2022.01.14 Settimana preghiera unità cristiani

Հռոմ. Թեմական համամիութենական հսկում` Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան առիթով

2026 տարուայ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան առիթով Հռոմի թեմը եւս կազմակերպած է աղօթքի եւ հսկումի զանազան ձեռնարկներ որոնց կիզակէտը պիտի հանդիսանայ հինգշաբթի 22 Յունուարին նախատեսուած «Թեմական համամիութենական հսկումը» որ տեղի պիտի ունենայ Սանթա Լուչիա ժողովրդապետութեան մէջ մասնակցութեամբ Հռոմի մէջ ներկայութիւն ունեցող քրիստոնեայ այլ յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ինչպէս յայտնի է ամէն տարի 18 Յունուարին սկիզբ կ՛առնէ քրիստոնեաներու Միութեան աղօթքի շաբաթը, որ կը տեւէ մինչեւ 25 Յունուար եւ որուն ընթացքին սովորութիւն է ընդհանրապէս, որ եկեղեցիները կազմակերպեն համամիութենական աղօթքներ եւ հանդիպումներ, որոնց ընթացքին ի յայտ կը դրուին քրիստոնեայ եկեղեցիներուն հարստութիւնը ու միութեան մէջ անոնց բազմազանութիւնը։

2026 տարուայ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան առիթով Հռոմի թեմը եւս կազմակերպած է աղօթքի եւ հսկումի զանազան ձեռնարկներ, որոնց կիզակէտը պիտի հանդիսանայ` հինգշաբթի 22 Յունուարի երեկոյեան նախատեսուած «Թեմական համամիութենական հսկումը» որ տեղի պիտի ունենայ Սանթա Լուչիա ժողովրդապետութեան մէջ մասնակցութեամբ Հռոմի մէջ ներկայութիւն ունեցող քրիստոնեայ այլ յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներուն։

Աղօթքը պիտի գլխաւորէ Հռոմի Թեմի տեղակալ Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Պալտօ Ռէյնան մինչ հսկումին քարոզը յանձնուած է Գերաշնորհ Տէր  Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանին` Էջմիածնի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը Սուրբ Աթոռի մօտ։

2026-ի Քրիստոնեաներու Միութեան համար աղօթքի շաբթուան աղօթքներն ու ուղեցոյցը պատրաստուած են Սուրբ Էջմիածնի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգատարութեամբ:

Աղօթքներն ու խորհրդածութիւնները ներշնչուած են հայկական հոգեւորութեան հնագոյն աւանդութիւններէն, եկեղեցական օրհներգերէն եւ ծիսական գիրքերէն, որոնք կը հրաւիրեն քրիստոնեաները սնուիլ այս միասնական հոգեւոր ժառանգութենէն՝ Քրիստոսի մէջ հաղորդութիւնը խորացնելու համար։

Հռոմի Թեմի համամիութեան եւ միջկրօնական երկխօսութեան գրասենեակի վարիչ Գերապ. Մարքօ Նեաւի այս առիթով շեշտեց հայկական հոգեւորութեան խորութիւնն ու հնութիւնը՝ յիշեցնելով, որ Հայաստանը 301 թուականին քրիստոնէութիւնը ընդունեց որպէս պետական կրօն։

Կեդրոնական թեման լոյսն է, որ յիշուած է Նիկիական Հաւատամքի մէջ («Լոյս՝ Լոյսէն»), որպէս յոյսի նշան։

Աղօթքի շաբաթը, հետեւաբար, կոչ է միութեան՝ միասին ճամբայ ելլելու առանց մոռնալու սեփական արմատները, քանի որ աշխարհը կարիքը ունի միութեան եւ խաղաղութեան վկաներու՝ Լեւոն ԺԴ. Պապի Վարդապետութեան համաձայն, որ խաղաղութիւնը կը կապէ քրիստոնեաներու եւ ժողովուրդներու միջեւ միութեան որոնման հետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/01/2026, 11:04