2026.01.19 Casa Bianca Washington White House

ԱՄՆ բարոյական դերը աշխարհին մէջ՝ քննութեան ներքոյ․ Կարդինալներ Գուփիչ, ՄըքԷլրոյ եւ Թոպին

Ներշնչուած Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Պապի՝ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն ուղղած պատգամէն, Չիքակոյի, Ուաշինկթընի եւ Նեվարքի Արքեպիսկոպոսները հրապարակած են Համատեղ յայտարարութիւն, որով վեր կ՛առնեն Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան բարոյական հիմքերուն շուրջ ընթացող խորացող բանավէճը եւ կը զգուշացնեն բեւեռացման ու քանդիչ քաղաքականութիւններու վտանգներէն։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Ներշնչուած Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Պապի՝ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն ուղղած պատգամէն, Չիքակոյի, Ուաշինկթընի եւ Նեվարքի Արքեպիսկոպոսները հրապարակած են Համատեղ յայտարարութիւն, որով վեր կ՛առնեն Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան բարոյական հիմքերուն շուրջ ընթացող խորացող բանավէճը եւ կը զգուշացնեն բեւեռացման ու քանդիչ քաղաքականութիւններու վտանգներէն։

ԿԱՐԴԱՑԷ՛Ք ՀԱՄԱՏԵՂ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԲՆԱԳԻՐ ԵՒ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՏԱՐԲԵՐԱԿՈՎ.

Բեւեռացման եւ քանդիչ քաղաքականութիւններու վտանգները

Յայտարարութեան մէջ ի մասնաւորի կը նշուի, որ «Ամերիկայի գործողութիւններուն բարոյական հիմքերու վերաբերեալ ներկայ բանավէճը ամենախորն է Սառը Պատերազմի աւարտէն ի վեր։

Ապա՝ յղում կը կատարուի «Վենեզուելայի, Ուքրանիոյ եւ Կրենլանտի մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն», որոնք «հիմնարար հարցադրումներ բարձրացուցած են ռազմական ուժի գործածութեան, խաղաղութեան իմաստի եւ միջազգային իրաւակարգի ապագային վերաբերեալ վերաբերեալ»։

Այս ծիրին մէջ երեք Ծիրանաւորները կը շեշտեն, որ «ազգային շահի եւ հասարակաց բարիքի միջեւ հաւասարակշռութիւնը կը ներկայացուի խիստ բեւեռացուած ձեւերով»։ Աւելին, կը նշուի թէ՝ «աշխարհին մէջ չարին դիմակայելու, կեանքի իրաւունքը եւ մարդկային արժանապատուութիւնը պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ կրօնական ազատութիւնը խթանելու հարցերուն մէջ ԱՄՆ բարոյական դերը ենթակայ է քննութեան» եւ որ «արդար եւ կայուն խաղաղութեան կառուցումը իջեցուած է կուսակցական դասակարգերու մակարդակի, որոնք կը քաջալերեն բեւեռացում եւ քանդիչ քաղաքականութիւններ»։

Լեւոն ԺԴ․ կողմէ առաջարկած բարոյական կողմնացոյցը

Յայտարարութիւնը ներշնչուած է Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Պապի՝ Յունուար 9-ին Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական անձնակազմին ուղղած պատգամէն։ Երեք Կարդինալները կը վկայակոչեն Պապին զգուշացումները աշխարհի մէջ բազմակողմանի հաստատութիւններու տկարացման եւ ուժի վրայ հիմնուած դիւանագիտութեան տարածման, ուր «խաղաղութիւնը կը հետապնդուի զէնքերու միջոցաւ՝ որպէս սեփական տիրապետութիւնը հաստատելու պայման»։

Արքեպիկոպոսներ Քուփիչ, ՄըքԷլրոյ եւ Թոպին այս խօսքերը կը նկատեն «միջազգային յարաբերութիւններու համար իսկապէս բարոյական հիմք» եւ «մնայուն բարոյական կողմնացոյց՝ յառաջիկայ տարիներուն ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան ուղին որոշելու համար»՝ շեշտելով միաժամանակ «միջազգային օժանդակութեան անհրաժեշտութիւնը՝ մարդկային արժանապատուութեան հիմնական տարրերը պաշտպանելու համար։

Պատերազմէն հրաժարում

Առ այդ, երեք Կարդինալները կոչ կ՚ուղղեն հրաժարելու պատերազմէն որպէս նեղ ազգային շահերու գործիք՝ ընդգծելով, որ ռազմական ուժի գործածութիւնը պէտք է դիտել միայն որպէս վերջին միջոց՝ ծայրայեղ իրավիճակներու մէջ։

Ծիրանաւորները կը պաշտպանեն արտաքին քաղաքականութիւն մը, որ կը յարգէ մարդկային կեանքի իրաւունքը, կրօնական ազատութիւնը եւ մարդկային արժանապատուութիւնը ամբողջ աշխարհին մէջ, յատկապէս միջազգային տնտեսական ու մարդասիրական օժանդակութեան միջոցաւ։

Այսօրուան դրութեամբ, կ’եզրափակեն անոնք, «ամերիկեան քաղաքականութեան բարոյական հիմքերուն շուրջ մեր Երկրի բանավէճը կը տառապի բեւեռացումէ, կողմնակալութենէ եւ սահմանափակ տնտեսական ու հասարակական շահերէ։ (…) Յառաջիկայ ամիսներուն պիտի քարոզենք, ուսուցանենք եւ պաշտպանենք, որպէսզի՝ այս բանավէճը աւելի բարձր մակարդակի վրայ բարձրացնելու Լեւոն ԺԴ․ Պապի առաջարկած տեսանկիւնը, իրականութիւն դառնայ»։

Յայտարարութիւնը ստորագրած երեք Կարդինալները

Յայտարարութիւնը ստորագրած Կարդինալ Պլէյզ Ժոզէֆ Քուփիչը՝ Չիքակոյի Արքեպիսկոպոսը, կը ղեկավարէ Միացեալ Նահանգներու ամենամեծ թեմերէն մէկը՝ շուրջ 2 միլիոն հաւատացեալներով եւ դպրոցներու ու հասարակական ծառայութիւններու ընդարձակ ցանցով։

Կարդինալ Ռոպըրթ ՄըքԷլրոյը՝ Ուաշինկթընի Արքեպիսկոպոսը, կը ծառայէ աւելի քան 600,000 հաւատացեալներու՝ ԱՄՆ մայրաքաղաքին եւ Մերիլենտի մէջ։

Մինչ, Կարդինալ Ժոզէֆ Ուիլիամ Թոպինը՝ Նեվարքի Արքեպիսկոպոսը, պատասխանատու է Նիւ Ճըրսիի հիւսիսային հատուածին մէջ ապրող շուրջ 1,3 միլիոն կաթողիկէ հաւատացեալներու համայնքին համար՝ բազմաթիւ թեմերով, դպրոցներով եւ կրթական ու հասարակական ծառայութեան նուիրուած հաստատութիւններով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/01/2026, 10:00