Եպիսկոպոսները կոչ կ'ընեն միջազգային ընտանիքին՝ վերջ դնելու Սուրբ Երկրի մարդկային աղէտին
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Եւրոպացի եւ Արեւմտեան Ամերիկայի եպիսկոպոսներու «Սուրբ Երկրի Համակարգում» (Holy Land Coordination - HLC) առաքելութիւնը աւարտեց իր տարեկան ուխտագնացութիւնը Սուրբ Երկիր: Այս տարուան այցելութիւնը տեղի ունեցաւ ծանր պայմաններու տակ, ուր եկեղեցականները մօտէն հաղորդակից դարձան պատերազմի եւ բռնութեան հետեւանքով յառաջացած «ահաւոր հոգեկան տագնապներուն»:
Անտեսուած տառապանք եւ բռնութիւն
Իրենց եզրափակիչ հաղորդագրութեան մէջ եպիսկոպոսները դառնութեամբ նշեցին, որ Յորդանան գետի Արեւմտեան Ափի բնակչութիւնը կը գտնուի յուսահատութեան եւ վախի մէջ: Մասնաւորաբար, Թայպէ քրիստոնէական գիւղի եւ Խան ալ-Ահմարի պետուիններուն հետ հանդիպումներէն ետք, ուխտաւորները վկայեցին հրեայ բնակեցուողներու կողմէ կատարուող անդադար յարձակումներուն, գոյքերու քանդման եւ հողերու բռնագրաւման մասին:
«Երբ հարցուցինք իրենց, թէ արդեօք ո՞վ կը լսէ ձեր ձայնը, անոնք պատասխանեցին՝ ոչ ոք մեզ կը տեսնէ», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Մարդկային աղէտ եւ քաղաքական կոչեր
Եպիսկոպոսները Կազայի կացութիւնը որակեցին որպէս «աղէտալի մարդկային ճգնաժամ»: Անոնք վերահաստատեցին Իսրայէլի՝ խաղաղութեան մէջ ապրելու իրաւունքը, բայց միեւնոյն ատեն պահանջեցին նոյն իրաւունքներու յարգումը նաեւ պաղեստինցիներուն համար: «Սուրբ Երկրի համակարգում»-ը կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին եւ իրենց կառավարութիւններուն՝ ճնշում բանեցնելու Իսրայէլի վրայ, որպէսզի յարգուի միջազգային օրէնքը եւ վերսկսին «երկու պետութիւն» լուծման ուղղուած բանակցութիւնները:
Տեղական եկեղեցւոյ ձայնը
Ուխտագնացութիւնը նաեւ առիթ մը եղաւ զօրակցելու Լատինաց Պատիրարք, կարդինալ Փիերպաթիսթա Փիցապալլայի հրաւէրին։ Եպիսկոպոսները կոչ ըրին հաւատացեալներուն չլքելու Սուրբ Երկիրը եւ շարունակեուլ ուխատագնացութիւնները՝ որպէս սիրոյ եւ համերաշխութեան գործնական նշան։
Յայտարարութիւնը կը փակուի քրիստոնէական առաքելութեան յիշեցումով. «Մեր կոչումն ու պարտականութիւնն է ձայն տալ անպաշտպաններուն եւ վկայել անոնց արժանապատուութեան մասին»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ