Որոնել

Յորդանանի ափերուն, Սուրբ Պատարագ Յորդանանի ափերուն, Սուրբ Պատարագ 

Յորդանանի ափերուն. Աղօթք վասն խաղաղութեան

Յորդանան գետի ափին գտնուող Յիսուսի Մկրտութեան սրբավայրին մէջ, շուրջ երեք հազար հաւատացեալներ եւ եկեղեցական առաջնորդներ միասնաբար աղօթեցին Սուրբ Երկրի, Կազայի եւ Երուսաղէմի խաղաղութեան համար: Գերապայծառ Իյատ Թուալ շեշտեց մկրտութեան հոգեւոր խորհուրդը եւ յոյս յայտնեց, որ այս տարին կ’ըլլայ վերաշինութեան ու արդար խաղաղութեան ժամանակաշրջան մը բոլորին համար:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Յորդանան գետի արեւելեան ափին գտնուող Յիսուսի Մկրտութեան վայրին մէջ՝ Ալ-Մաղթաս, տեղի ունեցաւ 26-րդ տարեկան ուխտագնացութիւնը, որուն մասնակցեցան շուրջ երեք հազար հաւատացեալներ Յորդանանի տարբեր շրջաններէն։ Արարողութեան ներկայ էին նաեւ պապական նուիրակ Ճովաննի Տալ Թոզոն եւ տարբեր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս՝ Յոյն-Մելքիթ, Մարոնի, Քաղդէական, Ասորի եւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիներէն ու մասնաւոր աղօթքներ բարձրացուեցան Երուսաղէմի, Կազայի ժողովուրդին եւ ամբողջ Սուրբ Երկրին համար։

Ուխտագնացութեան ծիրէն ներս Յորդանանի Պատրիարքական փոխանորդ Գերապայծառ Իյատ Թուալը նախագահեց Սուրբ Պատարագը՝ Յորդանան գետի ջուրով օրհնելով հաւատացեալները։ Արտասանած քարոզին մէջ բացատրեց, որ մկրտութիւնը պարզ արտաքին ծէս մը չէ, այլ սկիզբն է հաւատքի անձնական ճանապարհի մը, որ կ՝առաջնորդէ դէպի խորուն հոգեւոր փորձառութիւնը։ Գեր. Թուալը յորդորեց մշտական յանձնառութիւն ունենալ իսկական հոգեւոր արժէքներուն հանդէպ՝ մատնանշելով այն ինչ որ որակեց որպէս «մեծ վտանգը». Ըլլալ Աստուծոյ մօտիկ, բայց չկարենալ զԱյն տեսնել, ինչպէս պատահեցաւ Հերովդէսի, օրէնսգէտներուն եւ քահանայապետներուն պարագային։

Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, գերպ Թուալ նշեց որ ներկան յատկանշուած է «նոր կեանք մը վերակառուցելու իրական վճռականութամբ», այն յոյսով, որ ընթացիկ տարին կրնայ իրապէս վկայել տեւական, արդար եւ համապարփակ խաղաղութեան մը եւ այն մաղթանքով, որ ուխտաւորները կարենան վերադառնալ Սուրբ Երկիր՝ վերականգնելով անցեալի բազմաթիւ թիւերը՝«Յորդանանի ջուրերով օրհնուելու համար»։ Յորդանանի Պատրիարքական փոխանորդ Գերապայծառ Իյատ Թուալը նշեց, որ ուխտագնացութիւնը՝ եկեղեցւոյ օծման մէկ տարեդարձին առթիւ, նաեւ պատեհութիւն մըն է հաւատացեալներու հոգեւոր կապերը ամրապնդելու համար։

Յիսուսի Մկրտութեան Եկեղեցին

Յիսուսի Մկրտութեան եկեղեցին, որ կը գտնուի Ալ-Մաղթասի մէջ՝ ծանօթ որպէս Բեթանիա՝ Յորդանանի միւս կողմը, վայր մըն է՝ հաստատուած երեք բիւզանդական եկեղեցիներու գոյութեամբ, ուխտաւորներու վկայութիւններով։ Անիկա Միջին Արեւելքի ամենամեծ եկեղեցիներէն մէկն է եւ տարի մը առաջ օծուած էր հանդիսաւոր արարողութեամբ մը՝ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի եւ Երուսաղէմի Լատին Պատրիարք Կարդինալ Փիերպաթիսթա Փիցապալլայի ներկայութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/01/2026, 08:00