Հայ Եկեղեցին ազգային դիմադրողականութեան, մշակութային ժառանգութեան և հոգևոր ուժի խորհրդանիշ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Քրիստոնեայ աշխարհը` ամէն տարի, Յունուար 18-25 երկարող ութօրէքը կը նուիրէ Քրիստոնեաներու միութեան ի սպաս աղօթքի։
Սոյն սովորութեան ծագումը վերագրուած է բողոքական եւ անկլիքան եկեղեցիներու պատկան երկու կղերականներու` անգլիացի Սփենսէր Ժոնսը եւ Ամերիկացի Փոլ Ժէյմս Ֆրանսիս Ուաթսոնը, որոնք 1907-ին սկիզբ տուած են սոյն աւանդութեան, որ աւելի ուշ որդեգրուած է նաեւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ եւ 1948-ին` «Եկեղեցիներու միութենական խորհուրդի» ստեղծումէն ետք դարձած է համամիութենական աղօթքի շաբաթ, որուն ընթացքին համայն քրիստոնեաները կ՛աղօթեն եկեղեցիներու միութեան ու անոնց դէպի Քրիստոս դարձին համար։
Յունուար 18-25 երկարող ութօրէքը նուիրուած Քրիստոնեաներու միութեան ի սպաս աղօթքի
18 եւ 25 թուականներու ընտրութիւնը առաջարկուած է վերապատուելի Փոլ Ուաթսոնի կողմէ` 1908 թուականին, նկատի առնելով Սուրբ Պետրոսի գահին տօնը` 18 յունուարին եւ Սուրբ Պօղոսի դարձի տօնը` 25 Յունուարին։ Թէեւ բոլորը չեն որ այս թուականները կը յարգեն եւ շատ մը եկեղեցիներու մէջ, Միութեան համար աղօթքը կը կատարուի Պենտեկոստէի տօնի շրջանին։
Այս տարուայ աղօթքի շաբթուան աղօթքները պատրաստուած են Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ կողմէ եւ որպէս բնաբան ունին «Մէկ է մարմինը, մէկ է հոգին- ինչպէս մէկ է յոյսը, որուն Աստուած ձեզ կոչեց» (Եփեսոս 4,4)։
Աղօթքի ուղեցոյցի նա.խաբանին մէջ կը կարդանք հետեւելաը
Գրեթէ երկու հազարամեակ շարունակ Հայ Առաքելական Եկեղեցին, որ ճանչցուած է որպէս աշխարհի ամենահին քրիստոնէական համայնքներէն մէկը, հիմնարար դեր խաղացած է հայ ժողովրդի հոգևոր և պատմական ինքնութեան առաջնորդութեան գործին մէջ: Հիմնադրուած 4-րդ դարուն սկիզբը, որուն արմատները կը հասնին մինչև առաքելական դարաշրջան, այս պատուարժան հաստատութիւնը կը գերազանցէ պարզ կրօնական կազմակերպութիւնը. ան ազգային դիմադրողականութեան, մշակութային ժառանգութեան և հոգևոր ուժի խորհրդանիշ է: Հոգևոր առաջնորդութիւն մատուցելէն բացի, Եկեղեցին պահպանած է հայկական աւանդոյթները, լեզուն և արժէքները, յատկապէս մեծ դժուարութիւններու և օտարերկրեայ տիրապետութեան ժամանակաշրջաններու ընթացքին: Իսկ վերջին ժամանակներուն, յատկապէս այնպիսի խնդիրներու պայմաններուն մէջ, ինչպիսիք էր Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը և Արցախի բնակչութեան տեղահանութիւնը, Եկեղեցին կը շարունակէ մնալ ուժի և մխիթարութեան աղբիւր հայերուն համար: Այսօր ան հաւատքի, միութեան և շարունակականութեան փարոս է ամբողջ աշխարհի հայերուն համար և քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուայ ընթացքին մտորելու նիւթ տրամադրած է, զոր կարելի է բաժնեկցիլ համայն քրիստոնէական համայնքին հետ միասին։
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ պատմական հիմքերը
Նախաբանին մէջ լայնօրէն անդրադրաձ կատարուած է նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ պատմական հիմքերու մասին ու նաեւ անոր «եզակի» աւանդութիւններու եւ մշակութային ինքնութեան մասին, յատուկէն շեշտը դնելով Եկեղեցւոյ հայութեան կեանքին մէջ ունցած կարեւոր դերակատարութեան վրայ։ Նախաբանին վերջին հատուածը նուիրուած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ համամիութենական կապերու եւ այդ ուղղութեամբ ընդհանուր յանձնառումին։
Համամիութեան ի սպաս յանձնառում
Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ համամիութենական նուիրումը կը տարածուի քրիստոնէութիւնէն անդին, ինչը կը դրսևորուի այլ կրօններու, օրինակ՝ իսլամական կրօնի հետ միջկրօնական երկխօսութեան նախաձեռնութիւններով: Այս երկխօսութեան նախաձեռնութիւնները նպաստած են խաղաղութեան և փոխ ըմբռնման, յատկապէս կրօնական բազմազանութեամբ և պատմական լարուածութեամբ յատկանշուած տարածաշրջաններուն մէջ: Այս հոգիով Հայ Եկեղեցին իր ներդրումը ունեցած է կրօնական հանդուրժողականութեան, շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան և ընկերային արդարութեան վերաբերեալ միջազգային բանավէճերուն մէջ՝ արտացոլալով իր նուիրումը սիրոյ, կարեկցանքի և յարգանքի արժեքներուն, նույնիսկ չափազանց բարդ աշխարհի մը մէջ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ