2026 Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթուան աղօթքները պատրաստուած են Հայ Եկեղեցւոյ կողմէ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
2024 թուականի հոկտեմբերին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Քրիստոնեաներու միութեան համար 2026-ի աղօթքի շաբաթուան ուղեցոյցը պատրաստելու համար պատասխանատու միջազգային յանձնախումբի հաւաքը։
Արդարեւ այս տարի Քրիստոնեաներու միութեան խթանման Վերատեսչութեան և Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կողմէ համատեղ խթանուած աշխատանքը` վստահուեցաւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ միջկրօնական յարաբերութիւններու վարչութեան, որ համակարգած է տեղական համամիութենական խումբ մը, մշակելու համար շաբաթուան աղօթքները։
Վերոնշեալ այս լուրը կը կարդանք Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանման Վերատեսչութեան կայքէջին վրայ` Քրիստոնեաներու Միութեան Աղօթքի շաբթուան մասին հրապարակուած տեղեկատւութեան մէջ, ուր ապա լայնօրէն անդրադարձ կը կատարուի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մասին զայն ներկայացնելով «քրիստոնեայ ամենահին հասարակութիւններէն մին», որուն արմատները կը գտնուին առաքեալներու քարոզութեան ժամանակ եւ որ 301-ին Հայաստանը դարձուց աշխարհի առաջին պետութիւնը որ Քրիստոնէութիւնը հռչակեց որպէս Պետական կրօն։
Կը նշուի նաեւ, որ դարերու ընթացքին Եկեղեցին եղաւ ոչ միայն հոգևոր ուղեցոյց, այլեւ հայ ինքնութեան, լեզուի և մշակոյթի պահապանը։ Այսօր եւս Եկեղեցին կը շարունակէ կեդրոնական դեր մը ունենալ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, նուիրելով հոգեւոր աջակցութիւնը ու խթանելով ընկերային, դաստիարակչական եւ բարեսիրական ձեռնարկներ։ Միեւնոյն ժամանակ Ան յանձնառու է միջ կրօնական եւ համամիութենական երկխօսութեան ուղիով համագործակցելով այլ Քրիստոնեայ Եկեղեցիներու հետ ու գործնական մասնակցութիւնը բերելով Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի կեանքին։
2026 Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթուայ նախապատրաստութիւնը, այսպիսով, կը ներկայացնէ ոչ միայն աստուածաբանական ներդրում, այլեւ կենդանի վկայութիւն Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ համամիութենական կոչումի մասին, որ կոչուած է ըլլալու հաւատքի, միութեան և յոյսի նշան` ամբողջ քրիստոնեայ հասարակութեան համար։
Այս տարուայ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան բնաբանը քաղուած է Սուրբ Պօղոսին Եփեսացիներուն ուղղած նամակէն «Մէկ է մարմինը, մէկ է հոգին- ինչպէս մէկ է յոյսը, որուն Աստուած ձեզ կոչեց» (Եփեսոս 4,4)։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ