Որոնել

VENEZUELA-US-CONFLICT-CRISIS

Վենեզուելլայի եպիսկոպոսները կ՛աղօթեն Երկրին բարօրութեան, միութեան եւ խաղաղութեան համար

Երկրին մէջ ծաւալող իրադարձութիւններու լուսին ներքոյ Վենեզուելլայի եպիսկոպոսները պատգամ յղած են բնակչութեան՝ Աստուծմէ հայցելով որ «բոլոր վենեզուելացիներուն շնորհէ հանգստութիւն, իմաստութիւն և ուժ» և զօրակցութիւն յայտնած են «վիրաւորներուն» և «մահացածներու ընտանիքներուն»։ Եպիսկոպոսները բնակչութիւնը կը հրաւիրեն «աւելի խոր կերպով ապրելու յոյսը» և աղօթելու խաղաղութեան համար։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

«Յարատեւենք աղօթքի մէջ ի նպաստ միութեան» այս է Վենեզուելլայի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի պատգամը` ուղղուած Աստուծոյ ժողովուրդին ի տես Երկրին մէջ տեղի ունեցածին։

«Մեր երկրին մէջ այսօր տեղի ունեցող իրադարձութիւններու լոյսին ներքոյ մենք Աստուծմէ կը խնդրենք որ բոլոր վենեզուելացիներուն շնորհէ հանգստութիւն, իմաստութիւն և ուժ», - կը գրեն եպիսկոպոսները Քարաքասի վրայ ԱՄՆ-ի կողմէ նախագահ Տոնալտ Թրամփի հրամայած յարձակումէն յետոյ՝ որով նախագահ Մատուրոյին և անոր կինը ձերբակալուեցան անոնց դէմ մղուած թմրանիւթերու ապօրինի շրջանառութեան և ահաբեկչութեան մեղադրանքով ։

Աղօթել սրտի եւ ընկերութեան խաղաղութեան համար

Եպիսկոպոսները ապա իրենց զօրակցութիւնը կ՛արտայայտեն վիրաւորներուն ու մահացածներու ընտանիներուն հրաւիրելով բնակչութիւնը «աւելի խոր կերպով ապրելու յոյսը եւ սրտերուն ու ընկերութեան մէջ խաղաղութեան ի սպաս ջերմեռանդ աղօթքը»։

«Մենք կը մերժենք որեւէ բռնութեան արարք» կը յայտարարեն եպիսկոպոսները, որ ապա կը քաջալերեն «հանդիպումի» եւ «փոխադարձ աջակցութեան» արարքները, մաղթելով որ «որոշումները կայացուին ի նպաստ բնակչութեան բարօրութեան։ Անոնք ապա Քորոմոթոյի Սուրբ Կոյսէն կը հայցենք որ ընկերանայ բոլորի ուղեւորութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/01/2026, 18:21