօտեալները որոնք քու օգնութիւնդ կ'ակնկալեն։ Մասնակցէ բարեգործական հաստատութեան մը գործունէութեան որ մերձաւորիդ կարիքները կը հոգայ։ 10. Աղօթէ՛ բոլորին համար, նաեւ թշնամիներուդ։ Այսպէսով պիտի ճանչնան քեզ՝ Քրիստոսի արժանաւոր հետեւորդը։

ՍՏԵՖԱՆ ՎԻՇԻՆՍՔԻ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/02/2026, 08:00